Կազմակերպութեամբ հալէպահայ երկրորդական չորս վարժարաններուն, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Մակար Սրբ․ Արք. Աշգարեանի, Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ին Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան «Զ․ Գաբրիէլեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցի ոգեկոչումը։

Ներկայ էին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ Հայր Մանուկ Աբղ. Գալաճեան, Կիլիկեան ճեմարանի, Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարանի, Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի եւ Կրթասիրաց-Սարգիս Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները, ուսուցիչները, վարչական պատասխանատուները եւ տնօրէնները։

Բացման խօսք արտասանեցին աշակերտուհիներ՝ Անի Պուղուրեան եւ Աննա Գրտանեան, որոնք դիտել տուին, որ մեր ինքնութեան ճանաչումն ու արդար դատի հետապնդումը պայքարի հիմնաքարերն են ու մեր ուսերուն դրուած պատասխանատուութիւն։

Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ <<Յուշարձան>> բանաստեղծութեամբ, զոր ասմունքեց Կիլիկեան ճեմարանէն՝ Շիրազ Խոշաֆճեան։ Ետքը աշակերտուհիներ՝ Ալիսիա Գասապեան, Վանա Զաքարեան, Բալիկ Մարգէեան եւ Գարլա Աթաշեան ասմունքեցին Ժագ Յակոբեանէն,Գէորգ Էմինէն եւ Վահան Թէքէեանէն բանաստեղծութիւններու համադրում մը։

Գեղարուեստական յայտագրին ընթացքին աշակերտները մերթ ընդ մերթ կը շեշտէին, որ մենք՝ որպէս հայ եւ քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին ազգ, հայ եկեղեցւոյ ապաւինած պիտի շարունակենք պայքարիլ գոյատեւել եւ փիւնիկի նման, կրկին վերապրելու, յաղթահարելով Սփիւռքի մարտահրաւէրները։

Քարէն Եփփէ Ազգ․ ճեմարանէն փունջ մը աշակերտներ նուագեցին Կոմիտասի <<Գարուն Ա>>-ն։ Մինչ Լազար Նաճարեան,Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդր․ վարժարանի աշակերտներէն խումբ մը՝ նուագեցին Խաչատուրեանի <<Անտանթինօ>>-ն։
Ապա այլ աշակերտներ <<Պիտի Պաշտպանեմ>> երգով փակեցին գեղարուեստական յայտագիրը։

Օրուան բանախօսն էր հայերէնաւանդ ուսուցչուհի, մեթր Մարիա Գաբրիէլեան, որ յաւուր պատշաճի խօսք ներկայացուց՝ կեդրոնանալով Արեւմտահայաստանին ու մեր ինքնութեան վրայ, եւ թէ ի՛նչ պէտք է ընել որպէս աշակերտ կամ կրթական մշակ պահելու մեր ինքնութիւնը եւ նպաստելու Հայ Դատի աշխատանքներուն։

Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Հոգշ. Տէր Արմէն Աբղ. Գալաճեան, որ խրախուսեց ներկաները վերանորոգելու մեր ուխտը եւ ճանչնալու մեր ինքնութեան արմատները։ Ան յայտնեց, որ յիշելը միայն անցեալին անդրադառնալ չէ, այլ ապագան կերտելու որոշումն է։ «Ապրիլ 24-ի յիշատակով ուղղենք մեր աչքերը դէպի Արարատ եւ Արցախ՝ աշխատանքով, կամքով ու ամենակարեւորը հաւատալով, որ արդարութեան պիտի հասնինք ու գոյատեւենք, իսկ այս բոլորին երաշխիքը՝ միասնականութիւնն է։
Իսկապէս ողջունելի էին դպրոցներուն միասնական աշխատանքը, կազմակերպուածութիւնն ու յարգելի ներկայութիւնը։

Ոգեկոչական հանդիսութիւնը փակուեցաւ հայր սուրբին «Պահպանիչ»-ով:

Արփի Գրտանեան