Երկինքը այսօր իր կապուտակ հանդերձը քողարկած էր բարակ ու թափանցիկ շղարշով մը, որուն վրայ տեղ-տեղ վարդագոյն երանգներ
կը գծագրուէին. կախարդիչ տեսարան մը, որուն սրտի անհուն բերկրանքով կը հետեւէի։ Բայց երկինքը կամաց-կամաց սկսաւ խոժոռիլ. կարծես երկար ժամանակէ ի վեր կուտակուած մոխրագոյն ու ծանր ծածկոյթ մը աստիճանաբար իջաւ անոր վրայ։ Փնտռեցի այդ վերջին ցոլքը պահելու ճար մը, բայց ուշ էր. ուզեցի ձեռքերովս ետ բերել նախկին գեղեցկութիւնը, սակայն անկարելիին անկարելին էր։
Հո՛ն ծնաւ Հարցը։ Մարմնացած ցաւի ու տառապանքի պէս՝ այդ հարցը կը կրծէր ներսիդիս. «Ինչո՞ւ այս խաւարը, ինչո՞ւ այս անբարեհաճ լռութիւնը»։ Ինձմէ դուրս անարդարութիւնն էր, որ կը թակէր դուռս, եւ չարին աղմուկը, որ կը փորձէր խոցել պարզութիւնս։ Ներսս յոգնութիւն կար՝ տարիներու անձնուէր նուիրումի եւ տագնապներու տուրքը։ Ես ալ մարդ եմ, ես ալ կրնամ յոգնիլ։ Ինտրայի նման, որ կը մոլորէր իր էութեան անձաւներուն մէջ, բարձրացայ դէպի վեր՝ ձեռքերս պարզած, փորձելով պատռել այդ մթին սաւանը։ Բայց որքան
կը բարձրանայի, այնքան
կը հեռանար յոյսը։ Մնացի հոն՝ հիւանդ ու անհանգիստ, մինչեւ որ հասայ ցցուն ու մեկուսի գագաթի մը։
Այդտեղ, տառապանքիս բեկորներով ու սեւ կտորներով, սկսայ տնակ մը հիւսել։ Անոր պատերը շինեցի անքուն գիշերներովս, իսկ տանիքը՝ անպատասխան հարցումներովս։ Իւրաքանչիւր ցաւ դարձաւ հարցական նշան, իւրաքանչիւր վայրկեան՝ անարձագանգ աղաղակ։ Յոգնած էի խօսելէ, քանի որ կը զգայի, թէ խօսքը այլեւս լուծում չէր բերեր չարութեան դէմ։ Ուստի ընտրեցի լռութիւնը՝ որպէս հոգիիս ամենազօրեղ զրահը։ Ապա ձեռքերս միացուցի եւ աղօթեցի Նարեկացիի շունչով. «Աստուա՛ծ եւ Տէ՛ր, Կեա՛նք եւ Արարի՛չ…»։
Եւ ահա՛, շուրջս բացուեցաւ Լուծումը։ Լոյսը՝ կապոյտ ու արծաթավարդ, ճառագայթեց պայծառ ու անեղծ։ Անոր շողերը
կը խաչաձեւուէին օդին մէջ՝ ոչ թէ որպէս պատասխան բառեր, այլ՝ Լուսեղէն Ներկայութիւն։ Այդ պահուն զգացի, որ տառապանքը ոչ թէ պատիժ էր, այլ՝ ճանապարհ ու վերադարձ։ Իմ իսկ ներքին ցաւերն էին, որոնք մաքրագործուելով վերածուած էին պատասխանի։
Լոյսը դանդաղ իջաւ վրաս՝ Աստուծոյ շունչին նման։ Իմ շինած տնակը հիմա սկսած է ճառագայթել. բամպակեայ պատերը դարձած են սպիտակ լեռնաշղթայ, իսկ սեւ կտորները՝ գիշերուան փափուկ ծալքեր, որոնք
կը պահպանեն ներքին լոյսս։ Հարցը լուծուած էր ոչ թէ մտքով կամ խօսքով, այլ ապրումով եւ լռութեամբ։ Լռութիւնն ու պարզութիւնը դարձած էին վերջին յենարանս։
Երկինքը դարձած էր հայելիս։ Այսօր, տարիքիս յառաջացումով, կեանքը կը դիտեմ իմաստունի հանդարտութեամբ. սկսած եմ քանդակել անձս՝ զայն մաքրելով անցեալի սխալներէն ու աւելորդութիւններէն։ Երկինքը կը նայէր ինծի կապուտակ աչքերով եւ ափերը ինծի ուղղելով՝
կը շշնջար. «Ես յենարանդ եմ, դուն մինակ չես»։ Չկար այլեւս վեր կամ վար, խաւար կամ լոյս. ամէն ինչ միահիւսուած էր Բարձրեալի խաղաղութեան մէջ։ Հասկցայ, որ վերադարձ չկայ, որովհետեւ այլեւս չկայ հեռացում։
Ամէն ինչ վերջապէս յստակ էր։
 Լուծումը Իրական էր։
Սիրան Աւընեան-Ամպարճեան