Աւագ Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2026-ի երեկոյեան, 10 կուսանացի արարողութենէն ետք, 85 մանուկներ եւ պատանիներ համախմբուեցան «Աղբալեան» սրահէն ներս, Ս. Յարութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկի մը, հովանաւորութեամբ եւ քաջալերանքով Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, նախաձեռնութեամբ՝ «Շնորհալի Երիտասարդաց» յանձնախումբին, զոր կը գլխաւորէ Արժ․ Տ․ Զարեհ Քհնյ․ Շաքարեան։ Ներկայ էին նաեւ ազգայիններ։
Ձեռնարկը իրագործուեցաւ բարեպաշտ նուիրատուի մը կողմէ, որ միշտ կը յիշէ մեր փոքրիկները եւ որուն կը յայտնենք մեր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը։
Հաւաքին նպատակն էր ուրախացնել փոքրիկները, անոնց տրամադրելով թանկագին նուէրներ, եւ համեղ ու որակաւոր հիւրասիրութիւններ։ Նաեւ երեխաները մասնակցեցան այս առիթով պատրաստուած խաղերու ու հաւկթախաղի։
6-րդ կարգի աղջիկները Մայրերու տօնին առիթով ասմունք մը նուիրեցին բարերարուհիին, որպէս երախտագիտութիւն, իսկ ներկաները միասնաբար երգեցին «Բարի Հրեշտակ» հոգեւոր երգը։
Օրուան ամենագեղեցիկ անակնկալներէն մէկը եղաւ (փանտա)-յի ներկայութիւնը, որ պարի խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց երեխաներուն մօտ։ Այս գեղեցիկ պահը շատ մեծ ուրախութիւն պատճառեց բոլորին, եւ երեխաները մեծ ոգեւորութեամբ մասնակցեցան այդ հաճելի վայրկեաններուն։ Անոնց աչքերուն մէջ երեւցող ուրախութիւնն ու ժպիտը այս օրուան ամենագեղեցիկ պարգեւը հանդիսացան։
Թող Աստուած օրհնէ բոլոր անոնք, որոնք սիրով ու գթութեամբ կը կանգնին երեխաներուն կողքին եւ ուրախութիւն ու լոյս կը սփռեն անոնց կեանքին մէջ։