«Թռի՛չք տուր երեւակայութեանդ,
Զա՛րկ տուր գրիչիդ,
Շա՜տ ընթերցէ,
Ներաշխարհդ զարգացո՛ւր ու գունաւորէ՛,
Վա՛ռ պահէ մայրենիդ
Հայերէ՛ն գրէ, մի՛շտ գրէ»։
Այս տողերը որպէս քաջալերանք մեր պատանիներուն փոխանցելով, Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբը, գործակցութեամբ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրութեան, կազմակերպեց միջդպրոցական շարադրութեան միամսեայ դասընթացք մը, 21 Հոկտեմբերէն 15 Նոյեմբեր 2025, Համազգայինի մշակութային կեդրոնէն ներս, շաբաթական երկու օրուան հերթականութեամբ։
Բարի գալուստի խօսքով «Ն.Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան Գրական Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Նանար Պապեան-Քիլէճեան համախմբուած աշակերտներուն ըսաւ, որ դասընթացքին նպատակն է մեր աշակերտներուն մէջ հայերէն լեզուի նկատմամբ սէրն ու հետաքրքրութիւնը զարգացնել, ինչպէս նաեւ անոնց գրելու կարողութիւնը բարելաւել։ Ապա խօսք առաւ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ
Չիլ-Աբօշեան-Պօղիկեան։ Պօղիկեան ըսաւ, որ գրելով աշակերտին լեզուն ու միտքը կը զարգանան։ Գրաւոր խօսքի տարրական գիտելիքները իւրացնելով, աշակերտներուն մէջ գրելու խայծ մը կ’արթննայ եւ աստիճանաբար կրնայ զարգանալ, եթէ անոնք շարունակեն կարդալ ու գրել արեւմտահայերէն։
Դասընթացքին մասնակցեցան Հալէպի հայկական չորս վարժարաններէն՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանէն, Լ.Նաճարեան Գ.Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարանէն, Կրթասիրաց Ս.Չէմպէրճեան Երկրորդական վարժարանէն եւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանէն միջնակարգի եւ երկրորդականի 7-րդ, 8-րդ,10-րդ եւ 11-րդ  կարգերէն երկուքական ներկայացուցիչներ։
Աշակերտները բաժնուեցան երկու խումբի՝ միջնակարգ եւ երկրորդական։
Անոնք չորս դասախօսներու՝ հայրենաւանդ ուսուցչուհիներ Մարիա Գաբրիէլեանի, Երան Զէյթունցեանի եւ Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեանի, ինչպէս նաեւ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Չիլ Աբօշեան-Պօղիկեանի հետեւողութեամբ, յաջորդաբար ստացան շարադրութեան կառոյցի, պատկերաւոր ոճի, շարահիւսութեան եւ քերականութեան շուրջ բացատրութիւններ, կատարեցին ընթերցումներ, լուծեցին վարժութիւններ եւ գրեցին շարադրութիւններ։
Մասնակիցները դիտեցին նաեւ «Թռչող Գիրքեր» վերնագրով անձայն ֆիլմ մը, որմէ ետք վերլուծումներ կատարեցին եւ կարճ պարբերութիւններ գրեցին՝ յայտնելով իրենց տպաւորութիւնը։
Դասընթացքը կ’ընդգրկէր նաեւ պտոյտներ։ Առաջին պտոյտի վայրն էր «Վարդանանց» պարտէզը։ Մասնակիցներուն բառապաշարը հարստացնելու միտումով, խմբակներու միջեւ դասախօսներու կատարողութեամբ հայերէն բառերու ուսուցողական խաղ մը տեղի ունեցաւ։ Այս խաղին ընդմէջէն աշակերտները ծանօթացան նոր բառերու եւ հարստացուցին իրենց բառամթերքը։ Աւարտին իւրաքանչիւր խմբակ նշեալ բառերը օգտագործելով շարադրութիւն գրեց։ Ապա Վանայ Պարմաքսըզեան աշակերտներուն սորվեցուց հայկական շուրջպար մը՝ «Պապուրի», որմէ ետք աշակերտները շուրջպար բռնեցին։
Երկրորդ պտոյտին վայրն էր Հալէպի պատմական բերդը։ Պտոյտի մասնակիցներուն ընկերակցեցաւ նաեւ բերդի մասին պատմական հարուստ տեղեկութիւններ ունեցող, համազգայնական Սոնիա Գաբրիէլեան։ Աշակերտները յանձնախումբին եւ դասախօսներուն հետ, Սոնիա Գաբրիէլեանի առաջնորդութեամբ շրջեցան բերդի բոլոր մասերը, որուն ընթացքին Գաբրիէլեան տեղեկութիւն տուաւ բերդի իւրաքանչիւր բաժինի մասին։ Պտոյտի աւարտին մասնակիցներուն հարցաթերթիկներ բաժնուեցան, որպէսզի իրենց կարծիքը յայտնեն դասընթացքին միասին եւ առաջարկներ ունենալու պարագային ներկայացնեն զանոնք։ Բոլոր աշակերտները փափաք յայտնեցին կրկնել այս դասընթացքը յառաջիկայ տարուան մէջ։
Յիշենք, որ դասընթացքի տեւողութեան մասնակից աշակերտներուն բաժնուեցան թղթապանակներ, գրենական պիտոյք եւ հիւասիրութիւն։
Գարօլ Գիւրքլեան-Արոյեան