Երբ արուեստի մասին կը խօսինք կամ կը մտածենք, ընդհանրապէս մեր մտքէն կ’անցնին անուանի դէմքերու, բանաստեղծներու, երաժիշտներու, պարողներու, նկարիչներու, ինչու չէ նաեւ քանդակագործներու անուններ, որոնք իրենց գործերով պատմութիւն կերտած են եւ մինչեւ օրս կը յիշուին: Անոնք կը յիշուին, որովհետեւ իրենց գործերով ու արուեստով ստեղծագործած եւ ներկայացուցած են գեղեցիկը:
Երբ այս տրամաբանութեամբ կը մօտենանք արուեստին, կը տեսնենք, որ արուեստը երեւակայական ու բարդ բան մը չէ, այլ շատերուս կողմէ իրականանալի, եթէ կարենանք գիտնալ ճիշդ ձեւով օգտագործել Աստուծմէ մեզի տրուած շնորհքը եւ անով ներկայացնել գեղեցիկը:
Արուեստի տրամաբանութիւնը կարելի է յաճախ օգտագործել՝ մեր առօրեան դուրս բերելու համար միապաղաղ իր ընթացքէն եւ հաճելի հրապոյր մը տալու անոր: Բայց ինչպէ՞ս օգտագործել արուեստը եթէ երգող, նուագող, նկարիչ, դերասան չենք կամ վերեւ նշուած մարզերէն մէկուն չենք պատկանիր: Այդ մէկը կարելի է, եթէ ամէնօրեայ դրութեամբ առնուազն քանի մը նախադասութիւն կը փոխանակենք ոեւէ մէկուն հետ: Նոյնիսկ եթէ մէկուսի կամ ճգնաւորի նման կեանք մը ապրիլ որոշած ենք, կրնանք ունենալ մեր առօրեայ խօսակիցները՝ Աստուած, բնութիւնը եւ մեր անձերը:
«Բայց խօսելուն ի՞նչը արուեստ է, որ մէյ մըն ալ անոր մասին մտածել արժէ, միտքդ եկածը ըսէ՝ անցիր»:
Պահ մը եթէ պատկերացնենք երգիչ մը, որ երաժշտական լսողութիւն ու զգացողութիւն չունի եւ բեմ բարձրանալով համերգ կը ջանայ հրամցնել, արդեօք կարելի՞ է երեւակայել թէ քանինե՜ր ծանրացած գլուխով տուն պիտի դառնան եւ պիտի ստիպուին ցաւազրկիչ ընդունիլ՝ հանգիստ քուն ունենալու համար: Իսկ երբ այդ երգիչը կամ երգարուեստը կը փոխարինենք խօսելու արուեստով, իւրաքանչիւր օր պէտք է դեղատուփերով շրջինք՝ հանգիստ ապրելու համար:
Խօսելու արուեստին տիրապետելու համար պէտք է լաւ եւ սուր լսողոթիւն ունենալ, որովհետեւ այս արուեստը սովորական դպրոցներու մէջ չենք սորվիր, այլ՝ կեանքի դպրոցին մէջ՝ եթէ լսելու կարողութիւն ունինք: Ճիշդ է, որ դպրոցին մէջ կը սորվինք տառեր, լեզուներ, կը կազմենք նախադասութիւններ, կը գրենք շարադրութիւններ, բայց չենք դառնար արուեստագէտ՝ եթէ չունինք անհրաժեշտ լսողութիւնը:
Կը պատմուի, թէ կային երկու մտերիմ բարեկամներ: Անոնցմէ մէկը՝ Համբոն անընդհատ խօսողն էր, իսկ միւսը՝ Գէորգը՝ սակաւախօսը: Իրենց բոլոր հանդիպումներուն խօսողը եւ պատմողը միշտ Համբոն էր, իսկ Գէորգը՝ մնայուն ունկնդրողը: Գէորգ ունէր ահագին պատմութիւններ, զորս պահած էր մտքին մէջ ու յաճախ կ’որոնէր յարմար տեղը կամ ժամը՝ զանոնք պատմելու համար: Անդին, Համբոն, չունէր այդ «վախը» կամ «հաշիւը»՝ տեղի կամ ժամի հետ կապուած:
Առիթով մը, Գէորգ գործի ընդունուելու համար կը կանչուի հարցազրոյցի: Ան վարժ չէր խօսելու եւ երկար նախադասութիւններով արտայայտուելու. անոր պատասխանները կարճ-կտրուկ էին՝ քանի մը բառ միայն: Գէորգին համար դժուար էր նման դրութեան մէջ իր հանգիստը գտնել, որովհետեւ միշտ լսող եղած էր եւ այն պահուն, որ պէտք էր խօսիլ եւ արտայայտուիլ, երբ վերջապէս զինք պիտի ունկնդրէին՝ չունէր խօսելիք, չէր զգար որ ըսածը պիտի ունկնդրեն:
Հարցազրոյցը կ’աւարտի, Գէորգ կը մերժուի: Ան անմիջապէս կ’երթայ Համբոյին մօտ, այն յոյսով որ կարելիութիւն կ’ունենայ քիչ մը պարպուելու եւ իր ցաւը պատմելու ընկերոջ՝ հոգեպէս թեթեւնալու համար: Հազիւ իրարու հանդիպած, Համբո կը սկսի պատմել իր գործին մէջ տեղի ունեցած միջադէպ մը, որմէ նեղացած է: Գէորգ կը լռէ՝ առաջնահերթութիւն տալով ընկերոջ ունկնդրելու՝ քան խօսելուն:
Խօսելու արուեստին մէջ ընդհանուր առումով կը հանդիպինք երկու տեսակ անձերու, մէկը տեղի-անտեղի խօսողն է, առանց նկատի առնելու գտնուած վայրը, անձը կամ պահը, իսկ միւսը՝ այս բոլորը նկատի առնող եւ տեղին՝ քիչ բառերով խօսողն է:
Եթէ այս բոլորը նկատի ունենանք, խօսելու արուեստին պիտի միացնենք նաեւ անկէ կարեւոր նկատուող՝ լռելու արուեստը:
Արդեօք կարելի՞ է ներկայ գտնուիլ թատրոնի մը, ուր մէկ-երկու ժամ առանց հանգիստի պիտի ունկնդրենք դերասաններու խօսակցութիւնը: Այստեղ նկատի ունենանք ոչ թէ թատրոնի երկար տեւողութիւնը, այլ՝ առանց դադարի եւ առանց շունչ առնելու միմիայն խօսակցութիւն մտիկ ընելը: Չէ՞ որ երաժշտութիւնն ալ պիտի անցնի, դերասանները պիտի լռեն, որպէսզի լսելի դարձնեն՝ զգացնեն իրենց վախը, ուրախութիւնը, տխրութիւնը եւ այլ տեսակի ապրումները:
Եթէ կ’ուզենք գիտնալ լռելու արուեստին իմաստը, տանք դիմացինին այդ առիթը. չէ՞ որ մենք ալ օր մը պիտի ուզենք լսելի դառնալ՝ ուրիշին լռութեամբ. չէ՞ որ մենք ալ ունինք զգացումներ ու ապրումներ, զորս կ’ուզենք արտայայտել, լսելի դարձնել: Մենք ալ կ’ուզենք ունենալ Գէորգին նման անձեր, որոնք պիտի ուզեն պարզապէս մեզի լսել, ականջ տալ՝ արժեւորելու, կարեւորութիւն տալու եւ գնահատելու դիմացինին ապրումները:
Կը պատահի, որ Գէորգ երկրորդ անգամ ալ կը դիմէ աշխատանքի, բայց այս անգամ արդէն սորված է, թէ ո՛ւր պէտք է լուռ մնայ, ուր՝ խօսի: Ան կ’ընդունուի աշխատանքի, բայց այլեւս լաւ գիտէ թէ որո՛ւ պէտք է պատմէ իր ուրախութեան մասին, որո՛ւ հետ պէտք է բաժնեկցի իր պատմութիւնները, իր ապրումները եւ զգացումները, առանց մոռնալու լռութեան եւ ունկնդրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ամէն մարդ ալ կոչուած է արուեստագէտ դառնալու՝ իրեն յատուկ միջոցներով եւ ուղիով: Արդեօք որո՞ւն պիտի ուզենք նմանիլ, Համբոյի՞ն, թէ՞ Գէորգին, ըստ այնմ շահելու մեր համբաւը եւ տեղը ընկերութեան
մէջ:
Գրիգոր Արապաթլեան