Կիրակի, 23 Նոյեմբերի առաւօտուն, Հալէպի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յետ Ս․ եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ Ճեմարանի դաստիարակ եւ վարչական պատասխանատու, հանգուցեալ Մհեր Միհրեանեանի (Թահհան) հոգեհանգստեան արարողութիւնը, ներկայութեամբ Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Տնօրէնութեան, Խնամակալութեան, Պատկան Մարմինի, Շրջանաւարտից Միութեան, ՀՕՄ-ի Կ․ Վարչութեան, Ազգ․ Վարչութեան ներկայացուցիչներու, ուսուցիչներու, շրջանաւարտներու, հանգուցեալի հարազատներուն, ընկերներուն եւ եկեղեցւոյ թաղականութեան։

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի «Զարեհեան» սրահէն ներս ցաւակցութիւններու ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ։

Ճեմարանէն ներս մեծ յարգանք վայելած հանգուցեալ Մհեր Միհրանեանի մասին խօսքեր արտասանեցին նախ Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնուհի Զեփիւռ Է․ Րէիսեան, շեշտելով որ․ «Հաւաքուած ենք լուռ խոնարհումով հրաժեշտ տալու անժամանակ հեռացած մեր սիրելի դաստիարակին, մեր գործընկերոջ ու ընկերոջ, որ տարիներ շարունակ այս սրբավայրէն ներս եղաւ ոչ միայն հսկիչ պատասխանատու, այլեւ մերթ ուսուցիչ-խորհրդատու, մերթ աւագ ընկեր ու եղբայր եւ շատ յաճախ գորովագութ հայր, որուն հայեացքը խօսուն էր ու արտայայտիչ, իսկ խօսքը՝ պատգամ իր սիրելի աշակերտներուն համար: Իր ասպարէզին հանդէպ անկեղծ ու յանձնառու վերբերումն ու ստեղծագործ ներդրումը ոգեշնչման աղբիւր էին գործընկերներուն, իսկ ծրագիրներու իրականացման նպատակասլաց ընթացքը՝ մղիչ ուժ շրջապատին:
«Եզակի դէմք էր պրն․ Մհերը, որուն դաստիարակչական ձեռագիրը կը պահպանուի ոչ թէ թուղթի վրայ, այլ սրտերու, յիշողութիւններու եւ այն բոլոր հոգիներուն մէջ, որոնց հետ ունեցած է յարաբերութիւն, ի մասնաւորի իր աշակերտներուն, որոնց նկարագիրի կերտման ու որպէս ճեմարանական կազմաւորման մէջ անջնջելի դրոշմ ունեցաւ: Անոր խօսքը պարզ էր, բայց խորքային, անոր ներկայութիւնը՝ աշխուժացնող ու կենսուրախ։ Դպրոցը իրեն համար երբեք չեղաւ աշխատավայր, այլ տուն՝ քաղցր պարտականութիւն եւ ծառայութիւն, իսկ աշակերտը՝ անձնաւորութիւն մը, որուն հանդէպ ունէր մեծ յոյս եւ հաւատք»։

Այնուհետեւ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Վարչութեան ատենապետ Հուրի Տիլպէրեան դրուատելով հանգուցեալին որպէս միութենականի բարեմասնութիւնները ըսաւ․« Միութեան մշակութային գործունէութիւնը վերելք կ՛արձանագրէր իր օրերուն։
«Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջ․ Միութեան իրերայաջորդ ծրագիրներու կազմակերպումը կ՛ենթադրէր հսկայական աշխատանք եւ հետեւողականութիւն: Այս բոլորը իրեն համար շատ դիւրին եւ իրագործելի աշխատանք էին: Ժրաջան հետեւողականութեամբ ու անկոտրում կամքով գործի կը լծէր բոլոր շրջանաւարտները, քաջալերական խօսքերով վարժեցնելով աշխատասիրութեան եւ պատասխանատու գործի՝ միշտ զիրենք պահելով Ճեմարանին շուրջ։
«Նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար» կագախօսը սկզբունք առած, վարչական ընկերներուն հետ յանդուգն քայլերով իրականացուց Ճեմարանի նոր շէնքի գետնայարկի վերակառուցումը։ Օրուան Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին ձեռամբ բացումը կատարուեցաւ սրահին, որ դարձաւ մշակութային կեդրոն: Uեփական կեդրոն ունենալը մեծ հնարաւորութիւններ ստեղծեց մշակութային ձեռնարկներու: Ան դարձաւ շրջանաւարտներու հաւաքավայր, տեղի ունեցան գիրքերու ցուցահանդէսներ, մտերմիկ հաւաքոյթներ եւ արտադասարանային ձեռնարկներ:
«Ո՛չ փառամոլութեան, ո՛չ շահախնդիր գործելաոճին, ո՛չ անտարբեր եւ անպատասխանատու կեցուածքին»։ Այս կարգախօսով շարունակեց գործել պրն․ Մհերը՝ թէ՛ Ճեմարանէն եւ թէ՛ Սուրիոյ Երիտասարդական ու Պատանեկան միութիւններէն ներս, մինչեւ իր ճամբորդութիւնը Միացեալ Նահանգներ»:

Արտասանուած խօսքերէն ետք, սգակիր ներկաները դիտեցին պրն․ Մհերի անմեռ յիշատակին նուիրուած տեսերիզ մը։
Աւարտին Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Տնօրէութիւնը, Խնամակալութիւնն ու Շրջ․ Միութեան Վարչութիւնը ցաւակցութիւններ ընդունեցին։