Երրորդ հազարամեակին, Եփրատի ափերուն հանրածանօթ էր Մարիի թագաւորութիւնը, որպէս առեւտրական հանգոյց արեւելքէն սոմարական ժողովուրդներու եւ արեւմուտքէն փիւնիկեցի ժողովուրդներու միջեւ, Հալէպի «Եմհատ» միջանցքով: Այս թագաւորութեան հարուստ գրադարանի սալիկներէն կը տեղեկանանք հայերու (Արատայի ժողովուրդի) եռանդոտ առեւտուրին մասին այս շրջանակին հետ: Հայերը կ’արտածէին գինի, գարեջուր, ցորեն, գարի, երիվար ու մասնաւորաբար պղինձի զանգուածներ: 

Հետագայ ժամանակներուն, միշտ ալ շարունակուած է առեւտրական ու մշակութային կապերը Հայաստանի եւ Պիլատ աշ-Շամի տարածքներուն միջեւ:
Այսօր, Հալէպի մէջ հայու ներ կայութեան նիւթական առաջին յիշատակութիւնը կը կազմէ Ս. Աստուածածին եկեղեցին՝ (Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դարպասէն ներս) 1329 թուականէն: Տասնհինգերորդ դարուն, Օսմանեան իշխանութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ տարածուելէ ետք, Նոր Ջուղայի խոջաները, որպէս համաշխարհային վաճառականներ, առեւտուրի յարմարագոյն նրբանցք մը ստեղծեցին Հալէպէն՝ արեւմուտքը արեւելքին միացնելու համար, Հալէպը դարձնելով միջազգային առեւտրական սքալի մը: Հայ խոջաներու տեւական ներկայութիւնը հաստատուած է ոչ թէ միայն միջազգային վաճառականութեան պատմութեան էջերով, այլեւ հոգետան սենեակներուն ճակտին քամուած (32) որմաքանդակներով, որոնք անհետացած են անփոյթ ձեռքերով:
Հոգետունը եղած է ուխտաւորներու կանգառ ու ծառայած է նաեւ որպէս հայ տուն՝ հայ ժողովուրդին համար, մինչեւ 1948, որմէ ետք կամայ թէ ակամայ լքուած է՝ վերածուելով հանրային անճանաչելի շուկայի մը:


Հալէպի հայութիւնը միշտ ալ հարուստ եղած է իր վաճառականներով, արհեստաւորներով, շինարարներով եւ մշակոյթի ծառայողներով:
Հայ վաճառականը, մետաքսի առեւտուրին կողքին, ունեցած է զանազան զբաղումներ, ինչպէս՝ լումայափոխ (սարրաֆ), վարկատու, բանկիր (banker), ուղեցոյց եւ միջնորդ:
Հալէպի հայ վաճառականներէն կարելի է յիշատակել շատեր, ինչպէս՝
– Պետիկ եւ Սանոս Չալապի եղբայրները, որպէս մետաքսի վաճառականներ, իսկ Պետիկը եղած է նաեւ Հոլանտայի թագուհիին էմինը (արեւելքի նախարար), ներկայացնելով զայն: Ընդհանուր հսկիչ Հալէպի, Թրիփոլիի, Ալեքսանտրէթի, Կարինի մաքսատուներուն, ներկայացնելով Սուլթանը: Ան կառուցած է Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին 1616-ին, որ ներքինով նման է Երուսաղէմի Ս. Յակոբայ տաճարին:
– Խոջա Ղարիպճանեան. կառուցած է հոգետունը, Պետիկ եւ Սանոս եղբայրներու հետ միասնաբար:
– Խոջա Րայես Իսա. կառուցած է Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջակայ պալատները:
– Խոջա Աւետիք. գոհարեղէնի վաճառական:
– Շահպանտար Մահտեսի Կիրակոս. Հալէպի ցորենի եւ մետաքսի վաճառական:
– Գաբմաճեան ընտանիք. որպէս սուլթանական հսկիչ, Հալէպ, Իսթանպուլ, Մանչեսթըր վաճառականութեան ռահվիրայ մօտաւորապէս 200 տարի:
