Աւագ Ուրբաթ, 3 Ապրիլ 2026-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Կարգը կատարուեցաւ։
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան հանդիսապետեց Թաղման Կարգի արարողութեան, հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայութեամբ:
Արարողութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը փոխանցեց օրուան խորհուրդը:

Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ այսօր Քրիստոս կը մօտենայ իր պատկերը աղաւաղած մարդը վերականգնելու, սակայն Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ ստեղծուած մարդը կը մերժէ Աստուծոյ սէրը, շնորհքը, կը մերժէ զԱստուած, որ յաւիտենականութիւն կը պարգեւէ եւ զայն մահուան կ՚ուզէ դատապարտել, հետեւաբար, այսօր մարդուն յոռի իրավիճակն է որ ի յայտ կու գայ։

Սրբազան Հայրը նշեց, թէ Քրիստոս այս բոլոր հանգրուաններուն տոկաց, որովհետեւ իր առաքելութիւնն էր անկեալ մարդը փրկել եւ զայն վերականգնել Աստուծոյ սիրոյն մէջ։
Սրբազան Հայրը յիշեցուց, թէ Քրիստոսի կեանքին իւրաքանչիւր հանգրուան իր մասին կատարուած մարգարէութիւններուն իրականացումն է։ Քրիստոս անձամբ երկինքէն երկիր խոնարհեցաւ եւ որպէս անմեղ գառնուկ մեր անէծքը իր վրայ առնելով խաչուեցաւ, քանզի խաչը մեզի համար այլեւս ամօթանքի գործիք չէ, այլ հպարտութեան, զօրութեան եւ օրհնութեան։ Քրիստոսի խաչը կը խորհրդանշէ դրախտի կենաց ծառը, Ս. Հաղորդութիւնը, Նոյան տապանը, Մովսէս Մարգարէի Թուոց գիրքին մէջ յիշած մեռած անիծեալ օձին օրհնութիւն դառնալը նաեւ Քրիստոսի խաչ բարձրանալը իրականացումն է Դաւիթ մարգարէի 22-րդ Սաղմոսին մէջ յիշած մարգարէութեան։ Իսկ գերեզմանը Քրիստոսի համար ժամանակաւոր երեւոյթ էր եւ դարձեալ մարգարէութեան իրականացումը, որուն մասին կը խօսի Եսայի մարգարէն եւ որուն պիտի յաջորդէր հրաշափառ յաղթական Յարութիւնը, որուն մասին կը խօսին նաեւ մարգարէները։

Քրիստոսի թաղման դառն պատկերը նկարագրելով, Սրբազան Հայրը յիշեցուց, որ Քրիստոս այսօր մեզի համար վիրաւորուած եւ խոշտանգուած է, հետեւաբար, այսօր կոչուած ենք զղջումով, ապաշխարութեամբ եւ խոստովանանքով ծունկի գալու Տիրոջ մարմինին առջեւ, որպէսզի մեզ սիրող Աստուած մաքրէ եւ սրբէ մեզ։

Արարողութենէն ետք, հաւատացեալները խոնարհելով աղօթեցին ծաղիկներով յարդարուած Քրիստոսի խորհրդանշական գերեզմանին առջեւ:
Եկեղեցւոյ մէջ կարգ ու կանոնը կը պահէին ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի տարազաւոր սկաուտները։