Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց «Գանձասար» պաշտօնաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանը։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, «Գանձասար»-ի խմբագիրը անդրադարձաւ թերթին շուրջ համախմբուած յօդուածագիրներու գործակցութեան եւ Սրբազան Հօր նուիրեց «Գանձասար» շաբաթաթերթին հրատարակութեամբ եւ Հալէպի «Արեւելք» տպարանէն լոյս տեսած բանաստեղծ, արձակագիր Մարուշ Երամեանի «Ճերմակ Քաղաքին Գոյները» նորատիպ հատորը։
Սրբազան Հայրը գնահատեց «Գանձասար»-ի խմբագրակազմին գլխաւորութեամբ եւ յօդուածագիրներուն ներդրումով տարուող գրական աշխատանքը, որ մեծապէս կը նպաստէ հայ մշակութային արժէքներու տարածման։ Նոր հրատարակութեան առիթով, ան գնահատեց գրող Մարուշ Երամեանը, որ տարիներէ ի վեր իր յօդուածներով կը հարստացնէ թերթի բովանդակութիւնը եւ նորանոր նուաճումներ ու նոր հրատարակութիւններ մաղթեց անոր։