Արուեստի տարատեսակ բնագաւառներու մէջ նոյնանման արեւելումներու հակող, նոյնատիպ ուղեծիրով ընթացող եւ նոյնօրինակ հեռանկար հետապնդող արուեստագէտներ մի՛շտ ալ հակում ունեցած են համախմբուելու, իրարմով համարկուելու եւ զիրար համալրելու։
Գրական աշխարհը կենսաւորող, գրականութեան սպասարկուներուն թափ ու թռիչք տուող առանցքային երեւոյթներէն մէկը «խմբակ»-ներու գոյառումն է։ Տաղանդներ սնուցող, տաղանդաւոր երկեր ծնող այսօրինակ խմբակներով հարուստ է նաեւ մեր գրականութիւնը։ Քսաներորդ դարու սկիզբին «Վերնատուն»-ը արեւելահայ գրականութեան մէջ, «Մեհեան»-ը արեւմտահայ գրականութեան մէջ խօսուն օրինակներ են այս առումով։ Խմբակներ, որոնք գլուխ-գլխի բերին ժամանակի ե՛ւ հանրայայտ ե՛ւ նորայայտ գրիչներ եւ մեր գրականութիւնը օժտեցին գլուխ-գործոցներով։
Եղեռնը կործանեց «Մեհեան»-ն ու սրատեց անոր բագինին խնկարկու քուրմերու սերուցքը։ Մազապուրծ ճողոպրածները սփիւռքացան, չսպիացող ու կոտտացող խոցերով շարունակեցին երթը…
Սփիւռքահայ գրականութիւնը ծլարձակեց ամէնուրեք, լոյս տեսան արձակ ու չափածոյ երկեր, հրատարակուեցան գրական թերթեր, ամսագրեր ու հանդէսներ, կրկին համա-խմբուեցան գրողներ։
1922-ին Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագիրը իր շուրջ կը բոլորէր գրողներու հոյլ մը ու
կը մշակէր յետեղեռնեան գրական անդաստանը։
1926-ին Փարիզի մէջ կը հիմնադրուէր Ֆրանսահայ Գրողներու Միութիւնը, այնուհետեւ՝ Նահատակ Գրագէտներու Բարեկամները։ Ֆրանսահայ գրողներու այս փաղանգը իր շօշափած թեմաներով ու փարթամ արեւմտահայերէնով արժանին
կը մատուցէր սփիւռքահայ գրականութեան։
1941 Նոյեմբերին Հալէպի մէջ լոյս
կը տեսնէր «Նայիրի» ամսագիրը, որ համարեա՛ տասնամեակ մը շողարձակեց սփիւռքեան գրական երկնակամարին վրայ։
1940-ական թուականներու երկրորդ կիսուն, «Նայիրի»-ի նախաձեռնութեամբ, սփիւռքահայ գրական օրակարգը կը զբաղեցնէ Գաղութահայ Գրողներու Համագումարի մը կայացման հարցը։ Գրողներու համագումարը երեւոյթ էր սփիւռքահայ գրական աշխարհին մէջ, իր տեսակին մէջ առաջինը, որ կը միտէր համախմբել տարասփիւռ մտաւորականութիւնը, դիմագրաւել սփիւռքեան մարտահրաւէրները, մշակոյթի, ի մասնաւորի գրականութեան ընդմէջէն պահպանել հայեցի դիմագիծը, գուրգուրալ ոսկեղնիկ արեւմտահայերէնին, զարկ տալ մամուլի աշխատանքներուն, սատարել հայ գրագէտին եւ ընթերցողի սեղանին մատուցել բարձրորակ գրական երկեր։
27 Սեպտեմբերէն 1 Հոկտեմբեր 1946-ին Երեւանի մէջ կայացած Սովետահայ Գրողներու Բ. Համագումարը ազդարարող ազդակներէն մէկն էր այս մտայղացման։ Համագումարը խնդրայարոյց էր ե՛ւ հրաւիրեալներու ընտրութեամբ ե՛ւ կարդացուած զեկոյցներու բովանդակութեամբ։ Համագումարի նախագահ Աւ. Իսահակեան բացման խօսքով կ’ողջունէ «Արտասահմանի հայութեան մտքի եւ սրտի լաւագոյն ներկայացուցիչները»՝ յանձինս Կարապետ Սիտալի (ԱՄՆ), Վահէ Վահեանի (Լիբանան), Սմբատ Տէրունեանի (Կիպրոս), Միսաք Մանուշեանի եւ Զարեհ Որբունիի (Ֆրանսա), Արսէն Երկաթի (Գահիրէ), Հայկ Գարագաշի եւ Յովհաննէս Ղուկասեանի (Պարսկաստան) եւ այլոց, որոնք կը վայելէին Սովետական իշխանութեանց բարեացակամ հովանաւորութիւնը։ Այնուհետեւ կը շեշտադրէ «…Մեր գրողները լենինեան-ստալինեան գաղափարների լուսարձակի տակ սոցիալիստական ռէալիզմով ու ռոմանտիզմով զինուած պիտի պատկերեն մեր կեանքը…»։
Այնուհետեւ, «Արտասահմանեան ժամանակակից Գրականութիւնը» զեկոյցով, Եդ. Թոփճեան այսպէ՛ս կը բնութագրէ սփիւռքահայ գրականութիւնը. «Արեւմտահայ արդի գրականութիւնն իր ձեւաւորման շրջանում իսկ արտայայտում էր երկու արմատապէս տարբեր գաղափարախօսութիւններ՝ պրոկրեսիւ-դեմոկրատական եւ դաշնակցական-նացիոնալիստական»։
Յետեղեռնեան երեսնամեայ սփիւռքահայ գրականութեան արժեւորումն էր, որ կը կատարուէր անհեթեթի հասնող արժեչափով։ Յիշատակութեա՛ն իսկ չէին արժանանար անունները Օշականի եւ Զարեանի, Համաստեղի եւ Շուշանեանի, Աղբալեանի եւ Շանթի, եւ տակաւին բոլոր անոնց, որոնք մշակներն էին «այլ» անդաստանի…
Եւ կը հնչէր թելադրանքը՝ «Արտասահ-մանի հայ գրողները գեղարուեստական խօսքի միջոցով, ամենալայն զանգուածների սեփականութիւնը պէտք է դարձնեն սովետական հայրենիքի գաղափարը՝ սոցիալիստական կարգերի՝ որպէս մարդկային կեցութեան բարձր ձեւի գաղափարը»։
Հրաւիրեալ կամակատարները լորձաշուրթն գովերգեցին Ժըտանովեան ուղեգիծն ու ոգի ի բռին լծուեցան մշակելու հրահանգեալ գրականութիւն մը՝ ըստ կարմիր զեկոյցի եւ հնգամեայ բլանի։ Վահէ Վահեանի «Անի» ամսագրի էջերու առիւծի բաժինը տարիներով զբաղեցուց այս հիմնահարցը։
Այսպէս՝ սփիւռքահայ գրականութեան թիւրընկալումն ու թերարժեւորումը, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ գրողներու պատկառելի մէկ հատուածի անտեսումը ալեկոծեց սփիւռքեան գրական աշխարհը։ Սփիւռքահայ մամուլը ողողուեցաւ քննարկող-դատապարտող էջերով եւ տարին չբոլորած՝ ենթահող պատրաստուեցաւ սփիւռքը համատեղող համագումարի մը։
1947 Մայիսին «Նայիրի» հրապարակ
կը նետէ Գաղութահայ Գրողներու Համագումար մը կայացնելու անյետաձգելի օրակարգը եւ
կը հրաւիրէ «մտաւորական պարկեշտութիւնը ամէն բանէ վեր համարող բոլոր գրողները» միահամուռ ճիգերով ի կատար ածելու սոյն համագումարը։
Ընդհանուր կոչն ու անհատապէս շրջաբերական ստացած գրողներու արձագանգը չ’ուշանար։ «Նայիրի»-ի Յունիսի թիւով
կը կարդանք պատասխան նամակները Մ. Իշխանի, Եդ. Պոյաճեանի, Սեզայի, Արմէն Անոյշի, Օննիկ Թոփուզեանի, Մինաս Թէօլէօլեանի, Բենիամին Թաշեանի, որոնք
կը ջատագովեն համագումարի գաղափարն ու կ’ընդառաջեն հրաւէրին։ Դրական պատասխաններ կը յղեն նաեւ Ամերիկայէն՝ Կոստան Զարեան, Համաստեղ, Արամ Հայկազ եւ Սիմոն Վրացեան, Ֆրանսայէն՝ Շաւարշ Միսաքեան եւ Նիկողոս Սարաֆեան, Եգիպտոսէն՝ Վահան Նաւասարդեան, Գուրգէն Մխիթարեան, Բենիամին Թաշեան, Գէորգ Չէքիճեան եւ Արսէն Երկաթ, որ ի դէպ Սովետահայ Գրողներու Բ. Համագումարին մասնակցած եւ վերադարձին մամուլին յանձնած էր իր ոչ-փայլուն տպաւորութիւնները։ Տեղին է յիշել, որ «դեմոկրատական» մամուլն ու գրողները սուիններով դիմաւորեցին համագումարի այս գաղափարը։
10 Օգոստոս 1947-ին, Շթորայի մէջ
կը հիմնադրուի Սուրիոյ եւ Լիբանանի Գրողներու Միութիւնը, որ կ’ընտրէ վեց հոգիէ բաղկացած յանձնախումբ մը, հետեւեալ կազմով.- Նախագահ՝ Նիկոլ Աղբալեան, քարտուղար՝ Անդրանիկ Ծառուկեան, անդամներ՝ Կարո Սասունի, Եդուարդ Պոյաճեան, Մուշեղ Իշխան եւ Արմէն Անոյշ։ Յանձնախումբը կը ստանձնէ կազմել Սուրիոյ եւ Լիբանանի Գրողներու Միութեան կանոնագիր-ծրագրի նախագիծը, հրաւիրել ընդհանուր ժողով եւ նախապատրաստել Գաղութահայ գրողներու համագումարը։
3-4 Յունուար 1948-ին կը կայանայ Սուրիոյ եւ Լիբանանի Գրողներու Միութեան Ա. ընդհանուր ժողովը, 21 գրողներու մասնակցութեամբ, որ կը վաւերացնէ պատրաստուած կանոնագիր-ծրագիրը եւ կը լծուի գաղութահայ գրողներու համագումարի նախապատրաստական աշխատանքին։ Առ այդ կը յուշէ սփիւռքի իւրաքանչիւր շրջանի մէջ նմանատիպ միութիւններ կազմել՝ իբրեւ նախաքայլ, կոչ կ’ընէ սփիւռքի բոլոր հայ գրողներուն, որ իրենց կարծիքն ու թելադրանքը փութացնեն յանձնախումբի քարտուղարութեան, «Նայիրի»-ի հասցէով եւ կը յայտարարէ, թէ Սփիւռքի Հայ Գրողներու Համագումարէն կ’ակնկալուի կազմել գրողներու ընդհանուր միութիւն մը եւ հիմնել հրատարակչական մը՝ լուսաւոր կեդրոնի մը մէջ։
Յետպատերազմեան աշխարհաքաղաքական անկանխատեսելի եւ անյաղթահարելի պայմաններ, ինչպէս նաեւ նիւթական դժուարութիւններ, հնարաւարութիւն չեն ընծայեր Եւրոպայի եւ Ամերիկայի գրողներու մասնակցութեամբ կայացնելու ծրագրուած Գաղութահայ Գրողներու Համագումարը, որ հարկադրաբար կը վերածուի Միջին Արեւելքի Հայ Գրողներու Համագումարի։
18-19-20 Սեպտեմբեր 1948-ին, Շթորայի մէջ կը կայանայ Միջին Արեւելքի Հայ Գրողներու Համագումարը, որուն կը մասնակցին Սուրիոյ եւ Լիբանանի գրողներէն եւ մտաւորականներէն՝ Կարո Սասունի՝ նախագահ համաժողովի, Մինաս Թէօլէօլեան՝ քարտուղար, Անդրանիկ Ծառուկեան,Մովսէս Տէր Գալուստեան (Ա. Լէյլանի), Արամ Սահակեան (Լիւթեր), Մ. Իշխան, Արմէն Անոյշ, Եդ. Պոյաճեան, Տիկ. Հուրի Իփէքեան-Աղասեան, Վ. Վալատեան, Ա. Յովհաննէսեան, Վահան Փափազեան (Կոմս), Ղազար Չարըգ, Օննիկ Թոփուզեան, Եդ. Տարօնեան, Ա. Ուրֆալեան, Եղիշէ Մանուկեան, Հրաչ Քաջարենց, Նահապետ Չոլագեան (Ն. Թագունի), Վահէ Սէթեան, Տիգրան Ոսկունի, Հայկ Պալեան, Ս. Բախտիկեան, Բիւզանդ Եղիայեան, Տիկ. Լոլա Սասունի, բժիշկ. Եղիկ Գոնեալեան եւ ուրիշներ։ Պաղեստինէն՝ Վահէ Օշական, Թեհրանի գրողներուն կողմէ՝ բանաստեղծ Արամ Գառօնէ։ Իսկ Եգիպտոսի ներկայացուցիչները անցագրային դժուարութիւններու պատճառով չեն կրնար տեղ հասնիլ։ Հրաւիրեալներու կարգին էին Հալէպի առաջնորդ Զարեհ Եպիսկոպոս Փայասլեան (ապագային՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս) եւ Դրո (Դրաստամատ Կանայեան): Ժողովին կը մասնակցէին նաեւ ներկայացուցիչներ՝ ՀՕ Խաչէն, Համազգայինէն, Ճեմարանի Շրջ. Միութենէն եւ «Ակօս»-էն, «Արեւելք»-էն, «Ազդակ»-էն, «Մասիս»-էն, «Ազդարար»-էն եւ «Հասկ»-էն:
Համագումարի պատուակալ նախագահ կ’ընտրուի Լեւոն Շանթ։ Ներկաները յոտնկայս լռութեամբ կ’ոգեկոչեն յիշատակը Սուրիոյ եւ Լիբանանի Գրողներու Միութեան ողբացեալ նախագահ Նիկոլ Աղբալեանի։ Կարո Սասունիի բացման խօսքէն եւ ներկայացուցիչներու ելոյթներէն ետք, յաջորդական հինգ նիստերով ժողովը կը զբաղի իր օրակարգով.
Ա. Հայ Արձակը Սփիւռքի Մէջ՝ կը զեկուցէ Եդուարդ Պոյաճեան,
Բ. Հայ Թատրոնը Սփիւռքի Մէջ՝ կը զեկուցէ Վահէ Օշական,
Գ. Արտասահմանի Հայ Մամուլը՝ կը զեկուցէ Մինաս Թէօլէօլեան,
Դ. Հայ Լեզուի Խնդիրներ՝ կը զեկուցէ Եդուարդ Տարօնեան,
Ե. Բանաստեղծութիւնը Սփիւռքի Մէջ՝ կը զեկուցէ Մ. Իշխան,
Զ.Գաղթաշխարհի Հայ Գրականութեան Ուղին՝ կը զեկուցէ Կ. Սասունի,
Է. Խորհրդահայ Գրականութիւնը՝ կը զեկուցէ Ա. Ծառուկեան։
Օրակարգի բոլոր զեկոյցներն ալ մանրազննին քննարկումներու կ’ենթարկուին ժողովականներուն կողմէ։ Կը հնչեն թեր ու դէմ կարծիքներ, կը տրուին առաջարկներ եւ կ’առնուին որոշումներ։
Սփիւռքահայ արձակը (վէպ, թատրերգութիւն եւ քննադատութիւն) սպառիչ վերլուծումի ենթարկելէ ետք՝ Եդուարդ Պոյաճեան վիպագիրէն, թատերագիրէն եւ քննադատէն կը պահանջէ բարձրացնել նշաձողն ու համահունչ ընթանալ դարու ոգիին։
Կարո Սասունի կը շեշտէ, թէ «Գաղթաշ-խարհի գրական ուղին պիտի բխի ազգային, քաղաքական, ընկերային, հոգեկան կեանքի մթնոլորտէն եւ պայմաններէն, ու ներքին ապրումներէն։ Այս հարազատ արտայայտութեան մէջ, անոր տիրական գիծը պիտի ըլլայ հայեցիութիւնը»։ Հայեցիութեան դրոշմին համար չէ՞ ցարդ մեր տարած պայքարը։
Վահէ Օշական Սփիւռքահայ բեմի տագնապը յաղթահարելու իր տեսակէտը
կը պարզէ՝ Ա.-Կազմել մարմին մը, որ պատասխանատու ըլլայ ղեկավարել հայ թատրոնը, գէթ Միջին Արեւելքի մէջ։ Բ.-Նիւթական լայն միջոցներ տալ այդ մարմնին։ Գ.-Կազմել դերասանական շրջուն խումբ մը, եւ կեդրոնացնել բոլո՛ր միջոցները այդ խումբին վրայ։ Դ.-Ապահովել դերասաններու նիւթական վիճակը։ Ե.-Կազմել խաղացանկ մը՝ մէկ տարուան համար։ Այդ ցանկին վրայ առաւելագոյն տեղը տալ հայ կեանքէ ներշնչուած խաղերու։ Երկրորդ տեղը՝ մեր նուիրագործուած խաղերուն, շեշտը դնելով անոնց վրայ, որոնք հայ կեանքի փառքի շրջանէն կը ներշնչուին։ Նաեւ, տեղ տալ պարբերաբար դերասանին նախասիրած կտորին։ Զ.-Թատերական գրականութեան մրցանակ մը հաստատել։ Է.-Տաղանդաւոր ուսանողներ Եւրոպա ղրկել՝ կատարելագործուելու համար։
Մինաս Թէօլէօլեան լուսարձակի տակ կ’առնէ հայ մամուլի դժուարութիւններն ու
կը ներկայացնէ ութ կէտերէ բաղկացած առաջարկներ՝ Ա.-Հաստատել գաղութահայ գրողներու կեդրոնական օրկան մը, որ պիտի ղեկավարէ մեր իմացական, մշակութային կեանքը։ Բ.-Փնտռել եւ ապահովել տնտեսական ապահովութիւններ, հաստատելու համար հրատարակչական մը։ Գ.- Հրաւիրել հայ մամուլը կիրակնօրեայ իր թիւերը ամբողջութեամբ նուիրելու մշակութային խնդիրներու: Դ.-Հրատարակել մանկական ու պատանեկան հանդէսներ, քաջալերել խոստմնալից սկսնակները, հսկողութեամբ մասնագէտ մտաւորականներու եւ մանկավարժներու։ Ե.-Լրջօրէն զբաղիլ մեր վարժարաններուն յատուկ դասագիրքերու պատրաստութեամբ։ Զ.-Նախակրթարաններու վերին կարգերուն եւ ճեմարաններուն մէջ պարտաւորիչ դարձնել գրաբարը եւ հին մատենագրութեան ուսուցումը։ Է.-Կազմակերպել դասախօսութիւններ՝ մտաւորականութեան, ժողովրդային բազմութիւններուն, երիտասարդութեան, պատանի սերունդին եւ մանուկներուն համար։ Ը.-Կարելի բոլոր միջոցներով պայքարիլ լեզուական բարբարոսութիւններու դէմ։
Եդ. Տարօնեան հանգամանօրէն կը վերլուծէ «նոր ուղղագրութեան» որդեգրման աղէտալի պայմաններն ու աղէտաբեր հետեւանքները, կ’անդրադառնայ Պետական Լեզուի հասկացութեան եւ արեւմտահայերէնի կարգավիճակին եւ կ’ահազանգէ «Արեւմտահայ հատուածը պէտք է յօժարութեամբ մատղէ իր բարբառը, եթէ լեզուական միութեան մը ծրագիրը լրջօրէն ընդունուի եւ հետապնդուի»։
Հայաստանի Հանրապետութեան Լեզուի մասին օրէնքի առաջին յօդուածով կը կարդանք.
Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուական քաղաքականութիւնը
Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն հայերէնն է, որը սպասարկում է հանրապետութեան կեանքի բոլոր ոլորտները: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուն գրական հայերէնն է:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը նպաստում է հայերէնի ուղղագրութեան միասնականացմանը:
Մտավախութիւնը իրականացաւ, արեւմտահայերէնը «մատղեցինք»… գրական հայերէն հասկացութենէն դուրս մնաց արեւմտահայերէնը, իսկ Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը շարունակեց մնալ վտարանդի…
Միջին Արեւելքի Հայ Գրողներու Համագումարին ներկայացուած զեկոյցներէն իւրաքանչիւրը կը բնորոշուի ե՛ւ ընդգրկուած թեմայի խորաթափանց ուսումնասիրութեամբ ե՛ւ առաջադրանքներու կուռ տրամաբանութեամբ։ Նորաստեղծ սփիւռքի մարտահրաւէրներէն շատեր գոյն ու ձեւ փոխած կը յամենան տակաւին այսօր։ Առաջարկուած ոչ բոլոր հանգուցալուծումներն են իրագործուած, իրագործուածներէն ոչ բոլորն են դիմակայած ժամանակի ու տարածութեան մաշող գլանին…
Լենա Նազարեան