Պատմութեան բաւիղներուն մէջ տեղ մը կորսուած այս իշխանուհին՝ Ալիծ Տարսոնացին կարեւոր դեր կրնայ ունեցած ըլլալ Կիլիկիոյ հայոց կեանքին մէջ. գիտե՞նք. անշուշտ ոչ: Այնքա՜ն քիչ բան գիտենք իր մասին. ահա թէ ինչո՛ւ ուզեցի անպայմա՛ն հանդիպիլ իրեն:
Կը հանդիպինք պալատի պարտէզներուն մէջ: Գեղեցիկ է հայկական գեղեցկութեամբ՝ սեւ աչք-ունքով, սեւ մազերով, բայց ճերմակ մորթով, որ ծառերուն կանաչին դէմ կարծես կը ճառագայթէ, եւ որ ժառանգեր է իր տոհմին ֆրանսական առնչութիւններէն: Երկար է, գեղուղէշ հասակով: Գլուխը բաց է, առանց լաչակի, իսկ հագուստները պարզ են, գործնական՝ պարեգօտ մը ու վրան ասեղնագործուած բաճկոնակ մը: Հիացմունքով
կը դիտեմ զինք:
Ալիծ Տարսոնացի – Դեռ շա՞տ երկար լուռ պիտի մնաս. չէ՞ որ զրոյցի հրաւիրեր ես զիս:
Ես – Տամուժէլ Ալիծ, կը դիտէի ձեր գեղեցկութիւնը, եւ, անկեղծօրէն, առաջին անգամն է որ իշխանուհիի մը հետ զրոյցի կը նստիմ. կարծես քիչ մը շփոթահար եմ… Բայց սկսիմ՝ ինչո՞ւ ձեր անունը գրեթէ կորսուեր է մեզի համար, գրեթէ ոչինչ գիտենք ձեր մասին:
ԱՏ – Նախ ինչո՞ւ Տամուժէլ:
Ե – Այդպէս յիշուած է ձեռագրերուն մէջ: Բայց համաձայն եմ՝ իշխանուհի բառը շատ աւելի իշխանավայել է:
Ֆրանսական ազդեցութիւն, կը մտածեմ, ֆրանսերէն տըմուազէլ՝ օրիորդ իմաստով, ինչպէս տիկինը ազնուական տիտղոս էր հին ժամանակներուն:
ԱՏ – Պատասխանելով հարցումիդ, թէ ինչո՞ւ մեր անունը գրեթէ կորսուած է պատմութեան համար, պարզ չէ՞՝ որովհետեւ զիս սովորական գրիչ նկատի առեր է Պարոն Պատմութիւնը, բայց սովորական գրիչէ մը աւելին է կարծեմ կեանքս:
Ե – Ես ալ այդպէս կը կարծեմ: Ուրեմն եթէ Պարոն Պատմութիւնը ձեզ մոռացութեան չտար, ինչպէ՞ս պիտի ուզէիք յիշուիլ:
ԱՏ – Նախ որպէս Կիլիկիոյ իշխանուհիներէն մէկը:
Ե – Կրնա՞նք իմանալ ձեր ճշգրիտ դիրքը Կիլիկիոյ իշխանական տուներուն մէջ:
ԱՏ – Թէեւ այդքանը պէ՛տք էր գիտնայիր, որովհետեւ հարցազրոյցի եկեր ես. ինչ եւ է… Կը սերիմ Կիլիկիոյ…
Ե -Թագաւորներէն:
ԱՏ – Լեւոն Գ.-ի դուստր՝ իշխանուհի Ալիծ…
Ե – Բայց…
ԱՏ – Ի՞նչ բայց, չկա՛յ բայց:
Ե – Ա. Մնացականեան իր յօդուածին մէջ, փաստերով կը նոյնացնէ երկու Ալիծներ՝ Իշխանուհի Ալիծն ու գրիչ Ալիծ Տարսոնացին:
ԱՏ – Ուրեմն ի՞նչ բայց:
Ե – Բայց Աճառեան, իր Հայոց Անձնանունների Բառարանին մէջ, Ալիծ անունին բացատրութեան տակ կը յիշէ… տասը Ալիծներ մեր պատմութենէն: Ո՞ր մէկն էք դուք: Ա՜խ, երանի այն օրերու պատմաբանները աւելի ճշգրիտ բացատրութիւններ տային, աւելի երկար էջեր յատկացնէին մեր իգական սեռին. նոյնիսկ Թագուհի Փառանձեմին չեն խնայեր, Խորենացին միայն… մէկ ու կէս տող նուիրեր է այդ փառաւոր թագուհիին…
ԱՏ – Ճիշդ այդ պատճառով ալ քեզի փոքր խրատ մը տամ՝ դուն մոռցիր մեզ՝ մեր պատմութեան մոռցուած անունները, եւ փորձէ քու ժամանակակիցներո՛ւդ հետ զրոյցներ ընել, անոնց կեանքին մանրամասները, մտածումներն ու գործերը պահ տալ պատմութեան, թէ չէ, այսօրուան անուններն ալ պիտի մոռցուին քանի մը հարիւր տարի ետք…
Ե – Ճիշդ էք, իշխանուհի, բայց քանի հանդիպեր ենք, գլուխ հանենք այս զրոյցը. յաջորդին համար ձեր խրատին կ’անսամ: Շարունակե՞նք… Ուրեմն Լեւոն Գ.ի վերջին դուստրն էք, Իշխանուհի Ալիծ, բայց ինչպէ՞ս գրիչ դարձեր էք:
ԱՏ – Թորոս Ռոսլինը… կը ճանչնաս, չէ՞, Կիլիկիոյ նշանաւոր մանրանկարիչը, հօրս բարեկամն էր եւ յաճախ կ’այցելէր մեզի: Կարծեմ ինքն էր որ քաջալերեց զիս, երբ օր մը պատահմամբ տեսայ զինք, որ Աւետարան մը կը ծաղկէր եւ հմայուած զինք կը դիտէի: Առանց բառ մ’իսկ ըսելու, կտոր մը մագաղաթ դրաւ առջեւս եւ եղէգ մը տուաւ: Ծաղիկ մը նկարեցի: Ծաղիկները շատ կը սիրէի եւ յաճախ ժամանակս պալատին պարտէզը կ’անցնէի… Անկէ ետք, ամէն անգամ որ մեզի գար, քովը
կը վազէի: Յետոյ հօրմէս խնդրեցի, որ Ռոսլինը ինծի դասեր տայ…
Ե – Ափսոս որ ձեր աշխատանքներէն ոչինչ մնացեր է, բացի քանի մը տողերէ, որոնք վէպի մը պէս կը կարդացուին ինծի համար:
ԱՏ – Ծայրն Ձա-ին եւ ծակըն Ծա-ի՞ն… վստահ էի որ այս տողերուն պիտի անդրադառնաս: Դժբախտաբար թէեւ միջնադարեան երկի մը մէջ գրուեր է «… էր կոյս մի ի Տարսոն, եւ անունն Ալիծ, որ եւ նա էր գրագիր յոյժ հմուտ…», բայց ճիգ չէ թափուած պահելու ծաղկածներս: Այս է պատճառը, որ կ’ըսեմ՝ փորձէ քու ժամանակակիցներո՛ւդ հետ զրոյցներ ընել:
Ե – «Գրեաց զայբուբենս եւ ասաց, թէ ով ոք որ սմա նմանեցընէ, նա է իմ տեսոյն արժանի». այսպէս ըսեր էք: Երբ կարդացի այս տողերը, խորապէս տպաւորուեցայ, որովհետեւ ամուսին մը ընտրելու համար պայման դրեր էք, որ ձեր գիրին չափ գեղեցիկ գիր ունենայ. հարկա՛ւ, գեղեցիկ գիրը 13-րդ դարուն մշակուածութիւն, կրթութիւն պիտի նշանակէր եւ անշուշտ ազնուականութիւն, որովհետեւ միայն ազնուականներն էին, որ կրթութիւն կը ստանային:
ԱՏ – Այդպէս է:
Ե – Առաւել՝ չընդունիլ ձեզի համար ընտրուած, յարմար դատուած ամուսին մը, այլ՝ խօսք ունենալ այդ հարցին մէջ, որ սերտօրէն կը կապուի ձեր կեանքին:
ԱՏ – Այդպէս է, այո՛:
Բայց տխրութիւն մը կը պատէ իր գեղեցիկ դէմքը, կարծես Կիլիկիոյ լեռներուն մշուշը իջած ըլլար նայուածքին:
Ե – Ձեր մայրը՝ Լեւոն Գ.-ին երկրորդ տիկինը, Կեռան թագուհիին մահէն ետք նոյնիսկ անուն չունի մեր պատմութեան մէջ. ա՞յդ է պատճառը անփութութեան ձեզի հանդէպ, որովհետեւ, գիտէք, Կեռան թագուհին շատ սիրուած էր ժողովուրդին կողմէ, եւ երկրորդ կին մը…
ԱՏ – Կրնայ ըլլալ…
Չի շարունակեր, հաւանաբար շատ տխուր յուշերու գիրկը ինկած:
Պահ մը ես ալ կը լռեմ:
Ե – Բայց ձեռագրի մը մէջ յստակօրէն գրուած է «Ի թուին ՉԼԷ (1288) ծնաւ դուստր թագաւորին Ալիծն»: Ի վերջոյ թագաւորի մը զաւկին ծնունդը արձանագրութեան արժանի դէպք է…
Կրկին լուռ կը մնայ:
Ե – Գիտեմ որ պսակուած էք. կրցա՞ք ձեր «տեսոյն արժանի»-ն գտնել:
ԱՏ – Եղբայրս, Օշին թագաւորը յարմար նկատեց զիս հարս տալ վրաց արքայազն Դաւիթին. նշանդրէքը 1308-ին էր, իսկ պսակը՝ 1311-ին:
Ե – Զաւակներ չէ՞ք ունեցած:
ԱՏ – Այդ մասին ալ արձանագրութիւն չկայ… Ինչպէ՞ս ունենայի:
Կը զգամ, որ իր միտքը եւս կ’երթայ մահուան. 1288-ին ծնած Ալիծը
կը մահանայ 1316-ին:
Ե – Բայց ի՞նչ է այս տապանաքարին պատմութիւնը, աւելի յստակ՝ տապանաքարին տակ հանգչող անձին ինքնութեան անորոշութիւնը:
ԱՏ – Մահուան մէջ ալ զիս հանգիստ չթողուցին. ըստ Տարսոնի եկեղեցւոյ մէջ գտնուած տապանաքարի գրութեան, անոր տակ հանգչողը Ալիծն է. շփոթութիւնը հօրս մասին է, կը կարծուէր թէ հանգչողը Հեթում երրորդի դուստր Ալիծն է…
Ե – Մեծագոյն ափսոսանքը սակայն կու գայ այն իրողութենէն, որ ոչինչ պահուեր է ձեր գրչութենէն… բացի միջնադարեան երկէ մը քաղուած տողերէն, որոնք շնորհիւ Ղ. Ալիշանին, դարձեր են միակ հաւաստի վկայութիւնը ձեր մասին.
«Գրեաց զայբուբենս եւ ասաց, թէ ով ոք որ սմա նմանեցընէ, նա է իմ տեսոյն արժանի: Որ եւ գրելալ բերին զերկուքն. ոչ հաւանեալ ասէ.
Ծայրըն Ձա-ին, ծակըն Ծա-ին
Չի՛ նըմանիր գիրն Ալիծին:
Եւ դարձեալ ասէ վասն ուզողացն, թէ ով որ գրէ
զԾայրըն Ձա-ին, զծակըն Ծա-ին
նա կու լինի փեսայ Ալիծին:
Եւ ոմն ի նոցանէ զրեալ եդիր. եւ հաւանեալ ասէ.
Ծայրըն Ձա-ին, ծակըն Ծա-ին
Կու նըմանի գիրն Ալիծին»:
Երբ այս տողերը կ’արտասանէի, ժպիտ մը սկսաւ ուրուագծուիլ դէմքին վրայ: Յետոյ, հանդարտօրէն, իշխանուհիի վայել ծանրութեամբ, ելաւ տեղէն եւ սկսաւ դէպի անտառ քալել, մինչ մշուշին մէջ կը կորսուէր իր գեղուղէշ հասակը…
 Մարուշ Երամեան