Քրիստոս մտահոգուած էր անհատի կեանքով, բայց ան կը հաստատէ, որ անհատի կեանքը ուրիշներուն հետ ընկերակցութեան ճամբով միայն կրնայ կատարելութեան հասնիլ՝ այնպիսի՛ կերպով ապրելով անոնց հետ, որ բոլորն ալ կատարեալ ըլլան, հակառակ իւրաքանչիւրին տարբեր դերակատարութիւն ունենալու իրականութեան։
Մեր Տէրը՝ Յիսուս, այս մտածումը իր գործերուն միջոցով ցոյց տուաւ։ Ան իր կեանքի մեծ բաժինը ուրիշներուն կեանքը բաժնեկցելով ապրեցաւ. «Եւ տեսնելով ժողովուրդի բազմութիւնը, գթաց անոնց…»2։ Երբ իր առաքելութիւնը սկսելու ժամանակը հասաւ, ան ընտրեց իր աշակերտները եւ մեծ ճիգ ու ջանք դրաւ՝ սորվեցնելու եւ պատրաստելու համար զանոնք։ Անոնցմէ խումբ մը կազմեց, որպէսզի իրմէ ետք, անոնք շարունակեն իր առաքելութիւնը։ Անոնց մէջ տպաւորեց բաժնեկցուած կեանքի ու աշխատանքի ըմբռնումը եւ առաջին եկեղեցին հրաշալի օրինակ մըն էր այս կեանքին3։ Մեր Տէրը՝ Յիսուս, ասիկա կը շեշտէ իր խօսքին մէջ, երբ կ’ըսէ. «Կ’աղօթեմ որ անոնք բոլորն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս որ դուն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս ես եւ ես քու մէջդ, այնպէս ալ անոնք մեր մէջ ըլլան…»4։
Աստուծոյ նպատակն էր եւ տակաւին է, իբրեւ մէկ մարմինի անդամներ, անհատները «Քրիստոսի մէջ եւ Քրիստոսով» ունենան եւ ապրին ընկերակցութեան եւ բաժնեկցելու կեանք մը։ Իւրաքանչիւրը իր առանձնայատուկ դերը ունենալով, որ կարեւոր է մարմինին համար5։ Ընկերակցութեան կամ հաղորդակցութեան կեանքը Քրիստոնէութեան էութիւնն իսկ է, իր ամենամաքուր կերպին մէջ։ Այսօրուան աշխարհին մէջ, ո՛չ մէկ անհատ կամ ազգ կրնայ ինքնաբաւ եւ կամ մեկուսացուած ըլլալ։
Ուստի, անկարելի է իրական ընկերակցութիւն գոյութիւն ունենայ, բացի «Քրիստոսով», որովհետեւ Ի՛նքն է աղբիւրը եւ սիրտը այս կեանքին. «Երբ ժամանակները իրենց լրումին հասնին՝ Քրիստոս իրմով պիտի բովանդակէ ամէն ինչ որ կայ երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ»6։
Հետեւաբար, մեր կեանքէն դուրս հանենք «անհատապաշտութիւնը», որովհետեւ ատիկա՛ է ամէն բաժանումի եւ հատուածապաշտութեան աղբիւրը։ Եկէք խորիմաստ ընկերակցութեան կեանք մը ապրինք, որովհետեւ ատիկա՛ է իւրաքանչիւր եկեղեցիի, վանքի եւ ընկերութեան զօրութեան գաղտնիքը։
ԱՐԴԵՕ՞Ք ԱՆԻԿԱ ՏԿԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԵՆԹԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՍՆ Է
Եւրոպայի անաստուածութիւն քարոզող թանգարաններէն մէկուն մէջ, Տէր Յիսուսի հսկայ արձանը կը գտնուի, որ խաչին ծանրութեան տակ՝ անոր ապրած սոսկալի տաժանքը կ’արտայայտէ։ Անոնք կ’ուզեն ցոյց տալ, թէ ան խաչի Քրիստոսն է, ինչպէս նաեւ՝ տկարութեան եւ ենթակայութեան Քրիստոսը։ Միթէ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի խաչը տկարութի՞ւն է, ինչպէս որ անոնք կը կարծեն ու կը հաւատան։ Արդեօ՞ք մեր քրիստոնէութիւնը տկարութեան եւ ենթակայութեան կրօնք է։ Չկան աւելի գեղեցիկ բառեր, քան բառերը այն շարականին, որ կ’երգուի Աւագ Ուրբաթ օրը. «Սուրբ, Սուրբ է ան, որ տկարութեան միջոցով յայտնեց այն՝ ինչ որ աւելի մեծ է քան զօրութիւնը»։ Ա՛յս է պատասախանը այդ սխալ ըմբռնումներուն։ Քրիստոսի խաչին խորհուրդն ու զօրութիւնը լաւ հասկնալու համար, կը թելադրենք որ կարդաք Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակի առաջին գլուխին 18-31 համարները։
Մեր Քրիստոսը ո՛չ տկար էր եւ ոչ ալ տկարութեան պատճառով խաչուեցաւ։ Ան թէ՛ ուժը ունէր եւ թէ ալ զօրութիւնը՝ բնաջնջելու զինք խաչողները, բայց կամաւորաբար խաչուելու գնաց, որպէսզի փրկէ մեզ մեղքին ու Սատանային իշխանութենէն ու տիրապետութենէն եւ Աստուծոյ հետ հաշտեցնէ։ Ուստի, ան իր սիրոյ զօրութեամբ ամբողջ աշխարհի վրայ յաղթանակ տարաւ, եւ այդ զօրութիւնն էր որ մղեց հեթանոս եւ անաստուած Հռոմայեցի հարիւրապետը, խոստովանելու ու դաւանելու՝ թէ. «Իրապէս որ ասիկա Աստուծոյ Որդին էր»7։
Քրիստոս իրական զօրութիւն ունէր, որովետեւ մեծագոյն եւ ամենախոր աստիճանի սէր կ’ընդգրկէր։ Իմաստուն մարդ մը ըսած է. «Չարով ճակատիլ բարիին հետ՝ Սատանային գործն է. չարիքով հակադրուիլ չարին՝ գազաններու գործն է, սակայն չարիքը բարիով ընդդիմադրելը՝ աստուածային է»։ Ա՛յս է զօրութիւնը մեր Քրիստոսին եւ մեծութիւնը՝ մեր քրիստոնէութեան։
Խաչը երբեք ալ նուաստացումի, անզգայութեան կամ ենթակայութեան խորհրդանշան չէ, այլ՝ աստուածային սիրոյ արտայայտութիւնն է, որ կը փրկէ ամէնքը։ Ո՛ւր որ խաչը կայ՝ այնտեղ կայ նաեւ սէր, եւ որքա՜ն օրհնուած է ան՝ որուն սիրտը ընծայուած է յաղթական Տէր Յիսուսին։
1-«Christ of Fellowship», Fr. Mikhail Attia, Coptic Orthodox Patriarchate, Bishopric of Youth, For Your Life, No. 51.
2-Մտ 9.36։
3-Տե՛ս Գրծ 2.42-47։
4-Յհ 17.21։
5-Տե՛ս Ա.Կր 12.12-28։
6-Եփ 1.10։
7-Մտ 27.54։
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան