Կամ ինչ որ կը կոչուի ան
Պատերազմը, հակառակ տասնօրեայ հրադադարին, տակաւին հեռու է աւարտելէ: Որքան ալ փորձես հասկնալ այդ պատերազմին քաղաքական, տնտեսական եւ այլ դրդապատճառները, կողովին տակ օրուան վերջաւորութեան կը մնան մահերը, հաշմուած երիտասարդութիւնը, աւերը: Չես հասկնար, իրապէ՛ս չես հասկնար ու կը մտածես՝ կ’արժե՞ն այս բոլորը շահերու համար, որոնք անցողիկ են մարդուն նման եւ մարդուն հետ:
Ինչուներու շարանը կը տանի քեզ ու կը կանգնեցնէ փակ դռան մը առջեւ, որ «չարը» կը կոչուի: Թերեւս այլ անուն ալ ունի: Ինչո՞ւ մարդիկ
կը սիրեն չարութիւնը, կը հետեւին անոր բաց աչքերով եւ կը կիրարկեն զայն, հակառակ անոր որ գիտե՛ն հետեւանքները:
Հաւանաբար որովհետեւ չարը աւելի դիւրին է, քան անոր հակառակը, ի՛նչ ալ կոչուի ան: Աւելի դիւրին է ու մանաւանդ՝ աւելի հաճելի: Այո, դիւրինին եւ հաճելիին ետեւէն շատեր կը վազեն, իյնալ-ելլելով, հետեւանքները տեսնելով, բայց միշտ հաւատալով, որ իրենք այնքա՜ն խելացի են, որ կրնան չունենալ սպասուած հետեւանքները: Բայց ինչպէ՞ս տարբեր արդիւնք սպասել հազար անգամ նոյն ձեւով կրկնուած փորձէ մը…
Չարը ի սկզբանէ, մի՛շտ ալ զբաղեցուցեր է մարդուն միտքն ու հոգին. վկայ արուեստի այն բոլոր գործերը, որոնք կը ներկայացնեն, կը վերլուծեն զայն եւ կը մտորեն անոր մասին, նկարչական թէ գրական գործերու մէջ:
«Ես իսկապէ՛ս չեմ կրնար հանդուրժել չարիքի դէմ այս ժամանակակից ներկայացումը՝ որպէս իրականութեան մէջ գոյութիւն չունեցող բան մը։ Չարը կա՛յ։ Եւ չարը հզօր է, երբեմն աւելի հզօր, քան բարին։ Ան այստեղ է։ Պէ՛տք է ընդունինք զայն եւ պայքարինք անոր դէմ: Հակառակ պարագային բոլորս ալ մութին մէջ կ’ընկղմինք», կ’ըսէ ոճիրի թագուհին իր վէպերէն մէկուն մէջ, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է չարին: Նիւթի հետաքրքրական ընտրութիւն, պիտի ըսէի:
Բայց ի՞նչ է չարը:
Որպէս հասկացողութիւն, չարը անբարոյական վարք է, կապուած այն արարքներուն, որոնք անտեղի ցաւ, տառապանք, շատ յաճախ նաեւ մահ կը պատճառեն ուրիշներուն։
Հետաքրքրական է, որ բոլոր դարերուն ալ ամէնէն հզօր, ուժեղ թոյնը… մարդուն միտքը համարուեր է: Մի՛տքը, երբ գիտես թէ ի՛նչ է ան: Միտքը, զոր կրնաս ճկել, ընել տալու համար ինչ որ կը ներշնչես անոր:
Ներշնչումի միջոցները շատ են, հոգեբանական պարզ մօտեցումէն, խօսքի հմայքէն, համոզելու կարողութենէն մինչեւ հիփնոսացում:
Ուշադրութիւն դարձուցե՞ր էք, որ մարդիկ յաճախ հպարտ են իրենց չարութեամբ, զայն շփոթելով խելացութեան կամ խորամանկութեան հետ, հասնելու համար իրենց նպատակներուն, որովհետեւ նման մարդոց համար միջոցներուն միջեւ խտրութիւն բնաւ չկայ, չէ եղած:
Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, թէ չար մարդոց IQ-ն միջակ է, յաճախ միջակէն վար նաեւ:
Միւս կողմէ ազնիւ մարդիկ բնաւ չեն յոխորտար իրենց ազնուութեամբ, յաճախ նոյնիսկ կ’անգիտանան իրենց ազնուութիւնը, բարիք ընելու իրենց մղումը:
Մեզի կը թուի, թէ չարութիւն նիւթողները տէր են մեծ, սքանչելի ուղեղի մը, երկրի վրայ սատանային արժանի ներկայացուցիչը ըլլալու: Նման կերպար մը վերջերս մեր առօրեային մէջ մտեր է, ամէն պահ հեռատեսիլին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ երեւնալով, կարեւոր որոշումներ առնելով, ինքզինքին ամէն, բայց իրապէ՛ս ամէն իրաւունք վերապահելով, մանաւանդ ինքզինքը օրէնքէն վեր համարելով… պարզապէս որովհետեւ ինքզինք տէրն ու տիրականը կը կարծէ երկրի մը, որ խորքին մէջ իրը չէ՛, ժողովուրդին
կը պատկանի… Ծանօթ կերպար է, չէ՞:
Քսաներորդ դարու պատմութեան մէջ Հիթլէր դարձաւ չարին ներկայացուցիչը: Ժամանակակից պատմութեան մէջ – եւ տակաւին քառորդ դար ապրեր ենք 21-րդ դարէն – արդէն քանի մը կերպարներ ունինք մեր աչքերուն առջեւ:
Բայց այդպէս չէ: Չարը գերմարդ չէ, որովհետեւ նուազ է քան սոսկական մարդը: Հոգեբանական ախտերով վարակուած, չ’անդրադառնար թէ ինք նուազ է քան մարդը:
Բայց ինչո՞ւ մեզ կը ներշնչէ, թէ ինք գերհզօր է… Թէ՞ արդեօք մենք ենք որ այդպէս ներշնչեր ենք մենք մեզ: Թերեւս անոր համար, որ կը վախնանք անկէ: Արաբերէն առածը կ’ըսէ՝ «Հեռացի՛ր չարէն եւ գովերգէ զայն»:
Կը վախնանք, որովհետեւ չենք մտածած անոր մասին, հետեւաբար չենք ճանչնար զայն՝ չարը, չարութիւնը:
Չարին նուիրուած ուսումնասիրութիւններ ալ կան, հաւանաբար որովհետեւ մարդիկ իրապէ՛ս կ’ուզեն հասկնալ անոր բնոյթը, էութիւնը եւ դրդապատճառները:
Լարս Սվենսըն (1970-ի ծնունդ), նորվեկիացի փիլիսոփայ մը, որ բազմաթիւ հատորներու հեղինակ է, իր 2010-ին լոյս տեսած  «Չարի Փիլիսոփայութիւն Մը» (A Philosophy of Evil) հատորին մէջ, չարի չորս տեսակներ կը թուէ՝ դիւային կամ սատանայական, գործիքային, իտէալիստական եւ յիմար չարիք (demonic, instrumental, idealistic, and stupid evil)։
Սվենսըն կ’ըսէ.
«Դիւային չարիքը չարիք է, միակ «մաքուր» չարիքն է: Գործիքային չարիքը չարիք է եսասիրական նպատակի մը համար, ինչպէս հարստանալը: Իտէալիստական չարիքը նման է գործիքային չարիքին, բայց կը կատարուի անձնուրաց նպատակի մը համար, ինչպէս աշխարհը աւելի լաւ տեղ դարձնելը: Իսկ յիմար չարիքը, հաւանաբար ամենասարսափելին, կը ծագի անգործութենէն կամ անմտութենէն»:
Our study showed that most evil artificial intelligence is actually artificial stupidity…
«Չարիքի Անդամազննութիւնը» (The anatomy of Evil) գիրքին մէջ, հոգեբոյժ Մայքըլ Սթոն կ’ուսումնասիրէ ամէնէն բիրտ եւ անխիղճ մարդասպանները, որոնց մասին մարդիկ «սատանայ» որպէս կը խօսին, եւ առաջին անգամ ըլլալով գիտական մօտեցում կը ցուցաբերէ դարերէ
ի վեր կրօնականօրէն դիտուող այս երեւոյթին:
Իր ուսումնասիրութիւնները տոքթ. Սթոն կը հիմնէ 600 ոճրագործի կենսագրութեան վրայ եւ կը հասնի այն եզրակացութեան, որ «սատանայական վարքը» 22 մակարդակ ունի, որոնք ձեւով մը կը ցոլացնեն Տանթէի Դժոխքը:
Տոքթ. Սթոն կը գտնէ թէ անհատականութեան վրայ հիմնուած երկու գլխաւոր խումբերու կը բաժնուին այդ ոճրագործները՝ մէկը նարկիզականութեամբ տառապողները, որոնք այնքան եսակեդրոն են, որ չեն կրնար իրենց զոհերուն մասին մտածել, երկրորդը՝ յարձակողական խառնուածքները, որոնք կը հաճոյանան այլ անձի մը նուաստացում, տառապանք եւ մահ պատճառելով:
Այս բոլորին պատճառը կրնայ խառնուրդ մը ըլլալ ժառանգութեան, բռնութեամբ յագեցած մթնոլորտի, հոգեկան կամ ուղեղային հիւանդութիւններու, կամ օգտագործուած դեղերու որպէս ազդեցութիւն:
Երբեմն կ’անդրադառնաս, թէ ժողովուրդներ եւս հաւաքաբար կրնան այս ախտերով վարակուած ըլլալ. ատիկա մենք՝ հայերս լաւ գիտենք:
Կը կարծէինք թէ հրեաներն ալ գիտեն, բայց ոչ…
Որո՞նք են չարութեան տասը ձեւերը, հարց կը դնես համացանցին մէջ եւ կը ստանաս հետեւեալ պատասխանը.
«Երեք ֆիզիքական չարիքներ՝ սպանութիւն, գողութիւն եւ սեռային անպատշաճ վարք, չորս բանաւոր չարիքներ՝ ստախօսութիւն, շողոքորթութիւն կամ անպատասխանատու խօսք, զրպարտութիւն եւ երկերեսանիութիւն, եւ երեք մտաւոր չարիքներ՝ ագահութիւն, զայրոյթ եւ յիմարութիւն»:
Հետաքրքրական տասնաբանեայ մը, որ շատ նման է կրօնական տասնաբանեային: Բնական է ասիկա, որովհետեւ չարը մի՛շտ եղեր է, սկիզբէն:
Այսօր պարզապէս անոր տարողութիւնը այնքան մեծցած է, որ ա՛լ տանելի չէ կարծես: Թէ՞ այդպէս էր անցեալ դարերուն ալ, ինչպէս օրինակ «100 տարուան պատերազմ»-ի ընթացքին կամ Մեծ Եղեռնի օրերուն նաեւ…
 Մարուշ Երամեան