Քրիստոսի յարութիւնը անկիւնաքարն ու ողնասիւնն է քրիստոնէական կրօնին ու կեանքին, որ կը փոխակերպէ հաւատացեալին կեանքը եւ յոյս ու վստահութիւն կու տայ ամբողջ մարդկութեան։
Յոյս եւ վստահութիւն, որ,
1.- Քրիստոս իր յարութեամբ յաղթանակ տարաւ մահուան վրայ։ Քրիստոսի յարութիւնը բացայայտ ցոյց տուաւ անոր զօրութիւնն ու աստուածութիւնը, որովհետեւ մահը կլանուեցաւ եւ յաղթանակը շահուեցաւ, ինչպէս պիտի մէջբերէր Ս. Պօղոս առաքեալ. «Ո՞ւր է մահ, քու յաղթանակդ, ու՞ր է մահ, քու խայթոցդ։ Մահուան խայթոցը մեղքն է. իսկ մեղքը իր ոյժը կ’առնէ Օրէնքէն։ Բայց փա՜ռք Աստուծոյ, որ մեզի յաղթանակ պարգեւեց մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Ա.Կր 15.55-57)։ Այո՛, մեր Տէրը՝ Քրիստոս, իր անձին կամաւոր պատարագումովն ու երեքօրեայ յարութեամբը յաղ-թանակ տարաւ մահուան վրայ, որուն համար ալ առաքեալը հետեւեալը կը հաստատէ. «Գիտենք թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ այսուհետեւ չի մեռնիր, այլեւս մահը չի կրնար անոր տիրել» (Հռ 6.9)։
2.- Քրիստոս իր յարութեամբ ամբողջացուց եւ իր լրումին հասցուց մարգարէութիւնները։
Հրեշտակը Կիրակի վաղ առաւօտեան, գերեզման այցելող կիներուն ըսաւ. «…Գիտեմ թէ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք։ Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ. ինչպէս ըսած էր։ Եկէք եւ տեսէք այն տեղը ուր դրուած էր» (Մտ 28.6)։ Յիսուսի յարութիւնը եկաւ հաստատումն ու ամբողջացումը ըլլալու Հին Կտակարանի մարգարէութեանց. որուն թարգմանը հանդիսանալով Դաւիթ մարգարէն Սուրբ Հոգիով ներշնչուած պիտի վկայէր՝ «Որովհետեւ գիտեմ թէ զիս մեռելներու աշխարհին մէջ պիտի չձգես, եւ պիտի չթողուս որ քու հաւատարիմ ծառայիդ մարմինը փտութիւն տեսնէ» (Սղ 16.10)։ Մեռելներէն յարութիւնը ամենազօրեղ կերպով կ’ապացուցէ Քրիստոսի մեսիայութիւնը. «Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս որ ըսած էր»։
3.- Քրիստոս իր յարութեամբ յոյս տուաւ հաւատացեալներուն։
Քրիստոսի յարութիւնը կենդանի յոյս եւ յաւիտենական կեանքի ապահովութիւն կ’ընծայէ բոլոր անոնց, որոնք ճշմարտապէս կը հաւատան Յիսուսի, ինչպէս Ղազարոսի յարութեան ժամանակ Քրիստոս յայտնեց անոր քրոջը՝ Մարթային, երբ յայտարարեց՝ «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի։ Իսկ ան որ ողջ է եւ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի» (Յհ 11.25)։ Տէրը հարցո՛ւց՝ «Կը հաւատա՞ս ըսածիս։ Այո՛, Տէ՜ր, պատասխանեց Մարթան,
կը հաւատամ թէ դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, որ աշխարհ պիտի գայիր» (Յհ 11.26)։
Այո՛, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը հաւատացեալին յոյս կու տայ եւ յաւիտենական կեանքի ապահովութիւն կ’ընծայէ։ Ս. Պետրոս առաքեալ կը հաստատէ՝ «Օրհնեա՜լ է Աստուած մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ վերստին ծնաւ, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն յարութիւն առնելովը ունենանք այն կենդանի յոյսը, թէ պիտի ժառանգենք անեղծ, անարատ եւ անթառամ կեանքը, որ երկինքի մէջ պահուած է մեզի համար» (Ա.Պտ 1.1-3)։ Պօղոս առաքեալ եւս հաստատելով այս ճշմարտութիւնը, կ’ըսէ. «Եթէ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի, Աստուած որ Յիսուս Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանեց, իր Հոգիին միջոցաւ՝ որ ձեր մէջ կը բնակի, պիտի կենդանացնէ նաեւ ձեր մահկանացու մարմինները» (Հռ 8.11)։
Այս ճշմարտութիւնները մեզի կը յուշեն, որ Յիսուսի յարութիւնը պարզապէս պատմական դէպք մը չէ, այլ ապրող ու կենդանի իրականութիւն է, որ էապէս եւ խորքայնօրէն կ’ազդէ հաւատացեալի կեանքին վրայ, ինչպէս անցեալին՝ այսօր եւ վա՛ղն ալ։ Որովհետեւ Քրիստոս նոյնն է միշտ, երէկ, այսօր եւ յաւիտեան (Եբր 13.8)։
Յարութիւնը մեծագոյն ապահովութիւնն է Աստուծոյ զօրութեան, հաստատումն է Քրիստոսի ինքնութեան՝ իբրեւ Աստուած, Մեսիա, Փրկիչ, Թագաւոր եւ յարուցեալ ու յաղթական Տէր, եւ յոյսի աղբիւրն է, որոնցմով հաւատացեալը զօրացած ու գօտեպնդուած իր կեանքը կ’ապրի ու իր հաւատքի պատերազմը կը մղէ։
Ուստի, ինչպէ՞ս կրնանք ի տես յարութեան ճշմարտութեան, յոյսով վերածնիլ ու ապրիլ։ Յարութեան յոյսով վերածնիլ ու ապրիլ կը նշանակէ՝ ընդգրկել նոր կեանքի եւ մահուան վրայ տարուած յաղթանակի խոստումը եւ ապրիլ իբրեւ լոյսի, ցերեկուան, յոյսի եւ յարութեան որդիներ։
Եւ ատիկա կրնանք ընել.-
ա.- Երբ մեր ամբողջ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք աստուածային խոստումներուն վրայ եւ խոկալով աստուածաշնչական այն հատուածներուն վրայ, որոնք մեզի յիշեցում կը կատարեն մեր ունեցած յոյսին մասին, այն յոյսին՝ որ անմիջականօրէն կ’առնչուի Քրիստոսի երկրորդ գալուստին եւ մեր ունեցած ապագայի յարութեան (Հռ 8.18-23)։
բ.- Երբ մեր մտածելակերպը կը փոխենք, թոյլ տալով որ Քրիստոսի յարութեան ճշմարտութիւնը ձեւաւորէ ու կազմաւորէ մեր մտածումներն ու զգացումները, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կը թելադրէ. «Ի վերջոյ, եղբայրնե՛ր, խորհեցէք այն բաները՝ որոնք ճշմարիտ են, պարկեշտ, արդար, մաքուր, սիրելի, բարեհամբաւ, առաքինի եւ գովելի» (Փլպ 4.8), եւ «Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է իրեն եւ կատարեալ» (Հռ 12.2)։
գ.- Երբ յստակ նպատակի մը համար կ’ապրինք։ Այսինքն, միշտ պէտք է յիշենք, որ մեր կեանքը Յիսուս Քրիստոսով արժէք, իմաստ եւ նպատակ ունի։ Տէրը ինք ըսաւ. «Ես եկայ՝ որպէսզի կեանք ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան» (Յհ 10.10)։ Պօղոս առաքեալն ալ իր կարգին կը հաստատէ՝ ըսելով. «Աստուծոյ նոր ստեղծագործութիւնն ենք մենք, քանի Քրիստոս Յիսուսի միացած ենք. ստեղծուած՝ կատարելու համար այն բարի գործերը, որոնց համար Աստուած սկիզբէն մեզ պատրաստեց, որպէսզի անոնցմով լեցնենք մեր կեանքը» (Եփ 2.10)։
