Այս պատմութիւնը սկիզբ առաւ այն օրը, երբ կապոյտ բաճկոնով կինը որոշեց այցելել հինգերորդ յարկի այն լուռ բնակարանը, ուր կը բնակէր Հալէպի ամենալուսաւոր դէմքերէն մէկը՝ տիկին Գեղանին։
Հալէպի փոշոտ ու յոգնած փողոցներուն աղմուկը դեռ ականջին էր, երբ հասաւ շէնքի մուտքը։ Ժանգոտ երկաթէ դուռը դժուարութեամբ ու ճռինչով բացուեցաւ՝ կարծէք զինք անջատելով քաոսային աշխարհէն։ Սկսաւ մագլցիլ բարձր ու կտրտուած աստիճաններն ի վեր. շէնքի ամէն մէկ յարկ իր պատմութիւնը ունէր։ Մինչեւ հինգերորդ յարկ բարձրանալը շունչը կը հատնէր։
Դռան շեմին զինք դիմաւորեց հին բնակարանի այն յատուկ բոյրը՝ կազմուած մաշած թուղթի, չորցած կասիայի եւ խոնաւ քարի խառնուրդէ մը, որ իսկոյն կը հանդարտեցնէ հոգին։
Դուռը բացուեցաւ, ու Տիկին Գեղանին երեւցաւ շեմին։ Կապոյտ բաճկոնով կինը ջերմ ժպիտով մը մօտեցաւ անոր։ Գեղանին իննսունամեայ, միջահասակ, նրբիկ ու գեղադէմ կին մըն էր։ Իր շատ բաց մոխրագոյն, կարճ կտրուած մազերը լուսապսակ մը կազմած էին փայլուն դէմքին շուրջ, որուն վրայ տարիները դաջած էին իմաստութեան նուրբ կնճիռներ։ Նոյնիսկ իր տան մէջ, ան հաւատարիմ էր իր վեհութեան. գիշերանոցին վրայ, ուսերը ծածկած բրդեայ շալը խնամքով կը ծածկէր իր տկարութիւնը՝ պահելով կոկիկ ու ազնուական արտաքինը։
Երբ ներս անցան ու նստան, կապոյտ բաճկոնով կինը պայուսակէն հանեց պահարանը եւ երկարեց անոր։ Տիկին Գեղանին իր նրբամաշկ  ձեռքերով,- որոնց վրայ կապոյտ երակները ցցուն ու յստակ կ’երեւէին՝ նման Հալէպի հին ու խճճուած փողոցներու քարտէզին,- առաւ զայն ու առանց բանալու, յարգալից շարժումով մը մէկ կողմ դրաւ։ Այդ պահուն նիւթականը երկրորդական էր. կարեւորը ներկայութիւնն ու հարազատութիւնն էին։
Տիկին Գեղանին թոշակառու պաշտօնեայ էր. իր տարիներու վաստակը՝ այն ջնջին թոշակը, սուրիական դրամի սարսափելի անկումին հետեւանքով այլեւս ոչ մէկ արժէք ունէր, բայց ան երբեք չբողոքեց։ Զաւակ չունէր։ Իր միակ հարազատը օտար ափերու մէջ գտնուող զարմուհին էր, որ հեռուէն նիւթական կը ղրկէր։ Գիտակից իր վիճակին՝ Գեղանին իր տունը կտակած էր հայկական բարեսիրական միութեան մը։ Ան շատ գոհ էր այս որոշումէն, որովհետեւ այդ միութեան բարի անդամուհիները իրենց խոստումին հաւատարիմ՝ զինք խնամեցին հարազատի պէս, օր ու գիշեր հսկելով անոր, մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը։
Տան հնամաշ իւրաքանչիւր կահոյքի վրայ փռուած էին բծախնդրութեամբ հիւսուած ձեռագործներ՝ մանրակրկիտ ու նուրբ. ակնյայտ էր Այնթապի գործը՝ ասեղնագործի բարակ հիւսքերով։ Գեղանին շրջապատուած էր ամուսնոյն՝ Յակոբին ձեռակերտ քանդակներով։ Յակոբը հմուտ ատաղձագործ էր, որուն աշխատասէր ձեռքերը հրաշքներ կը գործէին փայտին վրայ։ Իր բոլոր ստեղծագործութիւններու եզրերուն փայտեայ նուրբ ծաղիկներ հիւսած էր՝ զանոնք վերածելով  իր սիրելի տիկնոջ համար յաւերժական նուէրի։ Այդ քանդակները կը յիշեցնէին իրենց անցեալի բարեկեցիկ ու լուսաւոր օրերը, զորս պատերազմը թէեւ աղօտեց, բայց չկրցաւ ջնջել իրենց յիշողութենէն։
Կապոյտ բաճկոնով կինը, նայուածքը ուղղելով գրադարանին, հազիւ պիտի հարցնէր, թէ որո՛ւ կը պատկանին այդ մեծաթիւ գիրքերը, խօսք բացուեցաւ գրականութեան մասին։ Տիկին Գեղանին, հակառակ իր յառաջացած տարիքին, շատ դանդաղ քայլերով մօտեցաւ գրադարանին։ Զգուշութեամբ բռնեց Ճոն Միլթընի հատորը ու շնչասպառ կամացուկ մը հանգչեցաւ իր ամէնօրեայ բազկաթոռին վրայ՝ փափուկ բարձին յենելով։
Կապոյտ բաճկոնով կինը պահ մը աչքերը սեւեռեց Գեղանիի ձեռքերուն։ Այդ կապտաւուն զարկերակները, որոնք ժամանակին հազարաւոր թելեր հիւսած էին, հիմա կը բաբախէին իբրեւ կեանքի ու տոկունութեան վտակներ։ Այդ դողդոջուն մատները նոյն նրբութեամբ
կը շոյէին դարաւոր իմաստութեան էջերը։ Տիկին Գեղանին սկսաւ խօսիլ իր պաշտելի հանճարին մասին.
