(Հալէպի Մէջ 135-Ամեակի Տօնակատարութեան  Ընթացքին 
Զեփիւռ Է.  Րէիսեանի Արտասանած Խօսքը) 
Աւելի քան դար մը յանուն հայուն եւ հայրենիքին՝  պայքարի, նուիրումի ու ծառայութեան ճամբով անցած, հայութեան  խիզախ ու ազատատենչ ոգին  զարթնեցուցած, պայքարող անզիջում կամք կոփած եւ ազգային-պետական աշխարհահայեացք կերտած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը բոլորէ իր 135-ամեակը՝  յանձնառու, կանգուն եւ անխոնջ։
Այս  սրահէն ներս  մեզ համախմբած է  նշումը՝  Կազմակերպութեան օրուան, որ ի տարբերութիւն սովորական յոբելենական հանդիսութեանց, դարձած է աւանդաբար անոր կենսագործած սկզբունքներուն եւ ծրագրային առաջադրանքներուն շուրջ համակիր  ժողովուրդին հետ  հանդիպում՝   ինքնաքննութեան, անցած ճանապարհի  հաշուետու խօսքի եւ վաղուան ուղին ուրուագծելու պատասխանատու պահու։
Փոթորկոտ ժամանակներու, ազգային գոյամարտի հրամայականէն ծնունդ առած Կազմակերպութիւնը ժամանակի փորձով, իր անսակարկ հայրենասիրութեամբ, հետեւողական գործելակերպով եւ սկզբունքային կեցուածքով արժանացաւ վստահութեան՝ զինք ծնած ու 135 տարի  շարունակ սնուցած  մայր ժողովուրդին, որուն  հետ եւ որուն համար  գործե՛ց  ան եւ կը շարունակէ գործել  հոն, ուր կարիք  կայ.   նուիրե՛ց  ու տակաւին կը նուիրէ  իր լաւագոյնն ու առաւելագոյնը՝  ի  խնդիր հայութեան գերագոյն նպատակի  իրագործման: Նպատակ՝ որուն  հասնելու ճամբուն ուղենշային հանգրուաններ  էին.
– Ազգային իրաւունքներու վերատիրացումին ու բռնագրաւուած հողերու ազատագրութեան ի խնդիր մղուած մարտերը  եւ սեփական անկախ հայրենիքի ստեղծումը։
– Սփիւռքի կազմակերպումը, պահպանումը  եւ   հոգեւոր, բարեսիրական, մարզական, մշակութային ու կրթական  հաստատութիւններով հզօրացումը։
– Հայ մարդու հայ երիտասարդի  ազատասէր  ու պահանջատէր նկարագրի կերտումը։
– Ցեղասպաններու պատժումէն Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտումին ու հատուցման համար մղուած յարատեւ եւ շարունակուող պայքարը։
– Արցախեան ազատամարտի ու գոյապայքարի առաջնային գիծերու վրայ մարտնչումը։
– Միացեալ Հայաստանի եւ միացեալ հայութեան գաղափարին նուիրականացումը, հայկական անկախ պետականութեան կայացման ու հզօրացման ողջ կարողականութեամբ մասնակցութիւնը եւ ազգային քաղաքականութեան ձեւաւորումը
  Տասնամեակներու անդուլ աշխատանքի եւ  անասելի զոհողութեանց գնով կերտուած յաղթանակներէն, համրաքայլ, բայց յուսատու տեղաշարժերէն ետք,   Հայաստանի Հանրապետութեան այժմու իշխանութեան ազգավնաս  գործունէութեան հետեւանքով, ազգովին
կը գտնուինք  պատմութեան  ծանր ու վճռորոշ փուլի մը  մէջ։
Արցախի յանձնումէն ետք, վտանգուած է  Հայաստանի գոյութիւնը՝ ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը.  սասանուած են մեր անվտանգութիւնը,  ազգային արժէքները եւ Հայաստան-Սփիւռք միասնութիւնը.  տարածուած է հիասթափութիւնն ու պառակտումը հայրենիքի ու սփիւռքի մէջ։ Ողջ հայութեան  կը փորձեն  պարտադրել անձնատուութիւն, շարունակական զիջումներ եւ ինքնութեան մաշում,  թիրախաւորելով մեր ինքնութեան սիւները՝  Հայ եկեղեցին,  պատմութիւնը, ազգային խորհրդանիշերը, հայրենասիրութիւնն ու հաւաքական լինելիութեան  գիտակցութիւնը։ Մոռացութեան կը տրուին Պաքուի մէջ կալանաւորուած հերոսները։
Ժողովրդավարութիւն, մարդկային իրաւունքներ, խաղաղութիւն, տնտեսական բարեկարգումներ, փտածութեան դէմ պայքար, թափանցիկութիւն՝  շողշողուն բնութագրումներով քողարկուած.  այս  ընթացքը կը ձգտի հայը հեռացնել իր ազգային միջավայրէն, թուլացնել պետութիւնը եւ ժողովուրդը դարձնել սոսկ գոյատեւող անհատներու բազմութիւն։
Պահը ճակատագրական է  եւ պատասխանատու։
Վտանգուած են  հայրենիքը, պետութիւնը, Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւ մեր ինքնութիւնը։
– Մեր պատմութենէն ծնած, մեր ազգային կամքի կենդանի արտայայտութիւնը եւ մեր ինքնութեան յենասիւնը հանդիսացող սահմանադրութեան որեւէ խախտում անթոյլատրելի է։
– Մեր ժառանգութենէն եւ հաւաքական իրաւունքներէն հրաժարիլը՝ դաւաճանութիւն է ազգային շահին։
– Երկրի պաշտպանութեան միակ իրական երաշխիք հանդիսացող բանակի քայքայումը՝ պետութեան հիմքերու թուլացում է։
– Իսկ տնտեսական կախուածութեան տանող որեւէ համաձայնութիւն՝ սպառնալիք է մեր ինքնիշխանութեան։
Այս բոլորը միասին եւ առանձին՝  կտրականապէս մերժելի են։  Մեր գոյութիւնը չի սակարկուիր, արժանապատուութիւնը պաշտպանելու պայքարը  մեր պարտքն է։
Ա՛յս կը թելադրէ հայութեամբ բաբախող սիրտը եւ արդարութեամբ ու ճշմարտութեամբ զինուած միտքը։ Ա՛յս  կը թելադրէ Դաշնակցական մտածողութիւնը։ Ա՛յս  կը թելադրէ Դաշնակցութիւնը։
Եւ ահա  կրկին կը դիմուի հին փորձին.  սադրանքներով, նպատակադրուած  ջանքերով տարանջատել  Սփիւռքն ու Հայրենիքը,   ժողովուրդն ու Դաշնակցութիւնը։  Փորձ, որուն ձախողութիւնը պատմութեամբ  բազմիցս հաստատուած է։
Դաշնակցութիւնը, Սփիւռքի մէջ թէ հայրենիքի, ապրած է, անխափան կերպով գործած  է  եւ  պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝  համայն հայութեան համար եւ համայն հայութեան հետ՝ վերակենդանացնելու մեր հաւաքական ոգին, պահպանելու ազգային արժանապատուութիւնն ու ազգային արժէքները եւ միացեալ ճիգերով պայքարելու հայոց պետականութեան, ինքնութեան եւ ապագային համար։
Հայրենի առօրեային նման  փոթորկոտ է մեր տարածաշրջանը։
Միջին Արեւելքը տակաւին կը գտնուի խորքային փոփոխութիւններու  վերադասաւորման եւ քաղաքական ու անվտանգային անորոշութեան փուլին մէջ։ Տարածաշրջանը կը շարունակէ մնալ մրցակցող ազդեցութիւններու  դաշտ, ուր կայունութիւնը ցարդ  ժամանակաւոր է ու փխրուն։   Զինեալ հակամարտութիւններն ու  տնտեսական տագնապները  լուրջ ազդեցութիւն կը թողուն պետութիւններու ներքին կեանքին եւ ժողովուրդներու ապագային վրայ։
Սուրիոյ պարագային, տակաւին ամբողջութեամբ է յաղթահարուած տարիներու պատերազմի հետեւանքները, բարեբախտաբար կայացաւ  հեզասահ իշխանափոխութիւն։ Սակայն արտաքին ուժերու ներգրաւուածութիւնը, ռազմավարական եւ տնտեսական միջամտութիւնը   բարդացուցած են երկրի վերականգնման գործընթացը։
Անցումային կառավարութիւնը դէմ յանդիման է  բարդ եւ բազմաշերտ մարտահրաւէրներու։ Անոր հիմնական խնդիրն է ապահովել երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը, քաղաքական կայունութիւնը, վերականգնել պետական կառավարման վստահելիութիւնը եւ ստեղծել պայմաններ՝ հաստատութենական շարունակականութեան համար։
Միաժամանակ, ան պարտաւոր է դիմագրաւել տնտեսական ճգնաժամը, հասարակական բեւեռացումը եւ ներքին անվտանգային սպառնալիքները, որոնք կրնան խոչընդոտել կամ խաթարել անցումային շրջանի յաջողութիւնը։ Օրէնքի գերակայութեան հաստատումը, պետական հաստատութիւններու ամրապնդումը եւ հանրային վստահութեան վերականգնումը կը մնան կենսական առաջնահերթութիւններ։
Այս բոլորը կ’ենթադրեն հաւասարակշռուած քաղաքական կամք, ընդգրկուն ու համընդհանուր մօտեցում եւ պատասխանատու ղեկավարում, որպէսզի անցումային շրջանը դառնայ ո՛չ թէ անորոշութեան, այլ՝ կայուն եւ վստահելի ապագայի սկիզբ։
Իշխանութիւններու բարեացակամ մօտեցումով հանդերձ, բազմամեայ պատերազմի  ու տնտեսական ծանր պայմաններու ընդհանուր մթնոլորտէն  եւ կարգ մը իրադարձութիւներէն մեկնած,   սուրիահայութիւնը  կը շարունակէ դիմագրաւել լուրջ մարտահրաւէրներ։
Համայնքի գոյատեւումն ու անվտանգութիւնը միշտ կիզակէտ ունենալով գործած ենք եւ կը շարունակենք գործել զգօնութեամբ, կազմակերպուած, բոլորի հետ համատեղ եւ համախումբ՝  տեղականօրէն մեր գաղութին համար ապահովելու.
1. Անվտանգ ու ապահով ապրելու եւ արարելու կարելիութիւն՝ Սուրիական մեր Հայրենիքին մէջ, որուն կապուած ենք խոր արմատներով։
2. Տարիներու կուտակումներով ուռճացած տնտեսական դժուարութեանց կարելի լուծումներ՝  մեղմացնելու համայնքի զաւակներու ծանր բեռը  եւ  հասնելու անոնց ընկերային ու  առողջապահական  կարիքներուն։
3. Պահպանալու մեր ազգային-կրօնական ինքնութիւնը, լեզուն, մշակոյթը, հաւատելիքն ու ժառանգութիւնը եւ ծաղկեցնելու զանոնք ։ Կարճ խօսքով ներկայ պայմանններու ներած չափով, վերականգնել երբեմնի Հալէպի, Մայր գաղութի իւրայատուկ, կենսունակ  կեանքը։
4. Հայ դպրոցի  գոյատեւումը, որ յատուկ հոգատարութեան  ու գուրգուրանքի կարիք ունի։
5. Որպէս լիիրաւ քաղաքացի՝   իրաւունքներու  եւ պարտաւորութեանց  հաւասարութիւնը, գործուն մասնակցութիւն ունենալու  թէ՛  ընկերային, թէ՛ քաղաքական հարթակներու  վրայ։
Վերիվայրումներու այս հանգրուանին եւս, ինչպէս միշտ, գործի կազմակերպութիւնը իր նուիրեալներու հսկայ փաղանգով շարունակեց մնալ իր յանձնառութեան տէր։  Հանդիսութեան սահմանափակ ժամանակն  ու բնոյթը թոյլ չեն տար արժանավայել  ներկայացնելու անցնող ժամանակահատուածին  տարուած հսկայածաւալ ու բազմերանգ աշխատանքը, սակայն իւրաքանչիւր սուրիահայու վկայութեամբ, պատմութիւնը պիտի արձանագրէ բոլոր  այդ սխրագործութիւնները։
Սուրիահայ համայնքը պատահական գոյութիւն մը չէ։ Ան պատմական փորձառութեան, կազմակերպուած կեանքի եւ համազգային նուիրումի արդիւնք է։ Տասնամեակներու  բարդուած ջանքերով  ու ծով  զոհողութիւններով ստեղծուած են դպրոցներ, մշակութային կեդրոններ, մամուլ եւ միութենական ու  կուսակցական կառոյցներ։ Եկեղեցին, դպրոցը եւ ազգային կառոյցները ոչ միայն ծառայութիւններ են, այլեւ՝ գոյութեան երաշխիք։ Հակառակ գաղութի նօսրացումին,  կարեւորագոյն հրամայականներ կը մնան   համայնքային կազմակերպուածութիւնն ու սուրիահայութեան գոյութեան  պահպանումը։
Այս իսկ պատճառով, համայնքը իր հոգեւոր եւ աշխարհիկ թեւերով, համայն հայութեան շարունակական հոգատարութեան առարկան դարձաւ։
Սուրիահայութիւնը տագնապի ամբողջ տարիներուն առանձին չէր, իր հետ էին եւ ե՛ն  Սփիւռքը՝  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ եւ թեմակալ առաջնորդներով, Դաշնակցութիւնը՝  իր կառոյցներով  եւ ուղեկից միութիւններով ու նաեւ համայն հայութիւնը։
Սուրիահայութիւնը իր կարգին, ինչպիսի խնդիրներով ալ ծանրաբեռնուած ըլլայ, անտարբեր կամ հեռու չէ,  չի կրնար մնալ հայաշխարհը ալեկոծող  իրադարձութիւններէն։
Արտասովոր ու բարդ կրկնակ մարտահրաւէրներ ու կրկնակ պատասխանատուութիւն  կը դիմակալենք։ Այսօր մեզմէ կը պահանջուի ոչ թէ յուսահատիլ ու մնալ անտարբեր ու ձեռնածալ, ոչ թէ վախնալ փոփոխութիւներէն, այլ՝ խորապէս հասկնալ զանոնք եւ համախմբուած գործել։
Պատմութիւնը բազմաթիւ  օրինակներով մեզի սորվեցուցած է, որ երբ հայութիւնը կազմակերպուած է եւ ունի յստակ ու համարձակ օրակարգ, կրնայ դիմագրաւել անգամ ամենադժուար կացութիւնները եւ գտնել «հնար»-ը։
Մեր միասնութիւնը՝ մեր ուժն է։
Մեր հաստատակամութիւնը՝ մեր  յաղթանակի ուղին։