Բացայայտ է, որ Ցեղասպանութեան 111-րդ տարենշումը պիտի կատարենք ոչ միայն աշխարհաքաղաքական, այլեւ հայ աշխարհիս վիճակուած բարդ իրադրութեան մը մէջ, Հայաստանէն Սփիւռք, միջինարեւելեան ամրոցներէն մինչեւ հեռագոյն գաղութներ, որոնք երբեմն ունին ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող վտանգներ եւ ընդհանրապէս հայապահպանման պարտաւորութիւն, նաեւ Հայաստան հայրենիքին սատարելու եւ ազգային պահանջատիրութիւնը հետապնդելու սրբազան յանձնառութիւն։
Աւաղ, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները վերարտադրուելու հեւքին մէջ մտացածին «իրական Հայաստան» լոզունքով հարբած եւ յանձնուողականութեամբ՝ խաղաղութեան խաչեալին
կը վերածեն Հայաստանը, խաչմերուկի եւ անգոյ խաղաղութեան պատրանքը սին խոստումներով կը ներարկեն մեր ժողովուրդի մտածելակերպին մէջ, ուղղակի թէ անուղղակի միջոցներով՝ «հարեւաններուն» հաճոյանալու տենդով վարակուած։ Անոնք ինչպէս որ փոփոխութեան ենթարկեցին պատմութեան առարկայի կրթական ծրագրերը, հայոց պատմութիւն անուանումն ալ կրճատեցին Հայաստանի պատմութեամբ, այսօր ալ արտաքին թելադրութեամբ կը նախապատրաստուին սահմանադրութեան փոփոխութիւններու։ Անդին, «Սահմանազատման» վերնագրին տակ թաքնուած հայրենի հողերը ձեռքէ կը հանեն, իսկ «հաղորդակցական միջոցներու ապաշրջափակում» մոլորեցնող անուանումով վերահսկումէ զերծ անցքեր կը տրամադրեն թշնամի թէ օտար երկիրներու։
Օրէ օր կը կրծուին Հայաստանի գերիշխան տարածքները ու կ’ասպատակուին հողերը։ Ռազմավարական նշանակութեան դիրքեր կը գրաւուին թշնամիին կողմէ։ Երկիրը կը յայտնուի գոյութենական վտանգի առջեւ։ Կը մսխուի հողի զաւակներուն նահատակութիւնը, կ’ոտնահարուի ազգային արժանապատուութիւնը, ազգային արժեհամակարգին հաւատարիմ եւ ազգի անժամանցելի իրաւունքներուն պահանջատէր, հայաթափուած Արցախը չմոռցող ժողովուրդը պատերազմի ուրուականով, հոգեբանական ճնշման կ’ենթարկուի։
Ծրագրուած քայլերով կը կազմաքանդուին ազգային ինքնութեան կռուանները՝ բանակը կ’անշքացուի, անկախ պետականութեան բացակայութեան պայմաններու մէջ հայ անկախ ինքնութիւնը մարմնաւորած առաքելահաստատ Հայ եկեղեցին նսեմացման եւ ոտնձգութիւններու կ’ենթարկուի։ Հայրենիք-Սփիւռք միասնականութեան մէջ սեպեր կը խրուին։
Այս ենթախորքին՝
Հայ անծայրածիր Սփիւռքը, պահու պատասխանատուութեան ամբողջական գիտակցութեամբ, հակառակ իր իւրաքանչիւր շրջանի դիմագրաւած ահաւոր դժուարութիւններուն, որպէս մէկ ամբողջութիւն, հայ պետութեան դերակատարութեան այժմու նահանջին ի տես, նախաձեռնողը եւ առանցքը կը հանդիսանայ հայ ազգային գոյերթի անխափան շարունակման կենսագործումի ներուժի միաւորման։
11-12 Ապրիլ 2026-ին Փարիզ գումարուած Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովը իր խորքային տարողութեամբ ու մասնակցութեան համապարփակ երանգներով լուսաւոր իրադարձութիւն մը
կը հանդիսանայ՝ ի պաշտպանութիւն եւ հզօրացում Հայաստանի ու Սփիւռքի եւ առհասարակ հայ ազգային շահերու պահպանման ու Հայ Դատի պահանջատիրութեան։ Շատ մելան պիտի հոսի տակաւին անոր ըստ արժանւոյն ներկայացման եւ ընկալման համար։
Կը հաւատանք, որ Հայաստան- Սփիւռք ազգային համապարփակ ոազմավարութեան գոյառումն ու փոխլրացմամբ գործադրումը կը մնան ցանկալի անհրաժեշտութիւն, որուն ներուժը ունի՛ մեր ժողովուրդը, իսկ՝ կամարտայայտութիւնը պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հայ քաղաքական սերուցքին, ամէնուր եւ բոլոր ժամանակներուն։
Յուսադրուած կը մնանք, որ կարճ ժամանակ մը անց, համահունչ արձագանգը լսելի կ’ըլլայ հայրենիքէն։
Հայաստանի Հանրապետութեան ապազգայնացման եւ հայկական Սփիւռքի մաշումին վրայ դրուած գրաւները արդէն ի դերեւ դուրս գալու նախանշաններ կու տան։
Գրիգոր Տունկեան