դ.- Երբ ուրիշներուն հետ կը կիսենք ու կը բաժնենք մեր յոյսը։
Մենք Քրիստոսի Աւետարանին բարի լուրը, լոյսն ու յոյսը տարածող դեսպաններն ենք, կոչուած՝ այդ վեհ, նուիրական ու սրբազան առաքելութեան։ Ուստի, չապրինք եսասիրաբար եւ միայն մենք մեր անձերուն մասին չմտածենք, այլ պէտք է նաեւ մեր շուրջը գտնուողներով հետաքրքրուինք ու անոնց մասին ալ մտածենք՝ անոնց հաւատքը ամրապնդելու համար (Հռ 15.1-2)։
Այսօր, Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով
կը հրաւիրուինք մեր կոչումին եւ առաքելութեան համապատասխան եւ արժանի կենցաղ դրսեւորելու, յայտարարելու եւ վկայելու մեր հաւատքը միշտ պատրաստ ըլլալով Քրիստոսը փառաւորելու եւ հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու բոլոր անոնց՝ որոնք բացատրութիւն կ’ուզեն մեր ունեցած յարութեան ու յաւիտենական կեանքի յոյսին մասին (Ա.Պտ 3.15)։
Ինչպէս որ Քրիստոսի յարութեան իրողութիւնը նորովի հունաւորեց աշխարհի ընթացքը, փոխակերպեց առաքեալներուն մտածելակերպն ու կեանքը եւ յոյսով պարուրած՝ յաղթական քայլերով առաջնորդեց զանոնք իրենց առաքելութեան ու ծառայութեան, նոյնպէս ալ թող մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մարդասէր յօժարութեամբ ինքնապատարագումին շնորհիւ եւ մեղքին ու մահուան, խաւարին, անարդարութեան եւ ստրկութեան վրայ տարած հրաշափառ յարութեան յաղթանակի իրողութիւնը յոյսով, զօրութեամբ, հաւատքով, քաջութեամբ, համարձակութեամբ եւ վստահութեամբ գօտեպնդէ մեզ եւ հակառակ առկայ դժուարութիւններուն ու մեր երկիրն ու տարածաշրջանը յուզող ալեկոծումներուն ու մարտահրաւէրներուն, հաստատ քայլերով առաջնորդէ մեզ դէպի խաղաղ ու ապահով ապագայ, աստուածահաճ ծառայութիւն ինչպէս նաեւ արդիւնաւէտ, մարդօգուտ, եկեղեցաշէն ու ազգանուէր գործունէութիւն։
Այս ուրախ առիթով, Ս. Յարութեան շունչով, ջերմօրէն
կը շնորհաւորենք ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, Թեմակալ Առաջնորդները, Եկեղեցականաց Դասը եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական եւ Կրօնական ժողովները, Ազգային Վարչութիւնն ու ազգային մարմինները, միութիւններն ու կրթադաստիարակչական ոլորտին ծառայող խնամակալութիւններն ու հոգաբարձութիւնները՝ իրենց մաղթելով օրհնաբեր, բարգաւաճ եւ խաղաղ օրեր։
Թող Քրիստոսի Յարութեան Աւետիսը ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ ողողէ մեր էութիւնը, որպէսզի յարութեան կենսուժով յուսադրուած եւ հաւատքի վկայութեամբ հաստատուած՝ զիրար ողջունենք ու շնորհաւորենք, ըսելով.
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Օրհնեա՜լ է յարութիւնն Քրիստոսի»։
Աստուածային օրհնութեամբ եւ հայրական սիրով,
Մակար Արք. Աշգարեան
Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմին
5 Ապրիլ 2026, Հալէպ