Աշակերտական Անկիւն
Սուրբ թարգմանիչները ստեղծեցին Հայ գիրերու գիւտը, որպէսզի նախ Աստուածաշունչը թարգմանեն։ Ապա անոնք հիմը դրին Հայ հոգեւոր մշակութային շարժումին, որ մեր ազգին ոսկեդարը ուրուագծեց։
Թարգմանչաց տօնը Լաթաքիոյ Ազգ. Նահատակաց վարժարանէն ներս ամենակարեւոր տօնն է։ Մենք՝ աշակերտներս, անհամբեր կը սպասենք այս տօնին, որովհետեւ մեզ հայրենիքին կը կապէ, կը զօրացնէ մտքով ու հոգիով, կը յիշեցնէ որ ինչքա՜ն թանկարժէք Այբուբեն ունինք եւ ինչքա՜ն հարուստ ազգ ենք։
Մեր սրտերը ուրախութեամբ կը լեցուին, երբ եկեղեցիէն ներս միասնաբար, մայրենի լեզուով կ’ասմունքենք ու կ’երգենք։
Շուտով պիտի մեծնանք, համալսարաններ յաճախենք եւ անդրադառնանք, որ աշխարհը լեզուներու, մշակոյթներու խառնարան մըն է, որ մենք զմեզ պաշտպանելը դժուար է,  եթէ չունենանք մեր միակ հզօր զէնքը՝ մայրենի լեզուն։
Դանիէլ Վարուժան կ’ըսէ՝
«Փառք հայ տառերուն, որոնք անիմանալի խնամիութեամբ մոգական գրիչներու տակ հաւաքուած՝ Եղիշէին լեզուն ոսկի ըրին, Բագրատունիինը՝ ադամանդ, եւ Ալիշանինն ու Հայրիկինը՝ մեղր քաղցրահոս»:
Փաթիլ Գոչեն
Լաթաքիոյ Ազգ. Ս. Նահատակաց վարժարան, Ը. կարգ