Վաճառանիշը պատմականօրէն ծնունդ առած է միջնադարուն, եթէ նկատի չունենանք կարգ մը մշուշոտ նշաններ, որոնք ենթադրաբար գործածուած են որպէս նիշեր, կենդանիներու որմանկարներու կամ ժայռերու եւ գինիի կարասներու կնքոցի վրայ: Վաճառանիշի առաջին յստակ յիշատակութիւնը կու գայ 1266 թուականէն, Անգլիոյ Հէնրի III -ի «հացի եւ հայսի» յայտարարած օրէնքով, ուր հացագործը

կը պարտաւորուէր իր թխած հացը կնքել զանազանող նիշով մը՝ կանոնաւորելու համար հացին չափը, կշիռքը, արժէքը եւ ալիւրին մաքրութիւնը: Ապագային ան աւելի ու աւելի ընդհանրացած է մետաքսի վաճառականին մօտ, զանազանելու իր ապրանքի աղբիւրը եւ որակը, միաժամանակ բազմապատկելու առեւտուրի աղբիւրները եւ փոխանակութեան
կերպերը: Օրուան վաճառականը ստիպուած էր նաեւ զանազանել ապրանքին որակը եւ աղբիւրը: Եւ վերջապէս 1857 թուականին Ֆրանսան առաջնեկը եղաւ հաստատելու վաճառանիշի լայնիմաստ գործածութիւնը «Վաճառականութեան եւ արտադրութեան նիշերու» օրէնքով: Երեւոյթ մը, որ շուտով տարածուեցաւ աշխարհով մէկ. 1870 թ. Միացեալ նահանգներ, 1874 թ. Գերմանիա, 1875 Անգլիա եւ 1884 թ. Ճափոն:
կերպերը: Օրուան վաճառականը ստիպուած էր նաեւ զանազանել ապրանքին որակը եւ աղբիւրը: Եւ վերջապէս 1857 թուականին Ֆրանսան առաջնեկը եղաւ հաստատելու վաճառանիշի լայնիմաստ գործածութիւնը «Վաճառականութեան եւ արտադրութեան նիշերու» օրէնքով: Երեւոյթ մը, որ շուտով տարածուեցաւ աշխարհով մէկ. 1870 թ. Միացեալ նահանգներ, 1874 թ. Գերմանիա, 1875 Անգլիա եւ 1884 թ. Ճափոն: XV – XVI դարերուն նոր սլացք ստացող այս շարժումը, որպէս որակի երաշխիք գրաւեց նաեւ հայ արհեստաւորը, որ համահունչ վաճառականին քայլերուն, սովորութիւն դարձուց իր գործերը դրոշմել իր անունով, անուան տառերով, վայրով, թուականով եւ գործին նպատակով:
Աւելի ուշ, առեւտուրի զարգացումով, 19-րդ դարուն Պոլսոյ հայ գործարարները եւ ուրիշներ սովորութիւն դարձուցին գործածել վաճառանիշի պիտակներ իրենց արտադրութիւնները գովազդելու կամ ծանուցելու համար:
Ինչ կը վերաբերի հալէպահայ արհեստաւորին, ան վաճառանիշը միշտ էական համարած է: Հալէպահայ արհեստաւորին բոլոր արտադրութիւններն ու ծառայութիւնները անխտիր (90% տոկոսով) ունեցած են իրենց վաճառանիշը, շատ հազուագիւտ էր վաճառանիշ չունեցող արտադրութիւններու հանդիպիլ։

Հետաքրքրական է նկատել, որ հալէպահայ արհեստաւորը իր վաճառանիշերուն վրայ ծածկանուններ չէ գործածած, իրեն համար հայ անունը եղած է որակի երաշխիք՝ համապարփակ իմաստով: Ան ուր որ գտնուած է, հպարտ եղած է իր գործով, գործին որակով եւ առանձնապէս իր հայ անունով:
Հալէպահայ արհեստաւորը 1960-ական թուականներէն սկսեալ ունեցած է նաեւ պատկերազարդ եւ
գունաւոր գրացուցակներ (catalogues), ազդանկարներ, գրքոյկներ, թռուցիկներ, օրացոյցներ, յուշատետրեր եւ գրասեղանային իրեր, որոնք լայնօրէն պատկերած եւ լուսաբանած են իր արտադրութիւններն ու ծառայութիւնները, անոնց որակն ու առաւելութիւնները:
գունաւոր գրացուցակներ (catalogues), ազդանկարներ, գրքոյկներ, թռուցիկներ, օրացոյցներ, յուշատետրեր եւ գրասեղանային իրեր, որոնք լայնօրէն պատկերած եւ լուսաբանած են իր արտադրութիւններն ու ծառայութիւնները, անոնց որակն ու առաւելութիւնները:Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան
