Կանգ ա՛ռ մէկ վայրկեան… եւ մտածէ՛։
Մեր մարմինին խորքը կայ իմաստութիւն մը, որուն յաճախ չենք գիտակցիր։
Թոքերը… այն լուռ զոյգը, որ չ’երեւիր… եւ կը յիշուի միայն երբ շնչահեղձ կ’ըլլանք։
Պարզ են, բայց առանց անոնց կեանք գոյութիւն չունի։
Թոքերը մեզի կը յուշեն, որ չեն նմանիր ստամոքսին։
Ստամոքսը կը մերժէ այն, ինչ որ վնասակար է։ Մինչդեռ թոքերը կը սորվեցնեն, որ կեանքը ներշնչում եւ արտաշնչում է՝ առնել եւ տալ։
Անոնք կը լեցուին, ապա կը դատարկուին։
Չեն պահեր օդը, չեն կուտակեր ցաւը, այլ կը սորվեցնեն, որ կուտակումն է շնչահեղձ դարձնողը եւ գոյատեւման գաղտնիքը դատարկումին մէջ է։
Իսկ մենք…
Քանի՞ անգամ հաւաքեցինք մեր վիշտերն ու վախերը, մինչեւ որ խեղդուեցանք անոնց մէջ։
Քանի՞ անգամ մոռցանք դատարկուիլ։ Մոռցանք ձերբազատիլ։
Թոքերը կը փսփսան մեզի.
-Շնչէ՛… առ միայն այն, ինչ որ պէտք ունիս… եւ թողէ այն, ինչ որ ցաւ կը պատճառէ։
-Բա՛ց կուրծքդ կեանքին, ոչ թէ խեղդամահութեան։
Սորվինք ուրեմն թոքերէն.
Որ չպահենք այն, ինչ որ կը ծանրացնէ մեզ, որ ապրինք հոսող շարունակութեան մէջ։
Թոքերը՝ կը պարպեն։
Եւ գալիքը… կը շարունակուի։
Սեպուհ Պապիկեան