Երեկոյ էր…
Կողք-կողքի կանգնած անոնք հրաժեշտ կու տային արեւին՝ մերթ ընդ մերթ իրարու դառնալով եւ գուրգուրանքով լեցուն ժպիտ մը փոխանակելով: Անոնց ժպիտը այնքան պայծառ էր, որ կարծէք աշխարհի ամէնէն երջանիկ անձերը ըլլային: Օդը այնքան ալ նպաստաւոր չէր՝ այդ ժամուն դուրսը գտնուելու համար, մանաւանդ որ կը մօտենային ամանորեան օրերը, սակայն իրարու կողքին գտնուելով կը ջերմանային: Երիտասարդ հոգիները միախառնուած կ’ապրէին իրենց երջանիկ պահերը:
Պահ մը ետք, երիտասարդ տղան ողնահարի ամբողջ երկայնքին զգաց զօրաւոր սարսուռ մը եւ ուշքի եկաւ: Կը մսէր: Անդրադարձաւ, որ կողքին եղող ու զինք ջերմացնողը աղջկան մասին իր երեւակայութիւնն էր, եւ ոչ՝ անոր ֆիզիքական ներկայութիւնը:
Երիտասարդը յաճախ կը գտնուէր նման իրավիճակի մէջ՝ զանազան առիթներով: Կը սիրէր երազել ու երեւակայել, որովհետեւ միայն այնտեղ կրնար իրականացած տեսնել իր փափաքները եւ երջանիկ զգալ: Ան կ’երազէր, որովհետեւ միայն այնտեղ կրնար աղջիկը իրը նկատել եւ անոր հանդէպ ունեցած զգացումները արտայայտել ազատօրէն:
***
Անոնք ընկերներ էին՝ շատ մտերիմ ընկերներ, բայց երբեւէ չէին կրցած համարձակութիւն գտնել՝ ազատօրէն արտայայտելու իրենց ներքին՝ զգացական աշխարհին մասին:
Ամանորի շրջանին գտնուելով՝ քաղաքը ամբողջութեամբ լուսաւորուած ու զարդարուած էր: Իւրաքանչիւր թաղ ու շրջան, շէնք ու ծառ կարծէք կը շողային լուսաւորութեան մէջ: Զանազան շրջաններու մէջ կը կատարուէին տօնախմբութիւններ եւ համերգներ, այնքան, որ մէկը կ’ուզէր բոլորին ալ ներկայ գտնուիլ: Վերջապէս Նոր Տարի էր, ամէն մարդ փութով կը շրջէր խանութէ-խանութ՝ լիուլի պատրաստուելու համար Նոր Տարուան խրախճանքին:
Նուէրներ ու խաղալիքներ, համադամ ճաշատեսակներ եւ անուշեղէններ, զովացուցիչներ, գինիի եւ այլ տեսակ ըմպելիներու շիշեր, բոլորը պէտք էր հասնէին ճիշդ ժամուն: Անոնցմէ ոմանք պէտք էր լաւ տաքնային, ուրիշներ պէտք էր լաւ սառէին, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր ճիշդ եւ իւրայատուկ համը տար:
Երիտասարդն ալ նոյն տարուբերումին մէջն էր՝ երբեմն տաք երբեմն սափ-սառ՝ նայած թէ ո՞ր աշխարհով կ’ապրէր, երազային հաճելի՞ աշխարհով, թէ՞ իրական ու դառն աշխարհով: Ան յաճախ կը գտնուէր ամանորեան տօնակատարութիւններու, որոնց ներկայ կ’ըլլար նաեւ աղջիկը, բայց անոնք առանձին չէին ըլլար, որովհետեւ երկուքն ալ ընկերային շրջանակներու մէջ աշխոյժ մասնակցութիւն ունէին, հետեւաբար ընկերներու խմբակ մը անպայման այնտեղ էր՝ իրենց հետ: Անոնք միասին կը զուարճանային իբրեւ ընկերներ, բայց երբեք՝ իբրեւ զոյգ: Երկուքն ալ կենսուրախ ու ժպտադէմ, պայծառ ժպիտը անպակաս իրենց դէմքերէն՝ հաճելի տրամադրութիւն կը ստեղծէին իրենց շուրջ գտնուողներուն, բայց միայն Աստուած գիտէ թէ որքա՜ն կը ճմլուէին անոնց սիրտերը:
Անոնց ներաշխարհն ու երազները տաք ու ջերմ էին՝ ինչպէս իրենց հոգիները, բայց անոնց արտայայտութիւնները եւ վերաբերմունքը ձիւնի նման էին՝ սառած, մաքուր եւ դանդաղ:
Կը պատահէր, որ անոնք գտնուէին համերգներու եւ թատրոններու, ֆիլմերու կամ պարզապէս ծովափը քալելու, միշտ իրարու կողքին էին, բայց երբեք՝ միասին:
Այնքան հաճելի էր երիտասարդին համար ներկայ գտնուիլ ֆիլմի ցուցադրութեան, գտնուիլ սենեակի մը մէջ, ուր իր կողքին նստած ըլլար անոր երջանկութեան, ժպիտին պատճառը եղող հոգին: Ցուցադրութեան ընթացքին անոնք պիտի ունենային մտածումներ եւ զգացումներ, վախեր ու արցունքներ, ժպիտներ ու խնդալներ: Յաճախ իրարու պիտի դառնային եւ սիրալիր ժպիտ մը փոխանակէին: Իրարու ձեռքերը բռնած երբեմն պիտի սեղմէին զանոնք կամ բարձրացնելով շրթունքին պիտի դպցնէին: Երիտասարդը այնքան պիտի ուզէր, որ ապահովութեան համար իր ուսին հանգչէր աղջկան առատ, բայց փափուկ մազերով գլուխը:
Բայց յանկարծ, երբ հանդարտ ու մեղմ երաժշտութեամբ տեսարանին կը յաջորդէր աղմկալից եղանակով տեսարան մը, երիտասարդը կը սթափէր եւ կը փորձէր բան չեղածի պէս շարունակել դիտել՝ կասկածի նշոյլ մ’իսկ չտալու համար շուրջիններուն: Աղջիկը նոյնպէս, քիչ մը աւելի համարձակ, երբեմն կը մօտենար եւ տղուն ականջին բան մը ըսելու պատրուակով իր շունչը կը փչէր անոր երեսին:
Որքան մօտենար Ամանորը, այնքան աւելի զգացական կը դառնար երիտասարդը: Այնպէս չէ, որ ան մտահոգ էր միմիայն իր երազային աշխարհով եւ չէր հետաքրքրուեր ուրիշ բանով: Ան իրեն վստահուած բոլոր պարտաւորութիւնները արդէն իսկ կատարած էր: Շատ ընկերային եւ զբաղ առօրեայ մը ունենալուն՝ ընտանեկան կապը եւ պարտաւորութիւնները երբեք չէին անտեսուեր:
Այս բոլորին կողքին երիտասարդը ունէր շատ մեծ մտահոգութիւն մը, որ ընտանիքէն զատ ոչ ոք գիտէր՝ բացի աղջիկէն: Երիտասարդը Նոր Տարուան առաջին օրն իսկ պիտի ճամբորդէր եւ ընդմիշտ հեռանար երկիրէն: Ան չէր համարձակած ըսել աղջկան, մտածելով որ հետաքրքրութեան պիտի չարժանանայ եւ կամ աւելի պիտի բարդացնէ այդ կապը, որ միայն ներքին աշխարհով կը զգար:
Աղջիկը անտեղեակ չէր, տղուն գաղտնիքը ձեւով մը հասած էր իր ականջին եւ շատ ապշեցուցած: Ան թէեւ կը սպասէր տղայէն լսել այդ լուրը, սակայն տղուն բնաւորութիւնը լաւ ճանչնալով գիտէր, որ այդ մէկը անկարելի էր: Անսպասելի էր, չէր երեւակայեր, որ օր մը նման կացութեան մը առջեւ կրնար գտնուիլ: Բայց որոշումը իրը չէր, ի՞նչ ընէր…
***
Վերջապէս հասած էր բոլորին կողմէ սպասուած օրը: Քաղաքը ամբողջութեամբ պատրաստ էր դիմաւորելու Նոր Տարին: Չարաճճի պատանիներ փողոցները ինկած աջ ու ձախ պայթուցիկ կը դնէին ու կը փախչէին՝ սպասելով իրենց քաջագործութեան արձագանգին: Ընտանիքներ, բոլորուած սեղաններու շուրջ, կը յիշէին անցնող տարուան կարգ մը պատմութիւններ, որոնցմէ շատեր խնդուք կը պատճառէին, իսկ ուրիշներ՝ զարմանք: Տղամարդիկ, գլուխ-գլուխի նստած խօսքեր կը շռայլէին կամ քաղաքական քննարկումներ կը կատարէին, իսկ տիկիններ՝ ճաշերը սեղան բերած ըլլալով, ինկած էին անուշեղէններու բաղադրատոմսերու փոխանակման մէջ:
