18 Փետրուարին տեղի ունեցաւ «Հայ ուսանողութիւնը Արցախի համար» ուսումնասիրութիւններու մրցոյթի երկրորդ փուլի եզրափակիչ հանդիպումը, որուն առանցքային նիւթը Արցախ վերադարձի իրաւունքն էր։
Մրցոյթը կազմակերպած էր ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը՝ նպատակ ունենալով համախմբել աշխարհասփիւռ հայ ուսանողութիւնը Արցախի հիմնահարցի շուրջ։
Մրցոյթը ի մի բերած էր ինը երկիրներէ 15 հայ ուսանողներ, որոնք ամիսներ շարունակ աշխատած են փորձագէտ խորհրդատուներու հետ՝ ներկայացնելով խորքային հետազօտութիւններ Արցախ վերադարձի իրաւունքի իրաւական, քաղաքական եւ մարդասիրական կողմերուն շուրջ։
Ձեռնարկին մասնակցած էին ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի, Արցախի Կեդր․ Կոմիտէի անդամներ, Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, սփիւռքէն ժամանած ՀՅԴ կազմակերպական շրջաններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր, ուսանողներ: Ներկայ էր նաեւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:
Ձեռնարկին զեկոյցներով հանդէս եկած են՝ ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Ցողիկ Աշըգեան, հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի ծրագրերու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր-Գէորգեան եւ ուրիշներ:
Ձեռնարկի ընթացքին յայտարարուած են մրցոյթին յաղթողներուն անունները։