Այսօր տեղի ունեցաւ լիբանանցի արուեստագէտ Զիատ Ռահպանիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, Մհիտսէ-Պիքֆայա գիւղի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Զիատ Ռահպանի մահացաւ Շաբաթ, 26 Յուլիս 2025-ին, 69 տարեկան հասակին, իր ետին ձգելով արուեստի հարուստ ժառանգութիւն մը՝ երաժշտութեան ու թատրոնի մէջ։

Զիատ՝ առաջատար արուեստագէտներ Ասի Ռահպանիի եւ Նուհատ Հատտատի՝ հանրածանօթ Ֆէյրուզի որդին էր։ Ան կը համարուի լիբանանեան երգի եւ քաղաքական երգիծական թատրոնի ամենանշանաւոր նորարարներէն մէկը։ Իր արուեստի ճամբան սկսած է 1970-ականներու սկիզբը՝ ներկայացնելով իր առաջին յայտնի թատերական գործը՝ «Սըհրիէ»-ն։ Հետագային ալ գրած եւ համադրած է բազմաթիւ գործեր իր մօր՝ երգչուհի Ֆէյրուզի համար։

Անոր թատերական գործերը կը յատկանշուին քաղաքական ու հասարակական սուր քննադատութեամբ՝ ներկայացուած հեգնանքով ու հումորով։