ՊԱՏԵՐԱԶՄ

Պատերազմ մը անագորոյն,
տմարդի,
որ ապրեցանք տարիներ՝
կը կրկնուի հիմա արդէն
վերստին:

Ողջ սերունդ մը ապաքէն,
քանդում տեսած ու մոխիր,
կը տուայտի
անձրեւին տակ ռումբերու:

Գարուն է, բայց հրդեհներ
հոս կը ծաղկին միմիայն,
պայթող, ժայթքող բողբոջներու
փոխարէն՝
օճախներ են եւ անմեղներ շանթահար,
որոնք կ’իյնան՝
աշխարհի մը դէմ կուրցած,
ոճիրներու դէմ՝ անլուր,
ղեկավարներու՝ ծախուած:

9 Ապրիլ, 2026

ՄՈՒԹ ԿԱՐՄԻՐԻ ԵՐԱՆԳՆԵՐ

Կարելի չէր դիմանալ
մրգաստանի ծառերուն
թութերու բորբ հմայքին,
որոնց հիւթը կ’արիւնէր
նոր շապիկս ամառնային,
մինչդեռ անդին
քաղաքամէջի կեդրոնին,
նոյնիսկ կարգ մը մօտ թաղերուն,
պատերազմը լուռ կը լափէր
անորոշութեան,
վախի, խուճապի
եւ կորսուող երազներու
միջեւ բանտուած
տարիները մեր լաւագոյն:

Թէ նախապէս, մանկութեան,
մեզ հալածող շուներու
հաչոցները անձկութիւն
եւ կամ սարսափ կ’առթէին,
հիմա արդէն հեռարձակուած ռումբերու
ահազանգող սուլոցը
մահասարսուռ դողեր կու տար
բոլորին:

Տարիներ ետք՝
հիմա հոն եմ եւ հոն չեմ,
եւ ժամանակներ
կարծես չեն փոխուած:

Դարձեալ կը տեսնեմ,
կողք կողքի շարուած,
մթին շիրիմներ,
նոյնիսկ չեմ գիտեր
բոսորագոյն թութերու
գողտրիկ տարածքը մնա՞ց,
թէ կարմիրը անոնց մթին
վիրաւորուած, սպանուած
փոքրիկներու
մարմիններուն
կը սառի․..

8 Ապրիլ, 2026

Յարութիւն Պէրպէրեան