Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Սրբազան Արքեպիսկոպոս Աշգարեան անդադար եռանդով եւ հոգեւոր նախանձախնդրութեամբ կը շարունակէ իր գրիչին բարի ծառայութիւնը՝ հայ ընթերցողը մօտեցնելով քրիստոնէական ճշմարտութեան կենսատու ակունքներուն։ Անոր գրիչով, թեմի հոգեւոր գրականութեան գանձարանը օրըստօրէ կը հարստանայ նոր գոհարներով, իսկ թարգմանական ու հայացման օգտաշատ ճամբան՝ կը դառնայ աւելի լայն ու անցանելի։
Աշգարեան թոռներ ու թոռնուհիները, զարմիկ-զարմուհիները գիրքը կը հրատարակեն ի յիշատակ իրենց մեծ հօր եւ մօր՝ Եսայի եւ Տիրուհի Աշգարեաններու, ինչպէս նաեւ իրենց դուստրերուն՝ Իսկուհիի եւ Վեհանուշի ու որդիներուն՝ Յովհաննէսի եւ Հայկազունի՝ երկնային անթառամ պսակին ու յաւիտենական կեանքին արժանանալու բարի մաղթանքով։
2026 տարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.Վեհափառ Հայրապետին Կողմէ «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի» հռչակուելուն ուրախ առիթով, Մակար Արք․ Աշգարեան այս համեստ աշխատանքը որպէս միջոց կը դնէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն տրամադրութեան տակ, օգտակար դառնալու անոնց, որպէսզի կեանքի կոչեն վերոնշեալ Հայրապետական Հռչակագրի մտածումը, հրաւէրն ու կոչ-խորհուրդը:
176 էջեր ընդգրկող գիրքը քրիստոնէական կրօնագիտութեան մէկ երեսը կը ներկայացնէ։ Հայացումը կատարուած է պարզ ու վճիտ լեզուով ու այնպիսի հաւատարմութեամբ, որ ընթերցողը կը մղէ անհամբերութեամբ թերթատելու էջերը ու ընթերցումը աւարտին հասցնելով սրտապինդ դառնալու եւ ըմբռնելու քրիստոնէութեան ծիսական կեանքը։
Գիրքը կը բացուի Մակար սրբազանի «Երկու Խօսք»-ով, ուր կը կարդանք․
«Հեղինակը՝ Իուանիս Եպիսկոպոս, Ղպտի քոյր Ուղղափառ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերէն (վախճանեալ), երիտասարդ սերունդով մտահոգ, յատկապէս համալսարանական ուսանողներով, իբրեւ հոգեւոր ծնող` իր զաւակներուն անարատ եւ մաքուր կաթ ջամբելու նպատակով, պատրաստած է 4 հատորներէ բաղկացած աշխատանք մը, որ երկար տարիներ զայն դասաւանդած է համալսարանէն ներս, որպէս քրիստոնէական կրօնագիտութիւն։
Հեղինակին նպատակը եղած է լուսաբանել, գօտեպնդել եւ հոգեբարոյապէս սպառազինել ուսանողները, որպէսզի կարենան դէմ դնել չարին։ Նաեւ՝ ներկայ այլասերող, բարոյազրկող եւ Աստուծմէ հեռացնող համակարգին կողմէ ծաւալող ծրագրուած կործանարար Հոսանքին դէմ իրենց Հոգեւոր պատերազմը մղեն, եւ ճշմարիտ հաւատքը պահելով` յաջողապէս կարենան իրենց ընթացքը աւարտել։
Չորս հատորները` մեծապէս օգտակար դարձած են հազարաւոր քրիստոնեայ երիտասարդներու՝ իրենց քրիստոնէական ուղին հետապնդելու գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ զանազան տարիք ունեցող հաւատացեալներու, եւ շատերու ալ ուղղութեան աղբիւր հանդիսացած են»։
Մակար սրբազան նոյն նպատակէն առաջնորդուած, նախաձեռնած է այս աշխատանքը հայացնելու գործին, ու չորրորդ հատորը իր աւարտին հասցնելով ուրախութեամբ զայն մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիներու տրամադրութեան տակ կը դնէ, յուսալով որ աշխատանքը իր դրական եւ օրհնաբեր ներդրումը կ’ունենայ ընթերցողի կեանքին մէջ, եւ զայն կ՚առաջնորդէ քրիստոնէական իր կեանքը ապրելու՝ նախանձախնդրութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ մանաւանդ հոգեւորի ամբողջական ըմբռնումով։
Այս հատորը, որ շարքին առաջինը կը կազմէ, մեր հոգեւոր ճանապարհորդութեան սկիզբէն կը սկսի, այսինքն` ապաշխարութեան կեանքէն: Անիկա նաեւ լուսարձակի տակ կը բերէ եկեղեցւոյ երկու կարեւոր Խորհուրդները՝ Խոստովանութիւնն ու Սուրբ Հաղորդութիւնը, անոնց իմաստը, գործնական կիրառումները, արդիւնքները. ինչպէս նաեւ առնչուած շատ մը հարցումներ կը քննարկէ։ Գիրքը նաեւ հարուստ է աստուածաշնչական հաստատումներով ու հայրաբանական մէջբերումներով, երեւոյթ մը, որ աւելիով կը լուսաբանէ, կը գօտեպնդէ ու կը զօրացնէ ընթերցողը, որպէսզի ամենալաւ կերպով հասկնայ իրեն մատուցուած ճշմարտութիւնը եւ զայն իր առօրեայ կեանքին մէջ ապրելով` պտղաբեր դառնայ։
Մակար սրբազան այս առիթով երախտագիտութիւն կը յայտնէ Գերշ. Տ․ Վարուժան Արք. Հերկելեանին, աշխատանքի վերանայումն ու մանր սրբագրութիւնները կատարելուն համար, ինչպէս նաեւ` գնահատանքը եւ շնորհակալութիւնը ազնիւ զարմիկ-զարմուհիներուն, որոնք սիրայօժար յանձն առին գիրքին մեկենասութիւնը:
Սրբապատկերը՝ Ս․ Ամենակալ Քրիստոսը Ս․ Հաղորդութեան խորհրդանշաններով, գործն է Յովսէփ Վրդ․ Աշգարեանի (Իտալիա)։
«Ծիսական Կեանք» հայերէն հրատարակութիւնը, որպէս հոգեւոր պարտէզի նորաբողբոջ ծաղիկ, կը լուսաւորէ եւ կ՚առաջնորդէ իւրաքանչիւր երիտասարդի կեանքը։