Բռնագրաւուած Արցախի մէջ, հաղորդամիջոցներու (media) հաւաքի բացման ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ. «եթէ Երեւան շարունակէ արգելափակել «Զանգեզուրի միջանցք»-ը գծող գործընթացները, դէմ յանդիման պիտի գտնուի ոչ միայն երթեւեկի հաղորդակցութեան, այլ նաեւ քաղաքական մեկուսացման մէջ»։
Հաւաքին բացումը տեղի ունեցաւ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի՝ Արցախի խորհրդարանի շէնքին տեղը կառուցուած համալիրին մէջ:
«Դժբախտաբար, հայկական կողմը վերջին հինգ տարիներուն որեւէ աշխատանք  չի կատարեր այս ուղղութեամբ: Այս հարցը կանխամտածուած կերպով դուրս կը բերուի օրակարգէն: Մինչ այդ Հայաստանի՝ տարանցիկ երկիր դառնալու առիթները պիտի հաւասարին զերոյի», շեշտեց Ալիեւ։
Պատասխանելով հարցումին, թէ Պաքու ինչպէ՛ս կ’արձագանգէ վերջին հաղորդումներուն, ըստ որոնց, Միացեալ Նահանգները Հայաստանին առաջարկած է վարձու տալ «Զանգեզուրի միջանցքը»՝ Ալիեւ  ըսաւ, որ այդ հարցը Հայաստանի իշխանութիւնը պէտք է որոշէ: «Գալով մեզի՝ մեր տարածքին մէջ ո՛չ արտաքին ուժ պիտի ըլլայ, ո՛չ ալ վարձակալութիւն», ընդգծեց ան՝ ակնյայտ դարձնելով, որ մտադիր չէ փոխադարձութեան սկզբունքով յառաջ ընթանալ:
Դարձեալ պնդելով, որ Հայաստան պէտք է «անխոչընդոտ եւ ապահով մուտք երաշխաւորէ Ատրպէյճանէն Ատրպէյճան»՝ Ալիեւ բացատրեց, թէ ի՛նչ կը հասկնայ այս ըսելով: «Ատրպէյճանական բեռները եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիները պէտք չէ հայ սահմանապահներու կամ ոեւէ մէկուն երեսը տեսնեն: Ֆիզիքական կապ պէտք չէ ըլլայ, պէտք է ըլլան երաշխաւորուած ապահովական միջոցներ, որպէսզի մեր ժողովուրդը եւ բեռները ազատօրէն անցնին», ըսաւ Ալիեւ, ապա աւելցուց, թէ յաջորդ տարուան գարնան Ատրպէյճան պիտի աւարտէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի գործարկման համար նախատեսուած երկաթուղիի իր հատուածի շինարարութիւնը: «Երբ կը խօսինք Զանգեզուրի մէջ փոխադրամիջոցի երթուղիի մասին, խօսքը միայն Ատրպէյճանի հիմնական մասը Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան հետ կապելու մասին չէ: Խօսքը միջազգային նշանակութիւն ունեցող փոխադրամիջոցի միջանցքի մը մասին է», յայտնեց Ալիեւ։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան եւս անդրադարձաւ Սիւնիքով անցնող՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի կարեւորութեան՝ ընդգծելով, որ այդ երթուղիին Ատրպէյճանի նախագահը մեծ նշանակութիւն կու տայ։
«Ես կը հաւատամ, որ մենք՝ իբրեւ տարածաշրջանի երկիրներ, այս հարցը կրնանք համաձայնութեամբ լուծել։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մեծ կարեւորութիւն կու տայ Զանգեզուրին», ըսաւ ան՝ Կիպրոսի թրքաբնակ հատուածը կատարած այցելութենէն վերադարձին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն՝ լրագրող մը ուզեց Էրտողանի կարծիքը ունենալ «միջանցքը Միացեալ Նահանգներու վարձակալութեամբ տրամադրելու առաջարկին» մասին: Էրտողան պատասխանելով՝ ըսաւ. «Զանգեզուրի միջանցքը օգուտ պիտի բերէ ոչ միայն Ատրպէյճանին, Հայաստանին եւ Թուրքիոյ, այլ նաեւ տարածաշրջանի միւս երկիրներուն: Կը հաւատամ, որ մենք միասին պիտի լուծենք այս հարցը»:
Երեւան արձագանգեց Ատրպէյճանի նախագահին այն պնդումներուն, թէ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մէջ, ատրպէյճանցիները հայ սահմանապահներու երեսը պէտք չէ տեսնեն։  «Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճանապարհը պէտք է ըլլայ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան լիարժէք յարգման եւ փոխադարձութեան սկզբունքով», «Արմէնփրէս»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Հայաստանի վարչապետի բանբեր Նազելի Պաղտասարեան.
Ալիեւ յայտնեց, թէ այս պահանջը կրկնած է նաեւ Հայաստանի ղեկավարին հետ վերջին հանդիպումին ընթացքին՝ Ապու Տապիի մէջ: Պաղտասարեան նշեց, որ Ապու Տապիի մէջ, անկէ առաջ եւ անկէ ետք չէ քննարկուած այնպիսի տարբերակ մը, որ Ատրպէյճանի քաղաքացիները պէտք չէ հանդիպին հայկական սահմանապահ ծառայութեան։
«Ատիկա քննարկումներու տրամաբանութենէն դուրս է: Այս, ըստ էութեան, թաքնուած տարածքային պահանջ է Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, ինչ որ ընդունելի չի կրնար ըլլալ եւ
կը հակասէ մինչեւ այս պահը տեղի ունեցած բանակցութիւններու, համաձայնութիւններու ոգիին եւ տարրին: Ինչպէս վարչապետ Փաշինեան յայտնած է  16 Յուլիսի  իր ասուլիսին, Հայաստանի տարածք մուտք գործող, այդ կարգին՝ տարանցիկ բեռները եւ քաղաքացիները պէտք է անցնին պարտադիր մաքսային եւ սահմանային հսկողութենէ՝ միջազգայնօրէն ընդունուած չափանիշերով: Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կրնար չտիրապետել տեղեկատուութեան, թէ ով մուտք գործեց իր տարածք, մուտք գործելէ ետք արդեօ՞ք դուրս եկաւ, թէ ոչ», յայտարարեց Պաղտասարեան:
Նախքան Ալիեւի պնդումները, Նիկոլ Փաշինեան տուած էր մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ան երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման մասին խօսելով՝ շեշտած էր գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան սկզբունքները, բայց ան փոխադարձութեան սկզբունքին չէր անդրադարձած, ինչ որ իբրեւ նահանջ նկատուեցաւ ընդդիմադիրներուն կողմէ՝ «նահանջ իր իսկ յայտարարած կարմիր գիծերէն»:
Հայաստան խմբակցութեան անդամ Արթուր Խաչատրեան  ունի այն կարծիքը, որ Փաշինեան պատրաստ է ամէն զիջումի, միայն թէ «Ալիեւէն պոկէ» խաղաղութեան պայմանագիրը նախընտրական տարուան ընթացքին: Այդ մէկը, ըստ Խաչատրեանի, օդ ու ջուրի պէս պէտք է Փաշինեանին՝ իշխանութիւնը շարունակելու համար: