Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարած է, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ զինուորական բախումը օրակարգի վրայ չէ, քանի որ կողմերը կ’աշխատին խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան համար։

«Արմէնփրէս»-ի փոխանցումին համաձայն, այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ վկայակոչելով Հաճիեւի հարցազրոյցը «Berliner Zeitung» թերթին:
«Երբեմն խաղաղութեան համաձայնագիրերը կը ստորագրուին միայն ձեւականօրէն՝ առանց իրական խաղաղութիւն բերելու։ Հարաւային Կովկասի պարագային իրավիճակը այլ է. այստեղ իրական խաղաղութիւն է։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ զինուորական բախումը կամ լարուածութիւնը օրակարգի վրայ չէ», յայտնած է Ատրպէյճանի ղեկավարի օգնականը՝ աւելցնելով, որ կը մնան միայն առանձին հարցեր, ինչ որ բնական է, բայց անոնք կրնան լուծուիլ դիւանագիտութեան և երկխօսութեան միջոցով։