Իւրաքանչիւր մարդ նպատակ մը ունի, առանց անոր մարդ չի կրնար իմաստալի կեանք վարել, որովհետեւ նպատակն է որ կուտայ ուժ եւ ցանկութիւն գործելու եւ զարգանալու։
Իմ գլխաւոր նպատակը դեղագործ ըլլալն է, որպէսզի դառնամ վատառողջ մարդոց կամուրջը դէպի առողջութիւն, իսկ ընտանիքս հպարտանայ ինձմով։ Կը հաւատամ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ իր սահմաններուն մէջ բաներ փոխել այս աշխարհին մէջ, սկսելով փոքր քայլերէ։
Ուստի կ՛ուզեմ ունենալ այնպիսի մասնագիտութիւն մը, որ կը համապատասխանէ հետաքրքրութիւններուս եւ նպատակիս։
Կ՛ուզեմ այնպիսի կեանք մը ապրիլ, որ օրին մէկը կարենամ ըսել․ «Հայ եմ, հայը նպատակասլաց է, կը ջանայ հասնիլ իր ծրագրածին»։
Կեանքը լեցուն է փորձութիւններով, բայց անոնք մեզ աւելի ուժեղ եւ խելացի կը դարձնեն, որպէսզի կարենանք աշխատանքով սլանալ մեր իղձերու իրականացման ճամբուն վրայ։
Յարութ Գալբագճեան
Լաթաքիոյ Ազգ. Ս. Նահատակաց վարժարան
Թ. կարգ