Հրատարակութեամբ «Գանձասար» շաբաթաթերթին, այսօր՝ Ուրբաթ, 27 Մարտ 2026-ին, Հալէպի «Արեւելք» տպարանէն լոյս տեսաւ վաստակաւոր գրող Մարուշ Երամեանի «Ճերմակ Քաղաքին Գոյները» նորատիպ հատորը։

Գիրքը երեք տարիներու վրայ երկարող Մարուշ Երամեանի «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ «Պրիսմակէս» ենթավերնագրին տակ ստորագրած շարք մը յօդուածներու ժողովածուն է։

Հատորը կը բաժնուի երկու հիմնական մասերու։ Առաջինը՝ «Ակնարկներ», կը ներկայացնէ հեղինակին ընդհանրական մտորումները՝ արուեստի էութեան, պատերազմի եւ խաղաղութեան հակադրութեան, հայրենիքէն հեռու ապրող հայու հոգեկան վիճակին եւ սփիւռքեան ինքնութեան նրբերանգներուն մասին։ Այս էջերուն մէջ Մարուշ Երամեան կը խօսի ոչ միայն որպէս մտածող, այլեւ որպէս զգայուն վկայ, որուն համար բառը միջոց է հասկնալու աշխարհը, իմաստաւորելու ապրուած ժամանակը եւ անոր մէջ՝ մարդուն տեղն ու դերը։ «Կրնա՞նք ամբողջ ազգով, իրապէ՛ս ամբողջ ազգով միանալ, մոռցած մեր տարակարծութիւնները, մոռցած մեր չհաւանութիւնները, մոռցած մեր տկարութիւնները, նոյնիսկ մոռցած մեր այսօրուա՛ն հաճոյքները, մոռցած այս բոլորը, կրնա՞նք միանալ յանուն շատ աւելի մեծ իրականութեան մը (չեմ ըսեր՝ գաղափարի մը), որ հողն է, որ հայրենիքն է», կը հարցնէ հեղինակը՝ ընթերցողը եւս իր մտորումներուն մասնակից դարձնելով:

Հատորի երկրորդ բաժինը՝ «Հալէպեան Խճանկար» խորագիրով, կը կազմէ անոր յուշագրական առանցքը։ Այստեղ հեղինակը առանձնայատուկ ջերմութեամբ Հալէպի հայկական երանգապնակը կը ներկայացնէ։ Յիշողութիւնը կը դառնայ կամուրջ անցեալի եւ ներկայի միջեւ։ Հեղինակը կը յիշէ թաղեր, կառոյցներ, դպրոցական տարիներ, ուսուցիչներ եւ մարդիկ, որոնք ճերմակ քաղաքը վառ գոյներով կը ներկեն։ Հատորին էջերը ընթերցողը կը հրաւիրեն մօտենալու ոչ միայն գրողին, այլ նաեւ իր մէջ ապրող այն յիշողութեան, որ անհատական ըլլալով հանդերձ, խորապէս հաւաքական է։

207 էջանի այս ժողովածուն կը սկսի «Գանձասար»-ի խմբագրութեան «Երկու Խօսք»-ով, ուր կը կարդանք․
«Մարուշ Երամեանի գրութիւնները աչքի կը զարնեն իրենց գգայունութեամբ եւ ճշմարտախօսութեամբ։ Ան կը գրէ առանց զարդարելու, բայց նաեւ առանց խնայելու գեղեցկութիւնը, որովհետեւ գրելը ստեղծագործական աշխատանք է իրեն համար։
Այս հատորին Հալէպի մէջ հրատարակուիլը խորհրդանշական իմաստ ունի։ Ան վերադարձ մըն է իր սկզբնաղբիւրին, եւ միաժամանակ՝ փոխանցում մը ապագային։ Հեղինակը Հալէպի մասին կը խօսի ջերմութեամբ ու այն յոյսով, որ «շինուող պատերուն հետ Հալէպի թաղերէն հեռացած տաքուկ մթնոլորտը վերադառնայ եւ կրկին շունչ տայ հին քաղաքին»։

Խմբագրութիւնը այնուհետեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ, տիարք Սարգիս եւ Ռոպէր Մինասեաններուն, որոնք սիրայօժար ստանձնեցին սոյն գիրքի մեկենասութիւնը՝ իրենց ներդրումը բերելով հալէպահայ գրական անդաստանի հարստացման։

Գիրքի իւրաքանչիւր յօդուած գեղանկարչական հպումով մը զարդարուած է։ Հատորին կողքն ու ընդհանուր ձեւաւորումը իրագործումն է Յովսէփ Չալօղլեանի։ Կողքի փակուող բաժինին տեղադրուած Մարուշ Երամեանի դիմանկարը գործն է գեղանկարիչ Արփի Ճինպաշեան-Գրիգորեանի։

Գիրքը ստանալու համար դիմել հեղինակին եւ «Գանձասար»-ի խմբագրութեան։