Ի վերջոյ կը գտնուի մեքենան ու ճամբայ կ’իյնանք։ Կ’անցնինք Լիբանան- Սուրիա սահմանը, որ մեր անցքին յաջորդ օրը կը գոցուի երկար ժամանակի մը համար։ Կը սլանանք անվերջ դաշտավայրի մէջ.  «Տեսի դաշտերն Սուրիոյ, լեառն Լիբանան եւ իւր մայրեր…»։  Չէ՛, Լիբանանի լեռներն ու մայրիները տեսնելու հաճոյքը չունեցայ, բայց ահա՛ Սուրիոյ դաշտերը։ Նախ հետաքրքրութեամբ կը դիտեմ, ապա, անտառախիտ Լոռիի լեռնաստանի զաւակ՝ անվերջ միօրինակութենէն կը ձանձրանամ։ Հետագային, հասունացումիս ու Հալէպին հետ հաշտուելուս զուգընթաց՝ սկսայ տեսնել ու գնահատել սուրիական դաշտանկարի նրբերանգներուն գեղեցկութիւնը։
Կը սլանանք այնպիսի արագութեամբ, որ մեքենայի տանիքին ամրացուած մեր ճամպրուկներէն մէկը, ազատութեան հովերէն խանդավառուած, կը թռչի, կը ճախրի օդին մէջ ու ապա կը հանգրուանի հեռու մարգերը… Ես
կը խնդամ, մինչ վարորդը (ամուսինիս ազգական) կը նայի զարմացած. ի՞նչ կայ խնդալիք։ Սա առաջին զարմանքն է, յետոյ պիտի ըլլան զարմանքներ՝ ես իրենց, իրենք իմ վարմունքներէն։ Իսկ աւելի մեծ ու մինչ այսօր յիշուող զարմանքս, ապագայ այլ երեւոյթներու հետ՝ հետք ձգեց Հալէպի հանդէպ վերաբերմունքիս վրայ։
Լոռեցին՝ լոռեցի, բայց այնչափ ալ միամիտ չէի, որ ակնկալէի բարձր պարիսպներով շրջապատուած ու եօթը դարպասներով հսկուող միջնադարեան քաղաք տեսնել, բայց… գիտեմ որ պիտի չընդունիք կարծիքս, բայց երբ բարձունքէն աչքիս առջեւ փռուեցաւ քաղաքի տեսարանը ու ամուսինս ծննդավայր հասնողի մեղմութեամբ ըսաւ. «Ահա՜ Հալէպը», ես հսկայական հիասթափութիւն ապրեցայ ու մրմնջացի՝ «Ա՞յս է Հալէպը…»։ Երկու հալէպցիները զամացած ինծի նայեցան՝ չհաւնելով ձայնիս հնչերանգը։ Բայց դուք մի՛ զարմանաք։ Նկատի ունեցէ՛ք, որ ես քաղաք- պարտէզ Երեւանէն կու գայի ու հիմա աչքիս առջեւ փռուած էր գորշ գոյնի ձանձրոյթ մը։ Որքան իջանք, այնքան տաք ու չոր օդը խեղդել սկսաւ, իսկ նեղ փողոցներու մէջէն անցնելով՝ ես չտեսայ «ճերմակ Հալէպը».  գորշութիւն համատարած, որ պիտի տարածուէր հետագայ կեանքիս քանի մը տարիներուն վրայ…։
Վեց ամիս ապրեցանք ամուսինիս հայրական տունը՝ մօր եւ եղբօր ընտանիքին հետ։ Սովորական հալէպեան ընտանիք էր, կիրթ երեխաներ, սակայն ջերմութիւն չստացայ ու չտուի։ Մարդը տարիքի բերումով չէ որ կը հասուննայ, այլ ապրած կեանքի տուած փորձառութեամբ։ Թերեւս խակութիւնս էր իմ բաժին պատճառը ու ինծի համար նոր ու արտառոց սովորութիւնները, որ չստեղծուեցաւ ջերմութիւն։ Կար նաեւ նիւթական միջավայրի կնիքը, որ խորթ էր ինծի համար։ Հոն էր ամուսինիս ծեր մայրը, որուն հանդէպ տարիներու այս հեռաւորութենէն իսկ մեղաւորութեան զգացում ունիմ։ Ջարդը տեսած, հարազատները կորսնցուցած, լռակեաց, ազնուական ու խորագէտ կին էր ան, որուն հաւանաբար յարգանքէ աւելին պէտք էր տայի, մինչդեռ մեծ եղաւ թերացումս.  ան «համալսարանական հարսին» պատմեց գաղթի ճանապարհին իր՝ դեռատի աղջնակի կրած գողգոթան։ Դեռ աչքին առջեւ էր հիւանդ, հիւծած փոքր եղբօր պատկերը- ընտանիքէն մնացած վերջինը – սակայն ինք եւս ուժասպառ՝ այլես զայն շալկել չկրցաւ.  օգնող ալ չեղաւ.  մեծեր ստիպեցին եղբայրը ձգել ճամբու եզերքը.  պէտք էր քալէին…ու իր մտքին մէջ եղբայրը հոն էր դեռ՝ փոքրիկ, հիւանդ, լքուած…։ Մեղաւորութիւնը, որ այսօր ալ կը զգամ այն է, որ չանդրադարձայ գրի առնել ու այդ ձեւով գէթ մխիթարանքի նշոյլ մը տալ իրեն։
Հազիւ քանի մը օր անց՝ ամուսինս ստիպուած էր վերադառնալ Երեւան՝ թեկնածուական աստիճանի վկայականը վերցնելու համար։ Ես մնացի «օտար» միջավայրի մէջ միայնակ, իրենցմէ կախեալ ու կարգ մը օտարոտի երեւոյթներէ ետք՝ առաւել եւս օտարացայ իրենց։
«Հայաստանցի հարսը» տեսնելու համար սկսան հիւրեր այցելել, ընդհանրապէս՝ տարիքոտ այր եւ կիներ, երբեմն՝ երեխաներով։ Ծիսակարգի տպաւորութիւն կը ձգէր վրաս այցելութեան ընթացքը։ Նախ՝ բոլորը իրարու «բարի եկաք», «բարի տեսանք» խօսքերը կը փոխանակէին, ապա կ’ըլլար ծիսական հիւրասիրութիւն, երբ տանտիկինը քիչ- քիչ կը բերէր հիւրասիրութեան տեսակները, մէկիկ- մէկիկ կը բաժնէր ներկաներուն ու ետ կը տանէր, յաջորդը բերելու համար։ Վերջինը՝ սուրճը արդէն «երթաք բարով»-ի արարողութեան նշանն էր։ Այս սովորութիւնը խիստ տարօրինակ էր ինծի, որ վարժուած էի հայաստանեան ճոխ սեղաններու՝ օրուան որ ժամուն ալ որ այցելէին իրարու։ Չկարծէք թէ կը գովեմ մէկը ու կը ժխտեմ միւսը.  բնաւ.  պարզապէս ինծի համար տարօրինակ էր, մանաւանդ որ օրեր շարունակուեցաւ։ Եւ ահա, օր մըն ալ տանտիրուհին (ներս) յայտնեց, որ մենք «փոխադարձ» այցելութիւններու պիտի երթանք։ Այդ է սովորութիւնը՝ անոնք եկած են «հարսը» տեսնելու, հիմա ալ հարսը պէտք է փոխադարձ յարգանքի այց կատարէ։ Կարծեմ թէ գացի մէկ երկու տուն ու մերժեցի շարունակել։ Ես ուրկէ՞ իմանայի, թէ գաղթէն հազիւ վաթսուն տարիներ ետք՝ կոտորակուած արեւմտահայութեան մնացորդները հոս ծուարած՝ կը ջանային պահել- պահպանել Երկրին բարքերը։ Սովետական երկրին մէջ գրեթէ հասցուցեր էին վերացնել ազգային բարքերը ու ներմուծուած էին նոր բարքեր։
Զարմացան ու հաւանաբար՝ վիրաւորուեցան ալ, բայց այլեւս համբերանք չունէի շարունակելու։ Քայլս որպէս ինքնահաւանութիւն թարգմանուեցաւ, բան մը որու պակասէն ընդհանրապէս տուժած եմ։ Նոյն արարողակարգը, նոյն խօսակցութիւնները, որոնք կենցաղէն քայլ մը չեն բարձրանար ու մանաւանդ՝ երբ տանտիկիններ վերջնագիր-կարծիքներ
կը յայտնէին մասնագիտական նիւթերու շուրջ այնպիսի համոզուածութեամբ, որ կը զարմացնէին ու կը շուարեցնէին։ Իսկ եթէ սենեակի մէջ հինգ- վեց կամ աւելի անձ կար, խօսակցութիւնները կը կատարուէին խաչաձեւ,
 կը խօսէին բոլորը միաժամանակ ու ահաւոր բարձր ձայներով։ Յատկապէս կը յոգնէի պարզագոյն միտքերը նուազագոյնը երեք անգամ կրկնելու տարածուած սովորութենէն։ Այդ առիթ եղած էր, որ յաճախ յիշէի հայաստանցիներու սրամիտ խօսք մը.  «Կրկնութիւնը գիտութեան մայրն է» ասոյթին հայաստանցին կը պատասխանէր՝ «Եւ բթամտութեան հայրը»…։ Ներողութիւն կը խնդրեմ, հիմա գիտեմ, որ պարզ ու բարի մարդիկ էին ընդհանրապէս ու այն ատեն ալ բնաւ ինքզինքս անոնցմէ վեր չէի դասեր, երբեք չեմ ունեցած ու չունիմ այդ մօտեցումը ու նուրբ զգացում ունիմ պարզ մարդոց հանդէպ, բայց այդ ամէնը յոգնեցուցիչ էր։ Ու «հայաստանցի հարսը» կամ «հարս քոյրիկը» խախտեց ընդունուած կարգը…։
Հետագային համոզումի եկայ, թէ զիրար ընդհատելով խօսելով՝ մարդիկ լռութիւնը կը լեցնեն յաճախ,  կը խօսին միայն յանուն խօսելու, քանի որ կը վախնան լռութենէ։ Զիրար լաւ ճանչցող խոր հոգիներու միջեւ կրնայ լռութիւնը տեւել։ Անդրանիկն ու Թումանեանը յաճախ կը լռէին միասին։ Որեւէ, նոյնիսկ իրենց չիմացած նիւթին մասին անպայման կարծիք յայտնելով՝ մարդիկ իրենց անձնաւորութիւնը հաստատել կ’ուզեն, եւ յաճախ լռողը անգէտի տեղ ընդունելով՝ խրատներ ալ կու տան՝ իրենց չիմացած բաներու մասին։ Այո, խրատը արեւելքի մէջ ընդունուած ու լաւ երեւոյթ է, բայց որո՞ւ եւ ե՞րբ։ Ոչ ոք ամենագէտ է, խելօք մարդը կը սորվի ամբողջ կեանքի ընթացքին, բայց տարրական կենցաղային խրատներ տալ  մարդուն՝ յարգանքի պակաս է, առաւել եւս՝ անձնական կեանքին կապուած։ Գոնէ ես, որ միշտ կարօտը ունեցած եմ խելօք խօսքեր լսելու, մինչեւ այս ուշ տարիքս խրատներ կը ստանամ, նաեւ  ինձմէ  տարիքով շատ փոքր ու քիչ փորձառութիւն ունեցողներէ.  կը լսեմ առանց առարկելու՝ տարրական քաղաքավարութենէ դրդուած։
Հետագայ դէպքերը, սակայն, կապ չունէին իմ վարմունքներուն հետ.  ի վերջոյ, ես անվերջ լռող էի։ Յստակ եղաւ, որ «ընտանիքը ընտանիքի վրայ» ապրիլ հնարաւոր չէ ու մենք է որ պիտի հեռանանք հայրական տունէն։
Առաջին կոշտ հանդիպումս էր նիւթի հետ, այնպիսի բիրտ ձեւով, որ յօդս ցնդեցան սովետական դաստիարակութեանս ու դասական գրականութեան ազդեցութիւնները։ Չեմ կրնար բնաւ պնդել, թէ բոլոր սովետական մարդիկ ոգեղէն արարածներ էին ու ինծի պէս դրամի արժէքին անտեղեակ։ Ո՛չ, բնա՛ւ, բայց այդ կնիքը իմ վրայ շատ հաստատուն եղած է։ Ծնողքս իրենց միջավայրին մէջ հասանելի արժանապատիւ կեանք կþապահովէր մեզի, առանց տունին մէջ նիւթական հարցեր քննարկելու։ Համալսարանական տարիներուս պետութեան տուած նպաստը ու ծնողքիս օգնութիւնը կար ու ես ապրած էի «երկնքի թռչուններու պէս» անհոգ։ Հաւանաբար այդ էր պատճառը նիւթի հետ այդ բիրտ շփումին տուած հսկայական հիասթափութեանս, ցաւիս։ Ուղղակի չէի կրնար երեւակայել թէ հարազատներու միջեւ ինչպիսի՛ անդունդ կրնայ ստեղծել նիւթականը, ինչպէս կրնայ դրամին նժարը ծանր կշռել մարդէն։ Ամուսինս, պարզուեցաւ, շատ ալ տարբեր չէր ինձմէ։ Երբ դիմացինը իր ընտանիքը խորհեցաւ, ամուսինս ալ… անոր ընտանիքը խորհեցաւ ու ստորագրեց ճակատագրական թուղթը։
Ամուսինիս ուսուցչական վաստակը բնաւ բաւարար չէր արդէն չորս անդամէ բաղկացած ընտանիքի ապրուստին ու տունի վարձքին։ Ինկանք անդունդ մը, որուն անունը եթէ աղքատութիւն չէ, ապա անոր եղբայրն է՝ «պատուաւոր աղքատութիւն»։ Միայն գիրքերէն ինծի ծանօթ երեւոյթ էր ան, բայց նուաստացուցիչ էութիւնը տակաւին անծանօթ էր։ Ժամանակը հաշտեցուց զիս վիճակի մը հետ, որուն պիտի չյօժարէր հալէպցի որեւէ աղջիկ, ինձմէ շատ աւելի պակաս արժանիքներ ունեցողն իսկ։ Հասկցայ, որ գիրքերը խաբած էին  ու սովետական քարոզչութիւնը ստած էր, երբ
կը ծաղրէր ու կը քննադատէր դրամատէրերը։ Հասկցայ, թէ դրամի չգոյութիւնը կը նշանակէ անվերջ զրկանք, կարիք, ցուրտ, մթութիւն, անտեսում ու նուաստացում՝ գիտակից մարդու համար։
Կարել գիտէի ու կը ջանայի կոկիկ տեսք ունենալ, բայց նիւթի պաշտամունքի աշխարհին մէջ մարդիկ յաճախ աննրբանկատ գտնուեցան ու արտաքինս անոնց իրաւունք տուաւ կասկածիլ ճաշակիս ու վիրաւորել արժանապատուութիւնս։ Ամուսինիս ազգականներէն մէկուն տունը նշանտուքի արարողութեան հրաւիրուած էինք։ Տիկիններ կը պատրաստէին սեղանը, երբ անոնցմէ մին, բազմոցին նստած ծեր կին մը, բարձրաձայն ըսաւ ինծի.  «Սա ի՞նչ կօշիկ է որ հագուեր ես, աւելի լաւը չունի՞ս»։ Այո, չունէի, կարմրեցայ։ Ներկայ տիկիններու փայլուն ու թանկարժէք հագուստներուն քով հագուստս նոյնպէս չափազանց պարզուկ էր։ Լացս հազիւ զսպեցի.  երիտասարդ կին էի վերջապէս…։ Հետագային ալ եղան նման անփափկանկատներ, բայց որ այր մարդ մը կրնար նման բան ըսել՝ չէի յուսար։ Հարսանիք էր այս անգամ, շուրջս կիներու նոյն ճոխութիւնը։ Ու յանկարծ ծանօթ տղամարդ մը անցաւ քովէս ու նետեց. «Ինչո՞ւ սեւ հագուած ես»։ Ցնցուեցայ, այո, սեւ էր, անթեւ, ու գեղեցկացնելու համար կրծքին խաչասեղ գործուածքով ծաղկեփունջ հիւսած էի.  ամսուան մը աշխատանքս չգնահատուեցաւ… Այդ ու նման քանի մը դէպքեր պատճառ եղան, որ ընդմիշտ հրաժարիմ հարսանիք, պարահանդէս ու նման տեղեր երթալէ, մանաւանդ որ հոգեկան հաճոյք մըն ալ չէի ստանար։ Ըսեմ նաեւ, որ այնուհետեւ ալ ինծի համար մահու- կենաց հարց չէ եղած կօշիկ, հագուստ- պայուսակ ու զարդարանք համադրութիւնը.  բաւարարուած եմ կոկիկ ու պատշաճ հագուած ըլլալ՝ կարողութեանս սահմաններուն մէջ։ Ի՞նչ է այս նիւթին ծանրանալու պատճառս.  պարզապէս ազատիլ տհաճ յիշողութենէ…։
Լալա Միսկարեան-Մինասեան