ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ GRAND CHESS TOUR,
SAINT LOUIS RAPID & BLITZ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Հայաստանի հաւաքականի նախկին առաջատար, ներկայիս ԱՄՆ-ն ներկայացնող Լեւոն Արոնեան կը շարունակէ արձանագրել տպաւորիչ արդիւնքներ: Լաս Վեկասի «Freestyle Chess» մրցաշարքի ախոյեանութիւնը նուաճելէ ետք, Արոնեան կրկին բարձրացաւ պատուանդան՝ այս անգամ նուաճելով «Grand Chess Tour, Saint Louis Rapid & Blitz 2025» տիտղոսը: Մրցաշարքը աւարտելէ երկու փուլ առաջ, Արոնեան դարձաւ մրցակիցներուն համար անհասանելի եւ նուաճեց ախոյեանութեան տիտղոսը։ Արագ ճատրակի 9 փուլերէ ետք, Արոնեան 13/18 կէտով երկրորդն էր մրցաշարային աղիւսակին վրայ։ Կայծակնային ճատրակի առաջին օրը ան ապահովեց 6/9 կէտ, իսկ երկրորդ օրը նոյն հիանալի խաղը շարունակելով՝ ապահովեց մրցաշարքին յաղթանակը, ապահովելով 23,5 կէտ՝ 2,5 կէտով գերազանցելով մրցակիցները։ Այսպիսով, Լեւոն Արոնեան դարձաւ Սենթ Լուիսի մէջ տեղի ունեցած «Grand Chess Tour, Saint Louis Rapid & Blitz 2025» արագ եւ կայծակնային ճատրակի մրցաշարքի ախոյեան: Այս յաջողութեան համար 42-ամեայ քրոսմասթըրը արժանացաւ 40 հազար ամ. տոլար մրցանակի։
ԵՂԻՇԷ ՄԵԼԻՔԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ
ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ՄԱՐԶԻՉ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ
Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչութեան պաշտօնը վստահուած է Եղիշէ Մելիքեանի: 46-ամեայ մասնագէտը արժանացաւ դաշնութեան գործադիր կոմիտէի անդամներու վստահութեան: Անոր հետ պայմանագրութիւնը կը բանի մինչեւ Նոյեմբեր 2026: Եղիշէ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ. «Հպարտ եմ Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը ստանձնելուս համար:Կը գիտակցիմ աշխատանքի բարդութեան ու ողջ պատասխանատութեան, բայց պատրաստ եմ պատուով անցնելու այս ճանապարհը: Իմ բոլոր որոշումները պիտի գոյացնեմ ի շահ ազգային հաւաքականին եւ հայկական ֆութպոլին: Այս պահուն ժամանակն է մէկտեղելու ուժերը: Ես կոչ կ’ուղղեմ ֆութպոլային ամբողջ հանրութեան համախմբուելու ազգային հաւաքականին շուրջ»: Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութեան նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան, անդրադառնալով Եղիշէ Մելիքեանի նշանակումին ըսաւ. «Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութիւնը որոշեց փոխել Հայաստանի ազգային հաւաքականի զարգացման ուղղութիւնը: Մենք շնորհակալ ենք Ճոն վան’տ Սխիպին իր կատարած աշխատանքին համար: Այժմ հաւաքականի մարզիչութեան ղեկը կը վստահինք հայաստանցի մասնագէտի, որ շատ լաւ կը ճանչնայ հայկական ֆութպոլը»:

