ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ ՄԱՐՄԻՆԸ ՏՕՆԱԿԱՆ ՕՐԵՐՈՒ ԾԱՆՐԱԲԵՌՆՈՒԱԾՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ
Տօնական օրերը աւարտած են, սակայն ամանորեան առատ ու իւղոտ սնունդի հետեւանքները յաճախ կը յիշեցնեն, որ պէտք է վերակազմակերպել սնունդը եւ թարմացնել մեր օրկանիզմը՝ զայն զերծ պահելով յաւելեալ ծանրաբեռնուածութենէ։ Doctors.am կայքի մասնագէտներու տուեալներով՝ տօնական շրջանին մարդիկ միջին հաշուով կը գիրնան 2-3 Ք. կ.,  իսկ որոշ պարագաներու՝ շատ աւելի։ Շատերուն համար քանի մը քիլոկրամի գիրութիւնը արդէն անյարմարութիւն կը ստեղծէ, ուստի Ամանորէն վերջ անհրաժեշտ է ուշադրութիւն դարձնել ծանրութեան եւ օրկանիզմի վերաթարմացման։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հինգ պարզ քայլեր, որոնք կը նպաստեն մարմինի վերաթարմացման ու աւելորդ ծանրութենէ ձերբազատման։
1. Օրկանիզմի մաքրում (տեթոքս)
Տօնական ծանր սնունդէն ետք, անհրաժեշտ է օրկանիզմին օգնել, որպէսզի ան թոքսինները (թունաւոր նիւթեր) հեռացնէ։ Առաւօտեան ստեպղինի կամ ճակնդեղի թարմ հիւթը կը նպաստէ մարսողական համակարգի աշխուժացման։ Կայքի բժիշկները կը թելադրեն օգտագործել զանոնք 5-7 օր՝ հաւասարակշռուած սնունդի հետ միատեղ։
2. Բեռնաթափման օր
Տօներէն ետք, կարելի է կազմակերպել մէկ բեռնաթափման օր։ Այդ օրը կը թելադրուի կամ նուազագոյնի հասցնել սնունդը, կամ օգտագործել մէկ տեսակի պտուղ կամ բանջարեղէն (օրինակ՝ խնձոր, վարունգ)՝ միաժամանակ ապահովելով խմելով բաւարար հեղուկ։
3. Շոգեբաղնիք
Շոգեբաղնիք այցելելը կը նպաստէ աւելորդ հեղուկի դուրս բերման եւ թեթեւութիւն զգալ
կու տայ։ Սակայն պէտք է յիշել, որ ան յարմար չէ բոլորին, ուստի քրոնիկ հիւանդութիւններու առկայութեան պարագային անհրաժեշտ է խորհրդակցիլ բժիշկին հետ։
4. Ֆիզիքական աշխուժութիւն եւ մարզանք
Մարզանքը, նոյնիսկ քալելը, կ’օգնեն պահպանելու աշխուժութիւնը եւ կենսուժը, այրելու ջերմուժը եւ պահպանելու սրտի երակներուն առողջութիւնը։
5. Լաւ քուն
Տօնական օրերուն յաճախ քունը կը խախտի։ Յետամանորեան շրջանին կարեւոր է վերականգնել զայն՝ քնանալով օրական առնուազն 7-8 ժամ եւ պահպանելով քնանալու եւ արթննալու կայուն ժամեր, ինչ որ կը նպաստէ նիւթափոխանակման կանոնաւոր աշխատանքին։
ՁՄՌԱՆ ՑՈՒՐՏ ՕՐԵՐՈՒՆ
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԻՆՉՊԻՍԻ՞ 
ՀԱԳՈՒՍՏ ԸՆՏՐԵԼ
Մանկաբուժները յաճախ կ’ըսեն, որ նախընտրելի է մանուկին բարակ հագցնել քան անոր կրկնակի հագուստով շատ տաքցնել ու քրտնեցնել: Ուստի մայրերը երբեմն կը շուարին, ի՞նչ ընել, որ մանուկը չմսի։
Իսկապէս, ինչպէ՞ս հասկնալ մանուկին, չէ՞ որ ան չի կրնար բառերով արտայայտուիլ այդ տարիքին, այլ պարզապէս կու լայ եթէ տաքնայ կամ մսի:
Doctors.am-ը կը յայտնէ, որ մանուկի պաղելու առաջին չափորոշիչը մաշկի գոյնն է: Փոքրիկին մաշկը պէտք է բաց վարդագոյն ըլլայ: Եթէ զբօսանքէ մը վերջ անոր հագուստը փոխած ատեն նկատէք, որ մաշկը կարմիր է, կը նշանակէ շատ տաքցած է: Յաջորդին այդքան հաստ հագուստ մի՛ ընտրէք:
Երկրորդ չափորոշիչը փոքրիկի հակադարձութիւնն է: Եթէ մանուկը մսի, ոչ միայն կու լայ է, այլեւ գերաշխոյժ կը դառնայ: Այս հակադարձութիւնը բաւական բուռն է, ան շատ արագ նկատելի կը դառնայ:
Սակայն փոքրիկը տաքնալու պարագային ալ կը սկսի լալ, ուրեմն եթէ փոքրիկը հանգիստ է, ո՛չ կու լայ, ո՛չ չափազանց աշխոյժ կը դառնայ, կը նշանակէ որ մայրիկը յարմարագոյն հագուստը հագցուցած է անոր։
Փոքրիկը մի՛ ծանրաբեռնէք կարգ-կարգ հագցնելով զինք։ Թող իր մարմինը ազատ շարժի ու շնչէ, կարեւորը հագածը բաւարար ջերմութիւն տայ անոր, բայց չքրտնեցնէ այն աստիճան, որ այտերն ու մաշկը կաս կարմիր դառնան։ Այս պարագային, թեթեւ հով մը կրնայ անհանգստացնել զինք։