Նուրբ մեքանիքի ու նոր ճարտարագիտութեան հետ առնչուող արհեստ մըն է յարդարելը (adjusting), արհեստաւորը՝ յարդարիչ (adjustor), որ ծնունդ առած է Հայկական շրջանակէն ներս, 1920-1925 թուականներուն, եւրոպական ճարտարագիտութեան Սուրիա մուտք գործելով: Այդ օրերուն տակաւին զարգացած չէր փոխկտորներու
ճարտարարուեստը եւ նորոգողը պարտաւոր էր տեղական պայմաններով ճարել վնասուած կտորներ: Այս հնարքով կը փորձէր ճշգրտութեամբ յաջողցնել փոխարինող սարքերու աշխատանքը: Այս մէկը կը պահանջէր արուեստագէտի նուրբ ձեռքեր եւ ծո՜վ համբերութիւն: Աշխատանքը կ’ընթանար միայն սղոցով ու խարտոցներով: Այս արհեստը դարձաւ հայ վարպետի մենաշնորհը, ունեցաւ կարճ տեւողութիւն մը ու շարունակուեցաւ մինչեւ 1970-ականներ, որմէ ետք չունեցաւ ժառանգորդներ:
Յարդարիչի աշխատանքը կ’ընդգրկէր շարժիչի փոխկտորներ, յենարաններ, կաղապարներ ու օրինակը չունեցող մասեր ու սարքեր ճարել: Ուշագրաւ է, որ գաղութը ունեցած է այս արհեստին մէջ իսկ յիշատակելի վաստակաւոր վարպետներ, որոնցմէ կարելի է յիշել՝ Վաղարշակ Գալէմքէարեան եւ Արամ Տէմիրճեան: Այսօր միայն հազուագիւտ հետքեր կը յուշեն իրենց գործերը։
-Վաղարշակ Գալէմքէարեան (1910-1995)։ Արաբկիրի ծնունդ հալէպահայ մը, նուրբ մեքանիքի մեծ վարպետ եւ յարդարիչ: 1925-ին Խանտաքի պողոտային վրայ կը բանայ իր առաջին աշխատանոցը, ետքը կը հաստատուի «Սինեմա Հալէպ»-ի կողքին: Իր տարեկիցները մեծ հպարտութեամբ ու հիացումով խօսած են իր գործերուն մասին, որոնց հետքերը ընդմիշտ կորսուած են:
Խօսուած է, թէ արտակարգ ստեղծագործ վարպետ մըն էր Վաղարշակ: Ան շինած է շատ մը մարդամեքենաներ։ Պատմողներու մտքին մէջ թարմ մնացած է մասնաւորաբար «կենաց խմող կապիկը», որ գաւաթը բարձրացնելով կը խմէր ընկերակիցին կենացը ու կը շնորհաւորէր զինք՝ ողջունելով: Պատրաստուած է 1947-ին:
-Արամ Տէմիրճեան։ Ստեղծագործ յարդարիչ: 1943-ին Արամ Կարապետ Թորոսեանի հետ գործակցաբար Արքուպի մէջ կը հաստատէ պղինձի ուղղանկիւն եւ բոլորակ կակուղ թերթեր պատրաստող գործարան մը, ատաղձ ունենալով մաշած պղնձեայ առարկաներ: Այս գործարանին մեքենաները պատրաստուած են տեղական պայմաններով, հայ արհեստաւորներու աշխատանքով: Ուշագրաւը այն է, որ մեքենաներու կեռանիւները պատրաստած է Արամ Տէմիրճեան, որպէս յարդարիչ։
Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան










