Նոր Գիւղը Հալէպի ամէնէն հայախիտ ու հայահոծ թաղամասն էր։
Անցեալ ժամանակով խօսեցանք, «թաղամասն էր» ըսինք, որովհետեւ այսօր այդպէս չէ, երբե՛ք։ Հալէպի հնգամեայ արիւնալի պատերազմն ու անոր հետեւանքով ծայր տուած գաղթի ալիքը լայն չափով դատարկեցին Նոր Գիւղը իր բնիկ հայ տարրէն, ամայացուցին անոր հայաբնակ փողոցներն ու շէնքերը, փոխեցին շրջանին ժողովրդագրական պատկերը ու պատմութեան գի՛րկը նետեցին համեստ ու բարեկեցիկ ընտանիքներու համար «փոքրիկ Հայաստան» մը նկատուած ըլլալու անոր վաղեմի համբաւը…։
Սփիւռքեան տխո՜ւր ու կրկնուող պատմութիւն։
Նոր Գիւղի մէջ սակաւաթիւ հայեր մնացին, այո՛, սակայն մեր ազգային-եկեղեցական կառոյցներէն շատեր դեռ հոն են։ Հոն է Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը,
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, Տիգրանեան ընտանեկան պարտէզը (ամռան եղանակին), Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնը, Ազգ. Պատսպարանը, Գերմանիկ-Վասպուրական Մշակ. Միութեան շէնքը, Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին ու անոր կից Զուարթնոց վարժարանը, Զէյթունի Հայր. Միութեան շէնքն ու սրահը, Համազգայինի կեդրոնատեղին (նախկին Սահակեան վրժ.)՝ Հայագիտական Հիմնարկով հանդերձ, Վերժին Կիւլպէնկեան նախկին մայրանոցը (այժմ՝ Հայ Ծերանոց) եւ… եւ… հոն են մարդոց յիշատակները։ Անջնջելի՜ յիշատակները։
Վերջին տարիներուն շատե՜ր քրքրեցին իրենց հալէպեան յուշերու «տոպրակ»-ը։ Գաղթեր էին Հալէպէն ու իրենց ետին ձգեր մանկութիւն, երիտասարդութիւն ու ատոնց կապուած անմոռանալի ինչ-ինչ յուշեր։ Հիմա կ’ուզէին պատմել, խօսիլ այդ մասին, իրենց կոկորդին բովանդակ ուժով պոռալ՝ թէ «Հալէպը անփոխարինելի էր»…։ Կը գրէին յօդուածի ձեւով (ինչպէս՝ ամերիկաբնակ Արա Մխսեանի ուշագրաւ յուշերը), երբեմն ալ
կը հրատարակէին գիրքեր։ Զորօրինակ, լոս-անճելըսաբնակ Գէորգ Պետիկեանի «Բարեւ, Հալէպ» (2007) եւ «Սա մեր բոլորին Հալէպն է» (2017) ժողովածուները, նիւ-եորքաբնակ Զարմինէ Պօղոսեանի «Ազէզէն Ամերիկա»-ն (2021), զուիցերաբնակ Մաթիկ Էպլիղաթեանի «Անկրկնելի Հալէպը» (2023) կ’իյնան այս շրջագիծին մէջ։
Ու հիմա՝ Յակոբ Միքայէլեանի «Նոր Գիւղը»։
Գիրքը տպուած է Երեւան, 2025-ին, Լուսակն հրատարակչատան կողմէ։ 176 էջ է ու լոյսին եկած է մեսրոպեան դասական ուղղագրութեամբ։ Մամուլէն իմացանք, թէ գիրքին ձօնուած շնորհանդէս մըն ալ կայացած է Երեւանի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնին մէջ, անցնող Յունիսի 6-ին։
Յակոբ Միքայէլեան աւելի քան տասը տարիէ իվեր հեռացած է Հալէպէն ու կայք հաստատած Երեւան, իրեն նման հազարաւոր հալէպահայերու նման։
Հալէպի հարազատ զաւակ է ան, հոն ծնած (1943-ին), հոն ուսանած, հոն ընտանիք կազմած, հանրային-գրական-մշակութային-թատերական-կրթական երկարամեայ գործունէութիւն ունեցած՝ հո՛ն։ Բեղուն արձակագիր է ան, երբեմնի մնայուն աշխատակից «Զարթօնք» օրաթերթի, «Շիրակ» ամսագրի եւ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի։ «Փինոքիօ» գրչանունով իր կիսաերգիծական ակնարկները,- որոնք յետոյ հատորի մը կողքին տակ մէկտեղուեցան (Անթիլիաս, 2004),- մի՛շտ ալ ընթերցուեր են հաճոյքով, զգացնելով մասնայատուկ բոյր մը։ Հայաստան հաստատուելէ ետք ալ Միքայէլեան իր մնայուն սիւնակը ունեցած է «Ազգ» լրագիրին էջերուն։
«Նոր Գիւղ» հատորը կը պարփակէ մանկութեան եւ պատանութեան յուշեր, որոնք ուղղակի կ’առնչուին Հալէպի Նոր Գիւղ (արաբական անուանումով՝ Մէյտան) թաղամասին։ Նշմարեցինք սակայն, որ այստեղ ի մի բերուած գրութիւններէն ոմանք երկրորդ անգամ ըլլալով է որ կը մտնեն կողքի մը տակ։ «Պանքան», «Արծիւները գետնի վրայ» եւ «Նոր-գիւղեան համանուագ» (թատերական պատկեր մը) խորագրեալ գրութիւնները (ընդամէնը՝ շուրջ 80 էջ) արդէն տեղ գտած էին հեղինակին «Տիկնիկը» պատմուածքներու ժողովածուին մէջ (Հալէպ, 1998), շատ տարիներ առաջ։ Թէ ինչո՞ւ Միքայէլեան զանոնք անգամ մը եւս կը ներառէ իր նորատիպին մէջ՝ կ’անգիտանանք, մանաւանդ որ այս մասին տրուած չէ որեւէ բացատրութիւն, կատարուած չէ որեւէ ակնարկ։
Արդ, եթէ դուրս բերենք վերատպեալ այդ 80 էջերը, «Նոր Գիւղ»-ը
կը վերածուի նուազ քան 100 էջանի նկուն հատորի մը, որ,- մեր համեստ կարծիքով,- ունէ՛ր հնարաւորութիւնը աւելի ճոխանալու եւ ընդլայնուելու։ Միքայէլեանի Հալէպի յիշատակները զեղուն են ու յորդուն, եւ հեղինակը երանի՜ աւելի լայն բանար իր կարկինը նոր-գիւղեան խճանկարային հարթակին վրայ…։
Շուրջ քսան տարի Նոր Գիւղ ապրած ըլլալով՝ Յ. Միքայէլեան ուզած է իր քաղցր ու տպաւորիչ յիշատակները բաժնել ընթերցողներուն հետ։ Ուստի, կրնանք ըսել անվարան, թէ այս գիրքը յուշագրութիւն է, եւ հոն տողանցող անձերը բոլորն ալ յիշատակուած են իրենց հարազատ անուն-մականունով։

Հեղինակին կեդրոնացումը, առաւելաբար, իր հօրենական տան վրայ է։ Ո՞վ էր իր զէյթունցի հայրը (երկաթուղային ընկերութեան երկարամեայ պաշտօնեայ, «ժայռի պէս կոպիտ ու անտաշ, բայց բարի…», «աղքատ, բայց հպարտ»), ո՞վ էր իր մայրը («հեզահամբոյր կին մը չէր…», «մեր տան էրիկմարդը մայրս էր…»), որո՞նք էին չորս քոյրերը եւ այլն։ Պարբերաբար պատմած է ասոնց մասին, գրչի արագ հպումներով բնութագրած է զանոնք, չմոռնալով աւելցնել, թէ «չորս քոյրերս ամուսնացած էին, ու մենք մնացած էինք երեքով։ Երեք տարբեր աշխարհներ նոյն տանիքին տակ. ու կ’աշխատէինք ապրիլ ոչ-ճիշդ դասաւորուած համաստեղութեան մը մէջ» (էջ 78)։ Հեղինակը չէ ծածկած իր կապուածութիւնը, համակրանքն ու մա՛նաւանդ գութը՝ տարիներու աշխատանքին տակ կքած ու յոգնած հօրը նկատմամբ. «Կը դիտէի կաշի մնացած դէմքը, կնճիռներուն խոր ակօսները, քուրայի պէս (արդեօք փքո՞ց ըսել կ’ուզէ – Լ.Շ.) ելեւէջող կուրծքը ու երկար ատեն աչքս չէի կրնար կտրել իրմէ» (էջ 81)։
* * *
Կեանքի մէջ մարդ քանի՞ անգամ բնակարան կը փոխէ։ Երկո՞ւ, երե՞ք, չո՞րս։ Այո՛, բոլորս ալ կամովին կամ ստիպողաբար բնակարան կը փոխենք, սակայն ետին թողուած տունը (մա՛նաւանդ մանկութեան շրջանի տունը) անպայման տրտմանուշ յուշերով կը լեցնէ մեր սիրտը։
Այդպէ՛ս եղած է Յ. Միքայէլեանին համար եւս։
Նախքան Նոր Գիւղը, իրենց բնակարանը գտնուած է շոգեկառքի կայարանին մօտակայքը, ընդարձակ պարտէզ-բանջարանոցով ու կանաչապատ շրջապատով։ Ու երբ ստիպուեր են հեռանալ հոնկէ, շոգեշարժավար Վարդան (հեղինակին հայրը) իր պարտէզին որթատունկերէն շիւ մը բերեր է Նոր Գիւղի իր նոր տունը (անհամեմատօրէն փոքր բնակարան մը) ու ատոր նեղլիկ բակին մէկ անկիւնը փոս մը փորելով՝ զայն հո՛ն թաղեր է…։ Այդ տունկը աճեր է, վերածուեր է արիշի, մի՛շտ իրեն յիշեցնելով Զէյթունի իրենց այգիին քաղցրահամ խաղողները…։ «Հօրս տնկած որթատունկը,- կը գրէ Յ. Միքայէլեան,- ապրեցաւ ու պտղաբերեց ամէն տարի, մինչեւ հօրս մահը, որմէ ետք տունը ծախուեցաւ ու գնողը քանդեց ու տեղը նոր շէնք մը բարձրացուց։ Հայրս ու իր նման բազմահազար ճակատագրակիցներ բախտը չունեցան իրենց ծննդավայրերուն մէջ հողին յանձնուելու։ Անոնք Երկրի յիշատակներն ու կարօտը իրենց սրտերուն մէջ՝ հանգչեցան Հալէպի գերեզմանատան մէջ, իրենց զաւակներուն ու թոռներուն կտակելով իրենցմէ կողոպտուած հայրենի հողին վրէժը»։
Այս պատմութիւնը, գո՛նէ իր թելադրականութեամբ, որքա՜ն կը յիշեցնէ Ակսել Բակունցի «Լառ-Մարգար»-ը։
Հօրենական տունէն ետք՝ սեւեռումի ենթարկուած են դրացիները։ Փակ շրջանակ էր Նոր Գիւղը, եւ հայ ընտանիքները կ’ապրէին «մէջ-մէջի»…։ Ամռան, ներքնակները կը փռուէին տանիքը ու մարդիկ կը քնանային աստեղազարդ բաց երկնքի տակ…։ Անպայման կը գտնուէին աներեսներ ալ, որոնք իրենց տանիքէն լպիրշ նայուածքներով կը սիրէին դիտել մերձակայ տանիքներու կիները…։ «Ա՜խ, այդ տանիքները,- կը հառաչէ Յ. Միքայէլեան,- լեզու ունենային ու պատմէին…»։
Առանձին նիւթ են հեղինակին թաղեցի ընկերները, որոնց հետ չարաճճիութիւններ, երբեմն արկածախնդրութիւններ կատարուեր են, մանկական խաղեր սարքուեր են, փողոցի «առեւտուր»-ի փորձեր եղեր են։ Նոր Գիւղի այդ փողոցները ունեցեր են իրենց ծանօթ կերպարները։ Սա թութ ծախող արաբ մարդը, օրինակ, կրնա՞յ խնդուք չյառաջացնել՝ երբ
կը կանչէ. «Եալլա թո՜ւթ, եալլա թո՜ւթ, աղուոր չէ՜, աղուոր չէ՜…»։ Թաղեցի հայ լաճերը այդպէ՛ս սորվեցուցեր էին հայերէնի անտեղեակ այդ խեղճ մարդուն, կարծել տալով անոր՝ թէ գովքը կը հիւսէ իր թութերուն…։
Մանկական տպաւորութիւնները եւս լայն տեղ կը գրաւեն հոս։ Կաղանդի նախօրէի խանդավառութիւնը, տօնածառ յարդարելու երջանկութիւնը, Տեառնընդառաջի խարոյկները, Զատկուան հաւկթախաղերը…։
Հապա՞ նիւթական նեղութեանց հետեւանքով ապրուած դառնութիւնները…։ Այդ տարիներուն (1950-ականներ) ո՞վ, քանի՞ ընտանիք նիւթապէս լայն հնարաւորութիւններ ունէր, մա՛նաւանդ Նոր Գիւղի շրջանին մէջ։ Մարդիկ կ’ապրէին համեստ եւ ժուժկալ կեանք մը։ «Խած մը միայն»-ը (էջ 43) ուշագրաւ յուշ մըն է այս տեսակէտով։
Յակոբ Միքայէլեանի լեզուն սահուն է, բառամթերքը՝ ճոխ։ Ոճային առանձնայատկութիւն մը կամ գրական գեղաքանդակ պատկերներ չնշմարեցինք այստեղ։ Պարզ, ժողովրդային լեզու մըն է իրը, որուն գրաւչութիւնը թերեւս իր այդ պարզութեա՛ն մէջ է…։ Իր նախորդ գիրքերը, որոնց թիւը կը հասնի ութի, արդէն գրաւականն են իր գրելու շնորհին։
* * *
Եզրափակելէ առաջ՝ անհրաժեշտ նշում մը։
Մեզի համար հաճելի չեղաւ նշմարել, էջերու երկայնքին, որ նորատիպ հատորը լաւ չէր սրբագրուած նախքան տպագրութիւնը։ Թերութիւն մըն է այս, որուն զոհ կ’երթան հոն եւ հոս (Հայաստան եւ Սփիւռք) տպուած շատ գիրքեր։ Վերստուգող սրբագրի՞չ չկայ, թէ՞ բծախնդրութեան պակաս է։
Բայց որպէսզի մեր նկատողութիւնը անապացոյց չմնայ, ահա՛ փունջ մը վրէպներ.
– Կ’ուղղեկցի (էջ 31, ճիշդը՝ կ’ուղեկցի), ազատգեղ (էջ 43, 46, ճիշդը՝ ազատքեղ), չէր վիճակուէր (էջ 51, ճիշդը՝ չէր վիճակուեր), կը փրէ (էջ 59, ճիշդը՝ կը փռէ), աղաջական (էջ 67, ճիշդը՝ աղաչական), չ’արատաւորելու համար (էջ 68, ճիշդը՝ չարատաւորելու համար), բարէացակամ եւ կէնտ (էջ 71, ճիշդը՝ բարեացակամ եւ կենտ), պիտի հրամցներ (էջ 74, ճիշդը՝ պիտի հրամցնէր), ժայթկած (էջ 76, ճիշդը՝ ժայթքած), մատնայետքեր (էջ 89, ճիշդը՝ մատնահետքեր), մինչեւ որ ծխախոտը մարեր… ու ոտքի ելլեր (էջ 97, ճիշդը՝ մարէր ու ելլէր), հաճելի չէր թուէր (էջ 99, ճիշդը՝ չէր թուեր), երկուստէք (էջ 100, ճիշդը՝ երկուստեք), սակառկել (էջ 122, ճիշդը՝ սակարկել), քաղցրաւէնիք (էջ 123, ճիշդը՝ քաղցրաւենիք), մի երկարէր (էջ 139, ճիշդը՝ մի՛ երկարեր) եւ այլ, եւ այլն։ Տեղ-տեղ կան նաեւ լեզուական անճշդութիւններ։
Կը կրկնենք։ Խիստ փափաքելի է որ Յակոբ Միքայէլեան շարունակէ իր յուշապատումը ու շահեկան նոր էջերով վերապրեցնէ ո՛չ միայն Նոր Գիւղը (իր տարաբնոյթ այլ երեսակներով), այլեւ Հալէպի անցեալի կեանքը՝ առհասարակ։ Մենք վստահ ենք որ ատաղձ ու հում նիւթ չի պակսիր իրեն, մա՛նաւանդ որ ինք գործուն տարր եղած է «Երազային Հալէպ»-ի ազգային-միութենական կեանքին մէջ։ Ան կրնայ դրուագներ պատմել իր դպրոցական տարիներէն, ուսուցիչներէն, մամլոյ փորձառական աշխատանքէն եւ թատերական յիսնամեայ կեանքէն, որոնք վստահաբար պիտի լեցնեն յուշերու նոր տոպրակ մը։
Լեւոն Շառոյեան