Ատամնաբուժութիւնը, բժշկութենէ անդին, միաձուլումն է գիտութեան, ձեռարուեստի եւ բժշկութեան, որ կը դրոշմէ մարդու դէմքին սքանչելի արտայայտութիւն, մարմինին՝ առողջութիւն, իսկ հոգիին՝ խաղաղութիւն: Շատ հին ժամանակներէ (2500 ն.ք.) ծանօթ է պեղուած գանկերու փտած ատամներու առկայութիւնը, որուն առաջին արձանագրութիւնները մեզի հասած են  Շումերական շրջանէն (5000 ն.ք.):
Հետագային (3700 ն.ք. ), եգիպտական աղբիւրները կը նկարագրեն բերնի ցաւեր, ակռայի հիւանդութիւններ, ծնոտի կոտրտուքներ եւ դեղամիջոցներ: Այդ աղբիւրները կը յիշատակեն նաեւ Հէսսի-Ռէ (Hesy-Re) առաջին ատամնաբոյժին եւ Հեսիրա (Hesyra) փարաւոնի ատամնաբուժներու ու բժիշկներու բժշկապետին մասին: Ն.ք. 2700 թուականին, առաջին անգամ կը խօսին ատամնաբոյժի աշխատանքներուն մասին, ինչպէս՝ ոսկի լարերով ակռաներ կապելու կամ փղոսկրէ կամ կենդանիներու ոսկորներէ ակռաներ մշակելու եւ յարադրական մասեր պատրաստելու մասին:
Աւելի ուշ, յոյները, Արիսթոթելը (Aristotle) ու Հիպոկրատը (Hippocrates) (500 – 300 ն.ք.) կը խօսին դէմքի հիւանդութիւններու մասին:
Միջնադարերուն, Միջին Արեւելքի մէջ, իշխանութիւններու արագ եւ իրարայաջորդ փոփոխութիւնները իրենց անդրադարձը կ’ունենան ժողովուրդներու միջեւ գիտութեան փոխանակութեան, թարգմանական ընթացքին եւ զարգացման առնչութեամբ, ինչպէս՝ առ-Ռազի, ալ-Զահրաուի, Ըպն Սինա, որոնք երկար խօսած են բերնի եւ ակռաներու հիւանդութիւններու մասին: Հոս յիշատակելի է մասնաւորաբար բժշկական գիտութիւններու փոխանակումը եւ զարգացումը հայ-արաբ ժողովուրդներու միջեւ, որոնք իրենց անմիջական անդրադարձը ունեցան հայ մեծ բժիշկներու ներկայութեան վրայ, ինչպէս՝ Մխիթար Հերացի, 13-րդ դարուն եւ Ամիր Տաուլաթ, 15-րդ դարուն: Ակնյայտ են նաեւ շատ մը արաբ բժիշկներու այն գործերը, որոնց բնօրինակը 12-րդ եւ 13-րդ դարերուն գրուած է հայերէն, ինչպէս՝ բժիշկ Իսա պըն ապի Սաաիտ: Իսկ ինչ կը վերաբերի ատամնաբուժութեան, միջնադարուն ատամնաբուժութիւնը եղած է վանականներու զբաղումը, սակայն 1130-1163 ժամանակաշրջանին կաթողիկէ եկեղեցապետին՝ Պապին կողմէ վանականին արգիլուեցաւ զբաղիլ ատամնաբուժութեամբ.  գործը հասաւ օրուան սափրիչին, 1210-ին «Ֆրանսայի սափրիչներու միութիւնը», 1271-ին «Վենետիկի սափրիչներու միութիւնը» ու այսպէս ատամնաբուժութիւնը ինկաւ տգիտութեան եւ կախարդութեան ճանկին մէջ, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքին մէջ: Սակայն հայ բժիշկին գիտութեան ծարաւը եւ ձգտումը դէպի իսկական արժէքներ միշտ ալ զինք գործունեայ պահեցին։ Այսպէս օրինակ՝ հալէպահայ բժիշկ Իւհաննա վարդապետ ալ-Արմանին 1827-1908 թուականներուն բժշկութիւն կը դասաւանդէր եւ գիրքեր կը գրէր բժշկական զանազան նիւթերու շուրջ։ Ան եղած էր նաեւ Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի դասախօսներէն մին:
Ատամնաբուժութեան վերածնունդը սկսաւ 18-րդ դարուն, երբ ֆրանսացի Փիեռ Ֆուշարտ  ժամանակակից ատամնաբուժութեան հայրը 1728-ին առաջին անգամ  հրատարակեց գիտական դասագիրքեր ատամնաբուժութեան հմտութիւններուն եւ գործնական աշխատանքին շուրջ: Աշխարհի առաջին ատամնաբուժական դպրոցը, որպէս ինքնուրոյն գիտութիւն ու ազգային ատամնաբուժութեան միութիւնը եւ ատամնաբուժութեան դոկտորականի աստիճանը (DDS) ու ատամնաբուժութեան առաջին օրէնքը հաստատուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1840-ին: 1867-ին կը հիմնուի Հարվըրտ Համալսարանի ատամնաբուժութեան ուսումնարանը, իսկ 1887-ին ատամներու յարադրական մասերը պատրաստելու տարրալուծարանը:
Օսմանեան կայսրութեան մէջ տարածուած ու ընդունուած էր սափրիչներու միջամտութիւնը ատամնաբուժութեան։ Այս երեւոյթը նոյնիսկ դարձած էր տգիտութեան շտեմարան եւ միայն 19-րդ դարու մայրամուտին ատամնաբուժութիւնը դարձաւ Օսմանեան համալսարանին մէջ ինքնուրոյն բժշկական մասնագիտութիւն մը ու թափ առաւ դոկտորականի տիտղոս ունեցող բժիշկներու պատրաստութիւնը: Հայ երիտասարդը առաջիններէն էր, որ ընդունեց այս նոր ուսումը եւ մասնագիտացաւ ատամնաբուժութեան մէջ։
Ակնյայտ է հալէպահայ գաղութին մէջ ծառայած ատամնաբոյժներուն ներկայութիւնը։ Անոնք մինչեւ 1921 կը կազմէին Հալէպի՝ համալսարա-նաւարտ ատամնաբոյժներու 70%-ը, ինչ որ իրաւունք կու տար ըսելու, որ հալէպահայ ատամնաբոյժը եղած է Սուրիոյ ակադեմիկ գիտական ատամնաբուժութեան հիմնադիրներէն մէկը, ժողովուրդին հրամցնելով ժամանակակից գիտական սկզբունքներու վրայ հիմնուած բժշկական օգնութիւն:
Մինչեւ 1921 գործող ատամնաբոյժներու ցանկը կը ներկայացնենք ստորեւ.
Հալէպահայ ատամնաբոյժներու ցանկը (1900 – 1921)։ Բոլորը ծառայած են Հալէպի մէջ:
Աղբիւր՝ «Հալէպի Բժշկութեան եւ Բժիշկներու Պատմութիւնը»

Հայ ատամնաբոյժները իրենց մասնագիտութեան կողքին, Սուրիա ներմուծած են օթով փորիչը եւ յարադիրներ կաղապարող խմորը: Պատրաստած են սարքեր տեղական ջանքերով եւ աւելի ուշ արտադրած, որպէս տեղական ճարտարարուեստի արտադրութեան ատամնաբուժական սարքեր:

Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան