ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց հաւաքականը Սէուտական Արաբիոյ մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ասիոյ ախոյեանական մրցումներուն, ուր ներկայացաւ ձախող խաղարկութեամբ: Հաւաքականը իր առաջին հանդիպումը կատարեց Ճափոնի դէմ եւ 99-68 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց: Սուրիոյ երկրորդ մրցակիցը դարձաւ Կուամի հաւաքականը։ Այստեղ սուրիական խումբը 82-73 արդիւնքով դարձեալ պարտութեան մատնուեցաւ: Աւելցնենք, որ հաւաքականի նախկին մարզիչ Հայսամ Ճմայէի մէկ ամիս առաջ   դադրեցումը Սուրիոյ պասքեթի ժամանակաւոր յանձնախումբին կողմէ, դժգոհութիւն յառաջացուց պասքեթի մասնագէտներու մօտ, մանաւանդ որ ան յաջողած էր կազմին հետ տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրել: Ներկայիս հաւաքականի մարզիչութեան պաշտօնը վստահուած է ամերիկացի Ժոզէֆ Սթեպինկին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ԿՈՆԶԱԼՈ ԿԱՐՍԻԱՅԻ 
ՀԵՏ ԻՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Սպանիոյ մայրաքաղաքի արքայական ակումբ՝ Ռէալ Մատրիտ  պաշտօնապէս յայտարարեց, որ  երկարաձգած է  գործակցութեան իր պայմանագրութիւնը խումբի  կեդրոնական յարձակող Կոնզալո Կարսիայի հետ մինչեւ 2030 տարեշրջանի աւարտ:  21-ամեայ սպանացի խաղացողը երիտասարդական կազմէն բարձրանալով, պիտի դառնայ առաջին խումբի մշտական խաղացող: Ոչ պաշտօնական տուեալներով, անոր  հրաժարագինը մէկ միլիար եւրոյի կը հասնի: Կոնզալո Կարսիա տասը տարեկանին մաս կազմած է  Արքայական ակումբին:  Վերջերս Ամերիկայի մէջ տեղի ունեցած համաշխարհային ակումբներու ֆութպոլի ախոյեանական մրցումներուն, ան մասնակցած  էր 6 հանդիպումի եւ նշանակած չորս կոլ՝ դառնալով մրցաշարքի կոլսկորիստ:
ՄԱՐԹԻՆԷԶ ԼՔԵՑ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ԵՒ 
ՄԻԱՑԱՒ ԱՆ-ՆԱՍԸՐ ԽՈՒՄԲԻՆ
Պարսելոնայի սպանացի պաշտպան Ինիկո Մարթինէզ իր մարզական կեանքը պիտի շարունակէ Սէուտական Արաբիոյ  մէջ: Այս մասին յայտարարեց Ֆապրիձիո Ռոմանո: Աղբիւրին տեղեկութիւններով, 34-ամեայ ֆութպոլիստը յառաջիկայ օրերուն պիտի խզէ քաթալոնէական  ակումբին հետ գործող պայմանագրութիւնը եւ միանայ  Սէուտական Արաբիոյ ան-Նասըր խումբին: Աւելցնենք, որ կողմերը համաձայնութեան հասած են մէկ տարուան  պայմանագրութեան շուրջ՝ մինչեւ 2026 թուականի Յունիս ամիս, զայն մէկ տարի եւս երկարաձգելու կարելիութեամբ։ Ֆութպոլիստը սէուտական ակումբին կը միանայ անվճար։
Ռաֆֆի Սիւլահեան