Յունաստանը Հայաստանի համար կարեւոր գործընկեր է եւ գոյութիւն ունի մեծ ներուժ՝ երկկողմ գործակցութիւնը խորացնելու համար։«Արմենփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան, որ անցնող օրերուն, պետական այցելութեամբ Յունաստան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պատուիրակութեան կազմին մէջ էր։
Անոր համաձայն, վերջին տարիներուն դրական զարգացումներ նկատուած են ներդրումներու եւ առեւտրական շրջանառութեան ոլորտներուն մէջ։ « Այնուամենայնիւ բաւականին աշխատանք կայ կատարելու այս ուղղութեամբ։ Գործարար շրջանակներու հետ մեր հանդիպումներու ընթացքին պիտի փորձենք մէկ կողմէ ներդրումներ ներգրաւել, միւս կողմէ արտահանման նոր շուկաներ գտնել», ըսած է նախարար Պապոյեան։