և Գիտե՞ս, սիրելի՛ս, ինչու Միլթըն… որովհետեւ ան սորվեցուց ինծի, որ իսկական լոյսը ներսէն կը բխի։ Երբ ան կուրցաւ, ապացուցեց, որ երբ դուրսի աշխարհը կը մթննայ, հոգիին աչքերը աւելի պարզ կը սկսին տեսնել։ Ահա թէ ինչու ըսաւ. “The mind is its own place, and in itself can make a heaven of hell, a hell of heaven”, ան կը պատգամէր, որ մարդուս միտքը այնքան հզօր է, որ կրնայ յաղթել նոյնիսկ պատերազմին կամ առանձնութեան։ Կը սորվեցնէր նաեւ համբերութիւն ու կը գրէր. «Կը ծառայեն անոնք եւս, որոնք պարզապէս կը կանգնին ու կը սպասեն»։ Ես այս հինգերորդ յարկի սենեակին մէջ երբեք մինակ չեմ զգացած, որովհետեւ դրախտը ստեղծեցի ներաշխարհիս մէջ։
Ապա, ձեռքին մէջ պահելով Շարլոթ Պրոնթէի «Ճէյն Էյր»-ը, աւելցուց.
և Իսկ Ճէյնը… ան իմ հոգեհարազատ քոյրն է։ Իրմէ սորվեցայ, որ կինը կրնայ ըլլալ խոնարհ, բայց երբեք՝ ստրուկ։ Ան հարստութիւն չունէր կամ գեղեցկութիւն, բայց ունէր արժանապատուութիւն։ Անոր պէս ես ալ հաւատացի, որ մաքուր մնալու միակ ճամբան՝ հաւատարիմ մնալն է սեփական խղճին։ Պատերազմն ու կորուստը կրնան մեզմէ խլել մեր բարեկեցութիւնը, բայց չեն կրնար խլել մեր ներքին վեհութիւնը։
Այդ լռութեան մէջ, տիկին Գեղանին դողդոջուն ձեռքերով մատուցեց սուրճը՝ իրենց ունեցած վերջին նախշուն գաւաթներով։ Սուրճը թերեւս այնքան թանձր չէր, որքան անցեալին, բայց անոր բոյրին մէջ դեռ
կը զգացուէր հին օրերու ջերմութիւնը։ Կապոյտ բաճկոնով կինը առաւ գաւաթը այնպիսի յարգանքով, կարծէք թանկարժէք նեկտար մը ըլլար։
Տիկին Գեղանին մէկն էր այն հարիւրաւոր յարգելի ու արժէքաւոր անձերէն, որոնք Հալէպի մէջ մնացած էին մինակ, մինչ հարազատները պատերազմին հետեւանքով գաղթած էին օտար ափեր։ Գեղանին այն մարդոցմէ էր, որոնք չէին կորսնցուցած իրենց ազնուականութիւնը, որքան ալ պատերազմը դառն օրերով աղօտած ըլլար կեանքը։
Մահէն ետք ըսին, որ անոր վերջին փափաքը եղած էր պարուրուիլ իր իսկ ձեռքով հիւսուած, մաքուր ու ձեռագործ երիզէ ծածկոցով մը։
Այսօր ալ, ամէն անգամ երբ կապոյտ բաճկոնով կինը կ’անցնի այդ շէնքին քովէն, անպայման վեր, հինգերորդ յարկի պատուհանին կը նայի։ Իսկ երբ գերեզմանատուն այցելէ, մոմի դողդոջուն լոյսի տակ լռիկ-մնջիկ կը բարեւէ իր բարեկամին՝ հաւատալով, որ տիկին Գեղանիի լուսաւոր միտքը տակաւին կ’ուղեկցի իրեն։
Սիրան Աւընեան-Ամպարճեան