Ս. ՍԱՐԳԻՍ
«ՄԱՐ ՍԱՐԳԻՍ» ԿԱՄ «ՏԷՐ ՍԵՐԳԻՈՍ»
Սարգիս հռոմէական բանակին մէջ քաջ ու առաքինի զինուորական մըն էր եւ կ՜ապրէր Կեսարիոյ Գամիրք գաւառին մէջ: Ան համարձակութեամբ կը քարոզէր Աւետարանը եւ կը կործանէր  բագիններ եւ մեհեաններ: Իւլիանոս Ուրացողի օրով Սարգիս իր Մարտիրոս որդւոյն հետ ապաստանեցաւ Հայաստան, Տիգրան թագաւորին քով: Անկէ անցաւ Պարսկաստան ու ծառայեց Շապուհի բանակին մէջ: Մեծ եղաւ իր եւ իր զաւկին ազդեցութիւնը՝ իր հսկողութեան տակ դրուած զօրքին վրայ: Անոնց մէջ քրիստոնեայ դարձողներ եղան:
Պատանի Մարտիրոս (Ս. Սարգիսի որդին) ձերբակալուեցաւ թշնամի գունդի մը կողմէ, Ս. Սարգիս շատ տխրեցաւ եւ Աստուծոյ ապաւինելով երեք օր՝ գիշեր ու ցերեկ անդադար աղօթեց, միանգամայն խիստ պահք պահելով: Ան Աստուծոյ կ’ըսէր՝ «Դուն ես իմ Աստուածս. քովդ տկարութիւն չկայ, Տէր իմ, Յիսուս Քրիստոս: Դուն կարող ես զիս փրկել իմ թշնամիներուս ձեռքէն եւ ինծի տալ իմ որդիս»:
Չորրորդ օրը ժամը երեքին, տղան ազատ արձակուելով վերադարձաւ իր հօր:
Սարգիս եւ իր զաւակը արքայական հրաւէր ստացան արքունի մեհեանի մէջ զոհեր մատուցանելու: Զօրավարը մերժեց ու նոյնիսկ խիզախ գտնուեցաւ անարգելու կուռքերը: Մոգերը յարձակեցան անոնց վրայ ու ոտնակոխ ընելով սպանեցին զաւակը: Սարգիս դատուեցաւ ու գլխատուեցաւ:
Սուրբ Սարգիս իր մահկանացուն կնքեց Ք. Ե.  362 թուականի վերջը կամ 363-ի սկիզբը:
Անոր տօնը երբեմն Յունուարի վերջը երբեմն Փետրուարի սկիզբը կը հանդիպի:
«Յայսմաւուրք»-ը, հետեւեալը կը գրէ.
«Սուրբ Սարգիս մահացաւ Մաղընդարան կոչուած վայելուչ վայրին մէջ, Դաղման քաղաքի մօտ: Հաւատացեալները սուրբ Սարգիսին մարմինը առնելով, տարին Համիան քաղաք: Ապա Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետը գալով՝ առաւ Սուրբ Սարգիսի մարմինը  եւ տարաւ Կարբի եւ պատուով թաղեց: Ապա նոյն տեղը հռչակաւոր վանք մը շինեց, որ մինչեւ այսօր կը մնայ: Ետքը սուրբին ակռաներէն ակռայ մը առնելով, տարաւ Վրաստան՝ Կակայ դաշտը եւ դրաւ խաչափայտին մէջ: Խաչը օծելով՝ կանգնեցուց Կակայ բլուրին գագաթը, որ մինչեւ այսօր կը կոչուի «Կակայ Սուրբ Սարգիս»: Ան մեծամեծ հրաշքներ կը գործէ գերեալներու, բանտարկեալներու եւ ցաւագարներու համար:
Ան հռչակաւոր էր ոչ միայն հայոց, այլեւ բոլոր արեւելեան քրիստոնեաներու մօտ:
Հայերը բազմաթիւ եկեղեցիներ ունին անոր անունով: Ժողովուրդը բազում աւանդութիւններ ու ծէսեր կապած է անոր անուան:
Առաջաւորաց պահքը ժողովուրդը վերանուանած է Ս. Սարգիսի պահք կամ տօն անունով:
Հին Հայաստանի մէջ կրօնական այս տօնը, ժողովրդական սիրուած տօն էր, որ կապուած էր երիտասարդութեան սիրոյ հետ: Որոշ հետազօտողներու կարծիքով, Ս. Սարգիսի անուան շուրջ հիւսուած առասպելը Արա Գեղեցիկի եւ Շամիրամի առասպելի քրիստոնէական պատմութիւնն է: Արա Գեղեցիկը ծանօթ է իբր բնութեան եւ բուսականութեան զարթօնքի աստուած: Նոյնն է նաեւ Ս. Սարգիսը, որուն առասպելին մէջ, «Ս. Սարգիսի յոյն աղջիկը առեւանգելու առասպելը», ուր առաւելապէս շեշտուած է սիրոյ, ամուսնութեան գաղափարը:
Հայաստանի բոլոր նահանգներուն մէջ Ս. Սարգիսի տօնին երիտասարդները աղի հաց կ’ուտէին եւ ծարաւ կը քնանային, որպէսզի իրենց ապագայ հարսնցուներն ու փեսացուները իրենց երազներուն մէջ ջուր տալով հաւաստէին իրենց նուիրական սէրը:
Անոնք միաժամանակ վայրի թռչուններուն համար հաց եւ կերակուր կը դնէին, որպէսզի դէպի ուր տանիլը նկատելով գուշակէին հարսնցուներուն ու փեսացուներուն գտնուած վայրը:
Աւանդութեան համաձայն, Ս. Սարգիսը իր օրապահիկ աղանձը (խարկուած ցորեն) գրպանը դրած, ութօրեայ կռիւի մասնակցած է Յունադաւան վրացիներու դէմ, այդ ընթացքին աղանձի հատիկները փոխինդի «խարկուած ալիւրով, իւղով ու մեղրով ուտելիքի» վերածուած են: Իբրեւ թէ այս յիշատակին համար ալ Ս. Սարգիսի տօնին մեծ կիները փոխինդ կը դնէին դռան ետեւ, որպէսզի Ս. Սարգիսը ձիով անցնելու ատեն հետքեր ձգէ անոր վրայ: Արդէն աղանձը ինքնին
կը խորհրդանշէ բուսականութիւնն ու անոր զարթօնքի գաղափարը, որ կապուած է Ս. Սարգիսին:
 Ներկայիս այս տօնը Հայաստանի մէջ կը յիշատակուի եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, ժողովրդական սովորութիւններով, որովհետեւ Ս.Սարգիսը արագահաս բարեխօսն է, երիտասարդները կը դիմեն սուրբին, որ իրենց աղօթքները հասցնէ առ Աստուած:
Երիտասարդները իրարու բացիկներ եւ քաղցրեղէն կը նուիրեն եւ տօնի օրը զօրավարի անունը կրող եկեղեցիները Ս. Պատարագ կը մատուցեն, որմէ ետք կը կատարուի երիտասարդներու օրհնութեան կարգ, ետքը երիտասարդները կը բռնեն շուրջպար՝ եկեղեցւոյ բակին մէջ, որպէս սիրոյ, միասնականութեան եւ զարթօնքի նշան: