Լիբանանի Նախարարաց Խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարած է ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի:

«Ազդակ» կը հաղորդէ, որ նիստի աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս յայտնած, որ նախարարաց խորհուրդը հաւանութիւն տուած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սուրիացի դատապարտեալներ Սուրիա տեղափոխելու շուրջ համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ նշանակուած է Կարծր թափօններու կառավարման ազգային մարմինի վարչական խորհուրդը:

Նախագահ Աուն նիստի ընթացքին յայտնած է, որ սահմանադրութեան կիրարկման մէջ բացեր գոյութիւն ունին, եւ յանձնախումբի մը պարտականութիւն տուած է զանոնք յայտնաբերելու եւ անոնց լուծման կարելիութիւնները գտնելու:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին յայտնած է, որ անհրաժեշտ է լոյս սփռել կառավարութեան սուրիացի գաղթականներու տունդարձի թղթածրարին մէջ արձանագրուած յաջողութեան վրայ, եւ այս ծիրին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Քաթարին` գաղթականներու իրենց երկիր վերադարձը քաջալերելուն համար: