Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուէյտայի ազգային հիւանդանոցին մէջ պատահած ցաւալի տեսերիզին հետեւեցաւ, ապա ըսաւ. «Խստիւ կը դատապարտենք սոյն արարքը, շեշտելով, որ օրէնքը խախտողնեդը պատիժի պիտի ենթարկուին, անկախ իրենց պատկանելիութենէն»:
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Անաս Խաթթապ յայտնեց, որ ապահովական հարցերու օգնական Ապտըլ Քատէր Թահհանին յանձնարարած է ուղղակի հետեւելու պատահածին, որպէսզի ամենամօտ ժամանակին յանցաւորները պետութեան յանձնուին: