قام قداسة الكاثوليكوس آرام الأول، كاثوليكوس بيت كيليكيا الكبير للأرمن الأرثوذكس، برفقة وفد، بزيارة بطريرك أنطاكية وسائر المشرق للروم الأرثوذكس يوحنا العاشر، في المقر البطريركي في البلمند، وذلك يوم الخميس الواقع في ٢٤ تموز ٢٠٢٥.
حيث ضم الوفد المطران شاهي بانوسيان مطران الأرمن الأرثوذكس في لبنان والمطران شاهان سركيسيان مدير مكتبة “كيليكيا” في الكاثوليكوسية والأب هواكيم بنجارجيان مسؤول قسم الإعلام في الكاثوليكوسية والأب سركيس ابراهاميان مسؤول العلاقات المسكونية في الشرق الأوسط والحوار الإسلامي المسيحي في الكاثوليكوسية.
قدّم قداسة الكاثوليكوس التعزية إلى البطريرك بشهداء كنيسة مار الياس دويلعة-دمشق طالباً لهم الرحمة وللمصابين الشفاء. وأكد قداسته وقوف الكنيسة الأرمنية الأرثوذكسية إلى جانب الكنيسة الأنطاكية مشدداً على أهمية وحدة الصف المسيحي وعلى عراقة رسالته في الشرق الذي يشهد تحدياتٍ كبرى. من جهته شكر غبطته لقداسته تضامنه ووقوفه منوهاً بتاريخ الكنيسة الأرمنية الحافل بالشهادة المسيحية ومشدداً على عمق العلاقة التي تربط الكنيستين.
———

Հինգշաբթի, 24 Յուլիս 2025-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ցաւակցական այցելութիւն տուին Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Եուհաննա Ժ. Պատրիարքին, ալ-Պալամանտի Պատրիարքարանէն ներս։

Հանդիպումին, Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցութիւն յայտնեց Պատրիարքին՝ Տուէյլըա շրջանի Մար Իլիաս եկեղեցւոյ նահատակներուն համար, հայցելով Աստուծոյ ողորմութիւնը, եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն։
Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Հայ Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց քրիստոնեաներու միասնականութեան կարեւորութիւնը, լուսարձակի տակ առնելով Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան դարարմատ առաքելութիւնը եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Իր կարգին, Եուհաննա Ժ. Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան, անդրադառնալով յանուն քրիստոնէութեան Հայ Եկեղեցւոյ բազում նահատակներուն եւ շեշտելով երկու եկեղեցիներու եղբայրական սերտ յարաբերութեան պահպանումը։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։