ՍՕ Խաչի «Սեւան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը հայկական գաւառներու աւանդութիւնները կեանքի կոչելու նպատակով կազմակերպեց «Բուռ Մը Աւանդութիւն` Մեր Հայրենի Գաւառներէն» խորագրով ձեռնարկ մը։
Ձեռնարկը ընթացք առաւ ՍՕ Խաչի քայլերգով, որմէ ետք
օրուան բեմավար Մարալ Գզիրեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա հրաւիրեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեանը վարչութեան խօսքը ուղղելու։
Պարմաքսզեան ըսաւ, որ հայ մշակոյթն ու լեզուն եղած են եւ կը մնան հայ ժողովուրդի գոյութեան հզօր սիւները, սակայն յիշեալ արժէքները պահողն ու զանոնք իրարու կամրջողը` սերունդէ-սերուդ փոխանցուող աւանդութիւններն են։ Ան շեշտեց, որ հարկ է մեր ազգի բարքերն ու աւանդութիւնները մասունքի նման փոխանցել նորահաս սերունդներուն, որպէսզի մեր երիտասարդներուն մօտ միշտ վառ մնան մեր արմատներուն կառչելու կամքն ու հաւատքը։
Այնուհետեւ մասնաճիւղի ընկերուհիները յաջորդաբար ներկայացուցին Զէյթունի, Վանի, Ուրֆայի, Տիգրանակերտի, Խարբերդի, Սեբաստիոյ, Սասնոյ, Մարաշի, Այնթէպի եւ Քիլիսի պատմագրական տեղեկութիւնները, բարբառները, ասացուածքները, կենցաղն ու բարքերը, ինչպէս նաեւ տոհմիկ ճաշերը։
ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան «Սեւան» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Սոնա Տարագճեան խօսք առնելով ողջունեց ընկերուհիները եւ շնորհաւորեց մասնաճիւղի վարչութիւնը սոյն ձեռնարկը կազմակերպելուն համար։
Աւարտին, ներկաները հիւրասիրուեցան հայկական Գաթայով եւ հատիկով։
Ձեռնարկի սրահին մէջ ցուցադրուած էին իւրաքանչիւր գաւառէն ձեռագործի նմոյշներ, տոհմիկ տարազներ եւ աւանդական ճաշեր։