Երկուշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ազգ. Սրբ. Նահատակաց վարժարանի ուսուցչական կազմն ու աշակերտները ցնծութեամբ եւ ջերմ ծափողջոյններով դիմաւորեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Արք.Աշգարեանը։
Սրբազան հօր կ’ընկերակցէին հոգեշնորհ Տ. Արմէն Աբեղայ Գալաճեան եւ Արժանապատիւ Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան։
Վարժարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան կողքին ներկայ էին Ազգ. երեսփոխանական ժողովի եւ պատկան մարմնի ներկայացուցիչներ։
«Առաւօտ Լուսոյ» հաւաքական աղօթքէն ետք, վարժարանի տնօրէնուհի Հուրի Տէիրմէնճեան- Գարամարտեան իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, շեշտելով որ սրբազան հօր հովուական աւանդական այս այցելութիւնը ցնծութեամբ կը համակէ աշակերտները եւ լաւագոյն առիթը կ’ընծայէ ըմբոշխնելու անոր հայրական պատգամն ու ցուցմունքները։
Ապա վարժարանի աշակերտներ հանդէս եկան գեղարուեստական յայտագիրով։
Բարձր գնահատելէ ետք բծախնդրութեամբ պատրաստուած յայտագիրը, սրբազան հայրը գոհունակութեամբ ուղղեց իր հայրական օրհնաբեր պատգամը։ Նախ մեծապէս գնահատեց վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ բոլոր անոնք, որոնք կը պայքարին ոգի ի բռին այս դպրոցը կանգուն պահելու համար, ուժ եւ կորով մաղթելով անոնց։
Սրբազան հայրը յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս Սուրիական Հայրենիքը որպէս ծննդավայր՝ գրկաբաց ընդունած է մեզ, նոյնպէս հարիւրամեայ այս վարժարանը, գթասիրտ մօր նման փոքր տարիքէն կ’ընդունի իր աշակերտները, անոնց ջամբելով ազգային եւ հայեցի դաստիարակութիւն։ Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, սրբազան հայրը պատգամեց. «Աղօթեցէ՛ք հաւատքով, ինչպէս որ մեր սրբազան հայրերը աղօթեցին, ապրեցան եւ աշխատեցան հաւատքով»։