Այս գեղեցիկ զրոյցներուն անշուշտ որ կ’ընկերակցէր հանդարտ երաժշտութիւն մը՝ ըստ ճաշակի: Կարգ մը տուներ կ’ունկնդրէին Նոր Տարուան աւանդական երգեր, ուրիշներ իրենց ճաշակը քիչ մը բարձր նկատելով դրած էին դասական երաժշտութիւն: Կար ուրիշ խմբակ մը, որ խրախճանքին մեկնարկը քիչ մը կանուխ տուած ըլլալով արդէն իսկ անցած էր պարի, բայց կար նաեւ այլ խմբակ մը, որ որեւէ երաժշտութիւն չէր ունկնդրեր, այլ սեղանին շուրջ հաւաքուած իւրաքանչիւր անձ իր հերթին բաժակաճառ մը կ’արտասանէր եւ երգ մը հնչեցնելով կը խանդավառէր մթնոլորտը:
Այս վերջին խմբակին կը պատկանէր մեր սիրելի երիտասարդին ընտանիքը, բայց այն տարբերութեամբ, որ երգերուն կ’ընկերակցէր նաեւ դաշնամուրի գեղեցիկ հնչողութիւնը՝ երիտասարդին իսկ կատարողութեամբ: Ամէն մարդ ուրախ էր եւ մթնոլորտը՝ խանդավառ: Բաժակները իրարու ետեւէ կը նորոգուէին, ամաններուն մէջ պարապ անկիւն մը գտնելը անհնար էր:
***
Երիտասարդին համար ալ վերջին օր մըն էր, բայց՝ շատ անսպասելի: Ան կը բաժնեկցէր բոլորին ուրախութիւնը, բայց այն անձը, որ կրնար բաժնեկցիլ իր ուրախութիւնը՝ իր կողքին չէր: Ընտանիքի եւ հարազատներու շուրջ գտնուիլը մեծ ուրախութիւն էր, սակայն ժամանակը որքան յառաջանար, այնքան աւելի ճնշիչ կը դառնար այդ մթնոլորտը, որովհետեւ ժամեր ետք այլեւս ինք բացակայ մը պիտի ըլլար այդ տունէն:
Երիտասարդը տակաւին չէր կրցած տաքի եւ պաղի միջեւ յստակ կէտ մը գտնել, անոր մտածումները եւ զգացումները յաճախ կը տարուբերէին, կ’ուզէր ապրիլ ներկան, բայց արդեօք աւելի հաճելի չէ՞ր երազել այն ինչ որ կը պակսէր իրեն այդ պահուն, թէ՞ երազէր ու ծրագրէր յաջորդ օրուան ընելիքները եւ ճամբորդութիւնը:
Ժամը որքան յառաջանար, երիտասարդը այնքան ջղագրգիռ կը դառնար, որովհետեւ յաճախ կը կրկնուէր իր անունը: Չէր ուզեր բոլորին ուշադրութիւնը իրեն վրայ կեդրոնանայ, որովհետեւ խառնուածքով զգայուն երիտասարդը շատ աւելի զգայուն դարձած էր այդ ժամերուն: Պզտիկ բառ մը կամ ակնարկ մը կրնար յորդառատ արցունքներու պատճառ դառնալ:
Դարձեալ դաշնամուրին առջեւ անցած էր, բայց այս անգամ այնքան տխուր կը հնչէր անոր ձայնը, որ կարծէք կ’արտացոլացնէր երիտասարդին ներաշխարհը: Պահ մը կարծէք կը վերակենդանանար, պայծառ գոյներ կը ստանար՝ յիշելով եւ մտորելով իր գեղեցիկ երազները, բայց յաջորդ պահուն դարձեալ մութ ու տժգոյն աքորտներ…
***
Հասած էր երիտասարդին կարծած ամէնէն դժուար պահը, հրաժեշտ պիտի տար բոլորին: Կարելի չէր պատկերացնել, թէ ինչպէս քանի մը ժամուան ընթացքին տան մթնոլորտը փոխուած էր: Նոյն պատկերները, նոյն մարդիկը, նոյն զարդարանքները եւ նոյն գոյները դարձած էին պղտոր ու մութ:
Տունէն իջնելէ ետք երիտասարդը կ’ուզէր մաքուր շունչ մը քաշել, կարծէք ներսէն այնքան հիւծած ու խեղդուած էր, որ վայրկեան առաջ հանգստութիւն կը փնտռէր: Մինչեւ օդակայան հասնիլը, ճամբան երկար էր: Ճամբու ընթացքին տակաւին կ’երեւէին մարդիկ, որոնք մէկ խրախճանքը վերջացուցած ուրիշի մը կը վազէին: Անդին շէնքի մը մուտքին քանի մը հոգի կը շտկէին «Կաղանդ Պապուկին» մօրուքն ու գլխարկը, կարծէք այնտեղ նոր սկսած ըլլար երեկոյթը: Թաղերուն ծայրերը կ’երեւէին նաեւ այն չարաճճիները, որոնք ժամ մը միայն մնացած էին իրենց տունը եւ մնացեալ ժամերը անցուցած էին թաղէ թաղ շրջելով եւ անցորդները վախցնելով իրենց պայթուցիկներով:
Քառորդ ժամ անցած էր, երբ հասան օդակայան: Դուրսէն այնքան պայծառ կը շողային անոր լոյսերը, որ տեսնող մը կը կարծէր, թէ խրախճանք մըն ալ այնտեղ կը կատարուէր: Սակայն երբ ներս մտան, սովորականէ աւելի դատարկ ու լուռ գտան ամէն բան: Երիտասարդին կ’ընկերակցէին միայն անոր ընտանիքի անդամները: Չէր ուզած ողբերգութիւն մըն ալ այնտեղ ապրիլ՝ վերջին պահուն: Ոեւէ մէկը չէր համարձակեր լռութիւնը խզել: Կարծէք բոլորին ալ կոկորդները խեղդուած էին եւ չէին կրնար ձայն հանել: Երբեմն կը նայէին իրարու, բայց միշտ անձայն ու լուռ:
Երիտասարդը չէր կրնար միտքէն հանել աղջիկը: Ինքզինք յանցաւոր կը զգար, որ չէր կրցած որեւէ բան ըսել եւ այսպէս գաղտագողի կը ճամբորդէր: Բայց արդեօք ի՞նչ կը պատահէր աղջկան հետ: Նոյն ժամերուն, երբ տղան կը պատրաստուէր օդակայան մեկնիլ, աղջիկը կը փորձէր ձեւ մը գտնել՝ տունէն դուրս գալու: Վերջապէս ազգականներէն մէկը համոզելով մէկ ժամուան համար դուրս եկած էր:
Երբ օդակայան հասան, աղջիկը առանց իսկ վայրկեան մը սպասելու ինքնաշարժին դուռը բանալով ներս վազեց: Աչքով արագ քննելէ ետք գտաւ երիտասարդը, անոր անունը կանչեց եւ մէկ շունչի վրայ սկսաւ վազել անոր ուղղութեամբ: Շուրջը գտնուողները զինք խելագար մը կը կարծէին, բայց ան ոչ մէկուն կարեւորութիւն տուաւ: Նոյնիսկ երիտասարդին հայրն ու մայրը զինք տեսնելով ապշահար եղած էին:
Երիտասարդը աղջկան ձայնը լսելով մարմինին վրայ զօրաւոր ցնցում եւ պաղութիւն մը զգաց, ետեւ դարձաւ եւ աղջիկը տեսնելով անմիջապէս գրկեց զայն: Կարելի չէ երեւակայել թէ այնտեղ որքա՜ն արցունք թափուեցաւ, բայց ուրախութեա՞ն արցունքներ էին, թէ՞ տխրութեան՝ ոչ ոք գիտէ: Անոնք վերջապէս, երկա՜ր տարիներու պատը քանդած էին, անցած էին այն սահմանը, որ ինչ-ինչ պատճառներով դրուած էր իրենց շուրջ, անոնք վերջապէս գտած էին այն համարձակութիւինը, որ տարիներ շարունակ պակսած էր իրենց մօտ: Անոնք կ’ուզէին, որ ժամանակը քիչ մը կանգ առնէր, որպէսզի կարենային քանի մը վայրեան աւելի վայելել զիրար:
Երիտասարդը չէր հասած մտածել թէ ի՞նչ կը կատարուէր, ինչպէ՞ս կը կատարուէր: Չէր հասկնար, թէ աղջիկը ինչպէ՞ս գիտցած էր, որ ինք այնտեղ է, չէր հասկնար թէ ինչպէ՞ս ան այդ ժամուն եկած է օդակայան: Պահը չէր արտօներ այդ բաներուն մասին մտածելու, որովհետեւ այդ պահը միայն զգալու համար էր, եւ ոչ՝ վերլուծումներու:
Եւ ահա հնչեց օդանաւ բարձրանալու վերջին կանչը…
Գրիգոր Արապաթլեան