Աշխարհը մտած է այնպիսի փուլ մը, ուր քաոսը այլեւս բացառութիւն չէ, այլ՝ կառավարման գործիք։ Միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ կայունութեան մասին խօսքը աստիճանաբար վերածուած է սոսկ քարոզչական բառապաշարի, իսկ իրական քաղաքականութիւնը կառուցուած է ճնշումի, ուժի եւ տեղեկատուական զեղծարարութեան վրայ։
Վերջին տարիներուն, յատկապէս այս օրերուն, աւելի ակնյայտ դարձած է այն, որ համաշխարհային խաղացողներու վարած քաղաքականութիւնը չէ միտուած հակամարտութիւններու լուծման, այլ՝ վերահսկուող երկարաձգման։ Այս տրամաբանութեան մէջ պատերազմը, ճգնաժամը եւ անկայունութիւնը կը դառնան ընդունելի միջավայր՝ ազդեցութեան նոր գօտիներ ձեւաւորելու համար։
Սուրիոյ մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցող զարգացումները այս իրականութեան հերթական օրինակն են։ Տարածաշրջանին մէջ ձեւաւորուած ժամանակաւոր կառավարման կառոյցներուն սպասարկող մետիան եւ անոր ալիքները սկսած են աշխուժօրէն շրջանառութեան մէջ դնել «բանտերու մէջ տեղի ունեցած ողբերգական պատմութիւններ»։ Սակայն այդ պատմութիւններուն մեծ մասը կառուցուած է միակողմանի կարծիքի վրայ՝ դիտա-ւորեալ լռութիւն պահելով այն փաստին մասին, որ այդ բանտերը գտնուողներուն զգալի մասը անմիջականօրէն մասնակցած է ահաբեկչական գործողութիւններու, քաղաքներու ռմբակոծման եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ իրականացած յանցագործութիւններու։
Այսօր նման տեղեկատուական օրակարգերու ձեւաւորումը դարձած է միջազգային քաղաքականութեան գործիք։ Ճշմարտութիւնը արժէք ունի այնքան, որքան կը համընկնի տուեալ պահու քաղաքական շահերուն։
Այս ամէնը տեղի կ’ունենայ աշխարհի վերադասաւորման ֆոնին, երբ աշխարհը արագօրէն կը մօտենայ այնպիսի վիճակի, որ իր ընդհանուր տրամաբանութեամբ կը յիշեցնէ Առաջին եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմներուն նախորդող շրջանը։ Խօսքը ոչ թէ նոյն դէպքերու կրկնութեան, այլ նոյն մեքանիզմներու վերագործարկման մասին է։
Այս փուլը կը բնորոշուի քանի մը յստակ միտումներով.
– Համաշխարհային տնտեսութեան համակարգային ճգնաժամ եւ անկում,
– Զանգուածային զինման կոչեր եւ ռազմական արդիւնաբերութեան արագ ընդլայնում,
– Միջազգային իրաւունքի եւ քաղաքական կանոններու բացայայտ արժեզրկում,
– Ուժի կիրառման օրինականացում՝ որպէս «հարցերու լուծման» հիմնական ձեւ,
– Ազգայնական եւ կրօնական ծայրայեղ գաղափարախօսութիւններու աճ,
– Համաշխարհային եւ տարածաշրջանային կոշտ դիրքաւորումներ։
Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած փակուղին եւս կը գործէ նոյն տրամաբանութեամբ։ Սկիզբը ան ներկայացուեցաւ որպէս «արժէքներու պաշտպանութիւն», սակայն ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ երկարատեւ մաշեցնող պատերազմի։ Մարդկային, տնտեսական եւ պետական աղբիւրները կը սպառին, մինչդեռ իրական քաղաքական լուծումը դիտաւորեալ կը յետաձգուի։ Այստեղ պատերազմը այլեւս նպատակ չէ, այլ միջոց՝ տարածաշրջանը վերահսկելի անկայունութեան մէջ պահելու, Եւրոպան թուլցնելու եւ նոր ռազմաքաղաքական կախուածութիւններ ձեւաւորելու համար։
Այս ամէնուն արդիւնքով աշխարհը կանգնած է ոչ թէ պատահական քաոսի, այլ համակարգուած անկայունութեան առջեւ։ Միջազգային համակարգը այլեւս չ’աշխատիր կարգաւորման տրամաբանութեամբ, ան կ’աշխատի սպառման տրամաբանութեամբ՝ պետութիւններու, հասարակութիւններու եւ ամբողջ տարածաշրջաններու հաշուոյն։
Պատերազմը բնական վիճակի կը վերածուի, ճգնաժամը՝ կ’արդարացուի, իսկ ճշմարտութիւնը՝ կը ձեւափոխուի ըստ պահանջքի։ Ուժը վերածուած է քաղաքականութեան հիմնական լեզուի, իսկ օրէնքը՝ ընտրովի կիրառուող գործիքի։
Այս փուլին ամենավտանգաւորը ոչ թէ նոր պատերազմներու հաւանականութիւնն է, այլ այն, որ աշխարհը աստիճանաբար վարժ
կը դառնայ այդ վիճակին։ Երբ քաոսը կը դառնայ ընդունելի, կը դադրի ժամանակաւոր ըլլալէ։
Ասիկա արդէն նախազգուշացում չէ։
Ասիկա գործընթաց է, որ մտած է իր աշխոյժ փուլը։
Եւ այս անգամ հարցը ոչ թէ այն է, թէ կ’ըլլա՞յ մեծ բախում,
Այլ այն, թէ ե՞րբ եւ ինչ մասշտապով։
Յ. Ք.