Սուրիական կառավարական աղբիւր մը «Ալ-Ախպարիա»-ին յայտնեց որ այսօր առաւօտուն համապարփակ համաձայնութիւն մը ստորագրուած է սուրիական կառավարութեան եւ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու՝ ՔԱՍԱՏ-ի (SDF) միջեւ, որ գործի պիտի դրուի անմիջապէս, նախքան կողմերուն միջեւ նախապէս համաձայնուած կրակմարի ժամկէտին աւարտը։
Աղբիհաւրը յայտնեց հետեւեալը․

Սուրիական կառավարութեան եւ «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու» ( ՔԱՍԱՏ-SDF) միջեւ համապարփակ պայմանաւորուածութեան շրջագիծէն ներս, կնքուած է զինադադարի համաձայնութիւն, որմով կողմերուն միջեւ զինուորական եւ վարչական ուժերու փուլային համարկման գործընթացին առնչուող փոխըմբռնում ձեռք բերուած է։

Համաձայնագիրը կը ներառէ զինուորական ուժերու դուրսբերումը շփման կէտերէն, Ներքին Գործոց Նախարարութեան ապահովութեան ուժերու մուտքը Հասիչէի եւ Գամիշլիի քաղաքային կեդրոններ՝ կայունութիւնը ամրապնդելու համար, ինչպէս նաեւ նշեալ տարածքներու ապահովութեան ուժերու համարկման գործընթացի մեկնարկը եւ ՔԱՍԱՏ-ի ուժերու երեք միաւորներէ բաղկացած զինուորական պահակագունդի ձեւավորումը, որուն կողքին կազմաւորումը Քոպանիի (Արաբունար) մէջ գտնուող ուժերու առանձին միաւորի մը, որ Հալէպի նահանգի պահակագունդին ենթակայ պիտի ըլլայ։

Համաձայնագիրը կը ներառէ քրտական ինքնակառավարման շրջանի բոլոր կառոյցներու համարկումը Սուրիոյ պետական կառոյցներուն մէջ եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատանքի պահպանման հաստատումը։ Ինչպէս նաեւ պահպանումը քրտական համայնքի քաղաքացիական եւ կրթական իրաւունքներուն եւ երաշխաւորումը տեղահանուածներու վերադարձին։

Համաձայնութիւնը կը միտի պահպանել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, օրէնքի սահմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ շրջանի մէջ կողմերու գործակցութեամբ իրականացնել համարկումի ամբողջական ծրագիրը եւ միասնաբար սատարել Սուրիոյ վերականգնումին։