Հայերը ունեցած են նաեւ վաստակաւոր արհեստաւորներ։ Հայը Հալէպ ներմուծած է զանազան արհեստներ, ինչպէս՝ սատաֆագործութիւն, ներկարարութիւնը, ներկի պատրաստութիւն եւ մուշտակագործութիւն։ Յատկապէս կը յիշատակուի գոհարագործութիւնը: Նշանաւոր արհեստաւոր գոհարագործ եղած է արուեստագէտ, բժիշկ, լեզուագէտ, գոհարատաշ ու գոհարագամ հալէպցի Մուրատը, որ ծանօթ է Տէր Սարգիս քահանայ անունով: Ան ծնած եւ մահացած է Հալէպ (1592-1662), եղած է հմուտ գոհարագէտ: Դաւրիժեցի վարդապետը երբ այցելած է Հալէպ եւ հանդիպած Տէր Սարգիսին, խնդրած է այս գիտնական ու արհեստավարժ քահանայէն գրել այս գիտութեան մասին: Մուրատ ընդառաջելով վարդապետին, գրած է նաեւ օգտաշատ գիրք մը, որ եզակի է իր ժամանակին մէջ ու կոչած է զայն «Վասն Անուանց Եւ Որպիսութեանց Պատուական Ականց» (աղբիւր՝ մատենադարան, Երեւան): Իր նշանաւոր յաճախորդներէն եղած է գոհարի վաճառական, ճանապարհորդ, (Ժան Բաբթիսթ Դաւիրնիէ), որ գտած է կապոյտ ադամանդը (116 կարատ) եւ ծախած զայն Ֆրանսայի Լուի-14 թագաւորին:
Նկատի ունենալով, որ Հալէպը եղած է մեծ շահաստան մը օրուան Պիլատ աշ-Շամի տարածքին, հայ շինականը ցանկացած է տեղաւորուիլ Հալէպ ժամանակաւորապէս եւ երբեմն մնայուն, նոր Հայրենիք ընդունելով զայն, աւելի բարեկեցիկ կեանքի մը հեռանկարով: Հայ պանդուխտները եկած են զանազան գաւառներէ, սակայն մեծ եղած է թիւը Սասունէն եւ Արաբկիրէն եկողներուն:
Անոնք աշխատած են զանազան արհեստներ՝ մետաքսագործութիւն, ջուլհակութիւն, դերձակ, կօշկակար, ոսկերիչ, արծաթագործ: Սասունցիները ընդհանրապէս եղած են քաղաքի հացը պատրաստողներ՝ ջաղացպան, հացթուխ, փռապան, նոյնիսկ ցորենի վաճառականներ, որոնց աշխատանքի մենաշնորհը տեսանելի էր մինչեւ 20-րդ դարու կէսերը «Ալ-աֆրան լիլ սուսանիէ» ասոյթով:
Իսկ Արաբկիրի շինականները եղած են մեծատուներու կամ դեսպաններու ծառայողներ եւ խոհարարներ:
Հալէպահայ գաղութը ունեցած է նաեւ քահանաներ, գրիչներ, սրբանկարներու գծագրիչներ ու մշակոյթի այլ գործիչներ:
Աւելին՝ դոկտ. Նուր ատ-Տին ալ-Թունպիի երկարաշունչ սերտողութիւններէն, որ կատարած է՝ Հալէպի քաղաքացիական տոմարներուն շուրջ, կը տեղեկանանք Հալէպի մէջ հայերու նախնական բնակավայրերու մասին, որոնք եղած են նախապէս «Ճալլում էլ Քուպրա եւ Աքապէ» ապա տարածուած է «Աթաուի ալ-Քապիր, Պէյթ ալ-Մահապ, Մուղարպալիյէ, Ապտ ալ-Ռահիմ, Ճսըր ալ-Քաաքէ, Էլմահճի, Աքրատ» թաղամասերը: Աւելի ուշ՝ «Պասաթնէ, Շարէհսուս, Քասթալ Հարամի, Զուքաք ալ-Արպաաին, Հազզազէ, Ղաթթաս» եւ վերջապէս՝ «Մասապէն, Պահսիթա, Պաուապէթ ալ-Քասապ, Սալիպէ ալ-Քուպրա, Սահէթ Ֆարհաթ, Թումայաթ, Պաուապէթ ալ-Խալ»:
Համաձայն հայր Իւսէֆ Քոշաքճիի, հայ կիները ամէն կիրակի առաւօտ Ուարա ալ-Ամարա
կը հաւաքուէին, մասնաւորապէս ցեղասպանութենէն ետք, իրենց պատրաստած ձեռագործները ծախելու։ Այնտեղ ստեղծուած էր կիրակնօրեայ պազար մը:
Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան


