Կ’ուզէի դարձեալ նստիլ հոն ու լսել…
Սուրիոյ տաք ամառներու Օգոստոս ամիսն էր, օդը՝ շատ տաք, արեւու տաքութիւնը պտուղները կը հասունցնէր եւ կը պատրաստէր աշնան բերքահաւաքին, բայց գիշերը՜, յատկապէս Քեսապի գիշերները տարբեր էին իրենց զո՜վ զեփիւռով, որ ոչ միայն կը զովացնէր՝ այլեւ իր հետ կը բերէր շրջակայքի դափնիին բոյրը՝ ստեղծելով բանաստեղծական մթնոլորտ մը, մինչ բանակավայրերէն կը լսուէին չորս կողմի գիւղերու հանդարտութիւնը ընդմիջող կանչեր, երգեր եւ երաժշտութիւն։ Այդ բանակավայրերէն մէկն ալ մեր տան ետեւի Կազդուրման կայանն էր, Քեսապի Կազդուրման Կայանը… ինչե՜ր չեն պատմեր անոր անլեզու քարերը, սենեակները, խնձորի պարտէզն ու ֆութպոլի դաշտը՝ մոռացութեան մշուշին տակ թաքնուած ի՜նչ հեքիաթներ կան հոն, բայց այս մէկը՝ անմոռանալիներուն կարգին է եւ միշտ ալ յիշարժան:
Պատսպարանի երեխաներու ամառնային ճամբարի վերջին գիշերն էր, խարուկահանդէսը։ Պատսպարեալներու կողքին բազմաթիւ բարեկամներ, բարերարներ ալ հաւաքուած էին։ Դաշտի կեդրոնը տեղ աոած բոցավառող խարոյկը կը պատռէր գիշերուան մթութիւնը, կրակին նարնջագոյն լեզուները մէկէն կը բոցավառէին եւ ցատկելով դէպի վեր՝ կը ձգտէին երկնքի փայլուն աստղերուն, ապա յուսահատ եւ ընկճուած կը կքէին՝ անգամ մը եւս զօրանալով կրկնելու փորձը, մինչ երեխաներ կ’երգէին, կ’արտասանէին, ապա շուրջպար մը կը բռնէին՝ առաջնորդութեամբ ամբողջ ամիս մը իրենց հետ ամառնային ճամբարին հետեւող կամաւոր, նուիրեալ մեր երիտասարդ երիտասարդուհիներուն։ Եւ ահա անակնկալը․ կամաւորներէն մէկուն՝ Սաղոյի անմոռանալի պարը կրակին շուրջ, կրակի հետ մթութեան մէջ նարնջագոյն բոցերուն զուգահեռ վեր բարձրացող անոր թեւերը, շարժումները՝ քաջութիւն եւ համարձակութիւն ներշնչող պատսպարեալ պատանիներուն, մինչ հոլանի թեւերը կրակի բոցերուն ընդմէջէն դէպի երկինք կը բարձրանային, մտքիս մէջ կը յառաջանար Վահագնի Ծնունդը՝ «Երկնէր երկին, երկնէր երկիր…. Նա հուր հեր ունէր…»։ Քիչ մը անդին, երեխաներու խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասած էր, իրենց տարեկան արձակուրդի վերջին վայելքը կ’ապրէին, մարող կրակի մոխիրներուն մէջ անթեղելով իրենց այդ տարուան յիշատակները մինչեւ յաջորդ ամառ:
Բոլոր սուրիահայերուս գուրգուրանքին արժանացած Ազգ․ Պատսպարանի կազմն ու պատսպարեալներն էին, կամաւոր ծառայողներն ու աշխատողները, խաչուհիներն ու հոգեւոր մայրերը, որոնք նաեւ իմ կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին հանդիպեցան ինծի եւ ճակատագրական դիպուածով մը դարձան մէկ մասնիկը կեանքիս, ապա վերածուեցան գեղեցիկ յուշի…։
Կիրակի առաւօտ, Հալէպի Թիլէլ պողոտան է, հանդարտ եւ խաղաղ, խանութները՝ շաբթուան եռուզեռէն յոգնած գրեթէ փակ են, կարծես խոր քունի մէջ ընկղմած կը պատրաստուին յաջորդ շաբթուան առեւտուրի արշաւին:
Եօթանասունականներու վերջերը քաղաքի առեւտուրի մայր երակը համարուող Թիլէլ պողոտան կիրակի օրերը կարծէք հանգստեան կը կոչուէր, տեղի տալով չորս կողմը զինք շրջապատող եկեղեցիներ յաճախողներու երթեւեկին։ Մինչեւ կէսօր, հաւատացեալ ժողովուրդը ազատ փողոցով կ՛ուղղուէր եկեղեցիները՝ մասնակցելու կիրակնօրեայ Ս․ Պատարագի արարողութեան: Մինչ շաբթուան միւս օրերը տարբեր էր Թիլէլը՝ իր նշանաւոր եռուզեռով:
Լատինաց եկեղեցւոյ մօտ, սերվիսէն (ինքնաշարժէն) իջնելէս ետք, ճամբաս շարունակեցի դէպի Թիլէլ, պսպղուն, բայց փակ խանութներու մօտէն քալեցի եւ քանի մը թաղ անցայ։ Չորս կողմը լուռ էր, անցորդները կիրակնօրեայ զգեստներով կ’ուղղուէին եկեղեցի, մինչ ամէն կողմէ Ս․ Պատարագի մեղմ եւ յուզիչ շարականներ կը հասնէին ականջիս։ Քանի մը թաղ անցայ եւ ձախ դարձայ։ Մտայ սալահատակուած, անձայն եւ ամայի թաղ մը, ուր դէմ դէմի կանոնաւոր շարուած էին ցածլիկ, կամարաձեւ դռներով տուներ, որոնց ցած պատերէն յասմիկի կանաչ տերեւները բազում ծաղիկներով դէպի դուրս յորդած եւ տեղ տեղ իրենց սպիտակ ծաղիկներով փողոցը ճերմկցուցած էին, մինչ նարնջենիներու հոտը, յասմիկի բուրմունքին պլլուած գլխապտոյտ կը յաոաջացնէր։ Վայրկեան մը շշմած նայեցայ չորս կողմս։ Արեւի ճառագայթները ճեղքեր էին երկինքի կապոյտը եւ աչքերս կը շլացնէին։ Քանի մը դուռ անցայ, տակաւին թաղին կէսը չհասած՝ փնտռած ցուցանակս տեսայ․ «Ազգային Պաստպարան»։ Մետաղի վրայ ներկուած պարզունակ ցուցանակ մը … Առաջին անգամ կուգայի ազգային այս հաստատութիւն, որ այդքան կենսական դեր ունեցած էր մեր պատմութեան վերջին հարիւրամեակի ընթացքին։ Որքան մարդիկ անցած էին ազգի այդ տունէն։ Ամօթի զգացում մը սողոսկեցաւ ողնահարս ի վար, ապա արդարացումը չուշացաւ, «բայց իմ սահմաններս միշտ ալ եղան նոր գիւղն ու շրջակայքը, հազի՛ւ թէ հոնկէ դուրս ելլէինք, մեր դպրոցները, եկեղեցիները, գրադարանները ակումբները բոլորը հոն էին, պէտք չունէի դուրս ելլելու……»:
Յանկարծ ներսէն բարձրացող աղմուկ մը մտածումներուս շարանը ընդմիջեց եւ զիս սթափեցուց։ Անմիջապէս ինքզինքս հաւաքելով դրան զանգը զարկի։ Միջին տարիքի կին մը դուռը բացաւ եւ հասկնալէ ետք ով ըլլալս զիս ներս ընդունեց։ Միջանցքէն բակ յառաջացայ։ Կինը անհետացաւ։ Ես՝ շուարած մնացի բակին ծայրը, չորս կողմս սկսայ դիտել, բակին ճիշդ կեդրոնը դատարկ աւազան մը, քիչ մը անդին քանի մը պտղատու ծառեր կենդանութիւն եւ ստուեր կուտային բազում դռներով ընդհատուած ընդարձակ տարածքին։ Ապա ուշադրութիւնս գրաւեցին դէպի վեր բարձրացող, երկաթեայ բազրիկներով, ոլորապտոյտ երկար աստիճանները, որոնք իրենց հետ վեր կը բարձրացնէին վարի աղմուկն ու աղաղակը։ Աստիճաններու ճիշդ հակառակ կողմը կար երկու աստիճանով բարձրացող սենեակ մը, որ Նոր Գիւղի տուներու հիւրասենեակներուն պէս կահաւորուած էր՝ գունաթափուած ծաղկաւոր երկու տիւաններով, վրան հեռաձայն զետեղուած փոքրիկ սեղան մը, պատերը զարդարուած խմբանկարներով, երկու կողմերէն տարբեր սենեակներ մտնելու վարագուրուած դռներ։
Հետաքրքրական էր, վերջը գիտցայ որ այս սենեակը կը կոչուէր լիւան:
Զիս մոռցան կ՛երեւի, մտածեցի եւ լիւանի քարէ աստիճանին վրայ նստեցայ՝ սպասելով աշակերտներուս։ Յանկարծ լսեցի ինծի մօտեցող ոտնաձայներ եւ անոնց ընկերացող հարցում մը՝
-Ո՞ր միսիոնարներու խումբէն ես, նայի՛նք,-հարցուց եւ քթին տակէն մրթմրթաց ու տհաճ նայուածք մը նետեց վրաս։ Անմիջապէս ոտքի ելայ եւ անհամարձակ, կմկմալով ըսի՝
-Ես Հայկազեան վարժարան կը պաշտօնավարեմ եւ ձեր պատսպարեալներէն կարգ մը աղջիկներու ուսուցչուհին եմ։ Առանց շարունակութիւնը լսելու կռնակը դարձուց եւ հեռացաւ։ Մինչ այդ, աշակերտուհիներս՝ հաստատութեան պատսպարեալները, շուրջս Օրդ.Գոհարիկը, կամ մեր չորս կողմը գտնուողը եւ սկսանք խօսիլ-խնդալ։ Անոնք ուրախ էին, որ իրենց շուրջիններէն տարբեր մէկու մը եւ յատկապէս իրենց ուսուցչուհիին հետ կը հանդիպէին, իսկ ես երջանիկ էի, որ հոգեպարար վայր մը գտած էի, կը հանդիպէի պատանիներու հետ, որոնք կարիք ունէին իրենց հոգիներու առաջին ծանօթացումս դատարկութիւնը լեցնելու: Այսպէս եղաւ Պատսպարանին հետ առաջին ծանօթացումս, որմէ ետք յաճախ Կիրակի օրերը յարմար ժամերու կ’այցելէի Պատսպարան եւ աշակերտներուս հետ կը բաժնեկցէի իրենց մտահոգութիւնները, կը լսէի զիրենք, իսկ ես կը պատմէի իմ ուսանողական կեանքէս, կ’օգնէի իրենց պարտականութիւններու լուծման եւ միասին երազներ կը հիւսէինք ապագայի հաշուոյն։
Սկիզբը, Օրդ. Գոհարիկը շատ ալ հաշտ աչքով չէր նայեր այցելութիւններուս, բայց ետքը վարժուեցաւ կամ նկատեց այցելութիւններուս անմեղ նպատակը:
Օրիորդ Գոհարիկ Համալեանն էր, որ թէեւ չէր ամուսնացած, այսինքն ամուսին մը եւ քանի մը զաւակներով ընտանիք չէր կազմած, բայց ազգի մը ամբողջ ժառանգը իր ուսերուն առած՝ բազմազաւակ ընտանիքի մայրն էր։ Հալէպի Ազգ․ Պատսպարանի երկարամեայ գուրգուրոտ եւ նախանձախնդիր մայրը։ Ան Ազգային Հայկազեան վարժարանէն ներս կը պաշտօնավարէր։ Դպրոցի ժամերէն ետք, օրուան մնացեալ մասը յատկացուցած էր պատսպարեալներու խնամքին։ Միշտ ներկայութիւն էր հոն, նոյնիսկ կիրակի օրերը եւ այդ էր պատճառը, որ իրար կը հանդիպէինք: Իմ կեանքի սկզբնաւորութիւնն էր եւ փորձառութիւններուս երախայրիքը՝ ուսուցչական ասպարէզը, որուն ընդմէջէն ոչ միայն կը ծանօթանայի պատանիներու եւ զանոնք մշակելու գործընթացին՝ այլ կը ճանչնայի եւ կը մտերմանայի մեր ազգային կառոյցի ամէնէն զգայուն կեդրոններէն մէկուն՝ Պատսպարանի կեանքին։ Կը մտերմանայի պատսպարեալներուն հետ, զարմանքով կը լսէի անոնց այդքան կարճ, բայց տարօրինակ դէպքերով հարուստ կեանքի պատմութիւնները եւ հաւատացէք, կը հասուննայի: Աւելի ուշ, երբ սկսայ որպէս ՍՕ Խաչի «Անի» Մասնաճիւղի վարչական, յաճախակիօրէի հանդիպիլ Պատսպարան, որպէս ժողովատեղի, քիչ-քիչ ծանօթութիւնս ընդլայնեցաւ, ապա ծաւալեցաւ եւ մտերմութեան վերածուեցաւ, յատկապէս Երբ Պատսպարանի Միաւորին մօտ ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը դարձայ:
Մինչ այդ, Պատսպարանը` ինծի համար «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»-ն էր, պատսպարան` որբանոց էր, ցեղասպանութեան մնացորդացն էր ինծի համար եւ Հայ ժողովուրդի ապագան: Այս էր պատճառը, որ երբ Ազգ․ Հայկազեան վարժարանի 6-րդ դասարան մտայ եւ հանդիպեցայ Աստղիկին, Մարիէթին, Պարգեւուհիին եւ Նարինէին, մաքնիսացած սկսայ անոնց հետ աշխատիլ՝ աւելի մտերմաբար եւ աւելի ուշադիր, ինչ որ զիս մղեց ծանօթանալու անոնց ապրելակերպին ու միջավայրին։ Իրենք ալ վստահեցան ինծի։ Ես անոնց չունեցած քոյրը կամ ունենալ ուզած մայրը կամ մօրաքոյրը դարձայ:
Ամուսնական կեանքն ու մայրութիւնը զիս ժամանակ մը Հայկազեանէն բաժնեցին, նաեւ վերջ տուին Պատսպարանի աղջիկներուն հետ տեսնուելու եւ զրուցելու սովորութեանս։ Սակայն քանի մը տարի ետք, մեր կեանքի ուղիները դարձեալ խաչաձեւեցին զիրար, այս անգամ ՍՕ Խաչի ճամբով:
Պատսպարանը մէկ դար եւ աւելի կը պատսպարէր սկիզբը որբեր, Եղեռնէն մազապուրծ վերապրածներ, աւելի ուշ՝ ընկերային դժուար պայմաններ ունեցող, ընտանեզուրկ, կամ բաժնուած ընտանիքներու զաւակներ, որոնք ցարդ հոն կը գտնեն կեանքի բոլոր հնարաւորութիւնները, առաւել իրենց գուրգուրացող «մայրեր»։ Այս հաստատութիւնը կը վայելէ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան հովանաւորութիւնը, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի գուրգուրանքը եւ սուրիահայ գաղութի անվերապահ աջակցութիւնը: Ազգ․ Պատսպարանի կազմակերպչական կեանքն ու ամբողջական հոգատարութիւնը, առաջին օրէն իսկ, ստանձնած է Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը իր մասնաճիւղերու վարչութիւններով եւ յանձնախումբերով, որոնք նիւթաբարոյական մեծ ներդրում ունին այդ հաստատութենէն ներս։ Ան բոլորի գուրգուրանքին եւ հոգատարութեան առարկան դարձած է տարիներու ընթացքին։ Թէեւ իր հիմնադրութէնէն աւելի քան դար մը անցած է, հիմնադրութեան տուն տուող պայմանները բարեբախտաբար վերացած են, սակայն ընկերային եւ տնտեսական անսովոր պայմաններու եւ այլազան պատճառներու բերումով բաժնուած ընտանիքներու զաւակներ, կամ բազմազաւակ եւ միակողմանի որբուկներ պատսպարուած են այս ազգային տան տաքուկ երդիքին ներքեւ, կը վայելեն հոգատարութիւն, կը ստանան կրթութիւն, դաստիարակութիւն եւ ամենայն բարիք: Եթէ պատսպարեալներու անմիջական «Մամաները» Պատսպարանի խնամակալ ազնուական խաչուհիներն են, որոնք ամենահետին մանրամասնութեան իսկ հետամուտ են, ճշմարտապէս պէտք է խոստովանիլ որ Սուրիոյ Հայ գաղութը իր բոլոր հաստատութիւններով, եկեղեցիներով, ակումբներով, կազմակերպութիւններով եւ նոյնիսկ անհատներով թեւ ու թիկունք կը կանգնի այս հաստատութեան՝ լաւագոյն ձեւով ապահովելու այդ երեխաներուն կեանքը:
Արդէն 25 տարի է Ազգ․ Պատսպարանէն եւ գաղութի կեանքէն հեռացած եմ ու գաղթած ծննդավայրէս։ Ինծի համար անոնք դարձած են թանկարժէք փորձառութիւններ՝ անթեղուած ենթագիտակցութեանս մէջ, յուշեր՝ կորսուած ժամանակի մշուշին եւ առօրեայ կեանքի խաժամուժին մէջ:
Բայց գիշեր մը, երբ սովորութեանս համաձայն դիմատետրի էջերը կը պեղէի, յանկարծ ուշադրութիւնս գրաւեց անծանօթ անուն մը, որ ընկերանալու առաջարկ ղրկած էր ինծի։ Ընդհանրապէս նման պարագաներ կը ջնջեմ կ’անցնիմ, բայց անունը մտքիս մէջ տեղ մը հարցադրում յառաջացուց, հետաքրքրութիւնս արթնցաւ ու գրեցի՝
-Ո՞վ ես, կը ճանչնա՞մ քեզ։
Անմիջապէս պատասխան տուաւ.
-Նարինէն եմ, Օրիո՛րդ, զիս չյիշեցի՞ր։
Նարինէ, ո՞վ է եղեր, չճանչցայ, բայց ընդունեցի առաջարկը եւ՝
-Կրնա՞ս քանի մը նախադասութիւն գրել, ուրկէ՞ զիս կը ճանչնաս:
-Ես աշակերտդ եմ, մոռցա՞ր։
-Քիչ մըն ալ բացատրութիւն.․․
-Բան մը պատմեմ, կը յիշես։ Ձեռքերս ձմռան պաղէն կը ճեղքրտուէին եւ ցաւ կը պատճառէին։ Երբ դուն սկսար մեզի դաս տալ, նկատեցիր այդ եւ ձեռքերուս համար գրեմ բերիր։ Ամէն օր կը քսէիր, դուն իմ հրեշտակս էիր։
Այս բացատրութիւնն էր, որ յիշողութիւնս բուրդի կծիկի մը պէս քակեց, քակեց եւ զիս հասցուց այդ օրերուն, երբ Պատսպարանը՝ Աստղիկ, Մարիէթ կամ Սիլվի էր, իսկ մենք անոնց չունեցած մայրը, հայրը, ընտանիքը եւ տակաւին շատեր, որոնց անունները, դէմքերը, պատմութիւնները, ամէն ինչ ժամանակի մեքենայով խառնուած, միաձուլուած եւ դարձած է մէկ ամբողջութիւն՝ Պատսպարան եւ համակ սէր ծառայութիւն։ Հիմա Պատսպարանի յիշողութեանս կծիկը կը սկսի քակուիլ, կարելի չէ զայն դադրեցնել, մօրս բուրդի գանգուրներուն նման կը գլորուի ու գալարուելով կ’երթայ հեռուները՝ զիս ալ տանելով մթին ծերպերը յիշատակներու, որոնց հետ կրկին կ’ապրիմ ու կ’ապրեցնեմ բոլոր շրջապատը իր խնամակալ Խաչուհիներով, պատսպարեալներով, մայրիկով, հայրիկով խոհարարով եւ տակաւին նուիրատուներով եւ կարելի չէ սանձել շարքը, ալեկոծ ծովու ալիքներն ըլլան կարծէք, որոնք անզուսպ կը յորդին։ Մէկուն յիշողութիւնը տուն կուտայ ուրիշի մը եւ այսպէս տարիներու կուտակուած սէրն ու կարօտը իրենց պահուած տեղէն դուրս կը ժայթքին:
Հեռաձայնի զանգ մը․
-Խնամիները եկան աղջիկը ուզելու,- կը հաղորդէ օրիորդ Գոհարիկը։
-Պէտք է բոլորս ներկայ ըլլանք եւ տեսնենք խնամիներն ու փեսացուն:
Հեռաձայնի զանգը բաւարար է, որ ես կէս ժամ ետք 3 անչափահաս երեխաներով Պատսպարան հասնիմ:
Շաբաթ մը ետք, բոլորս հոն ենք։ Մուտքէն ձախի մեծ սենեակը՝ հայրիկը կը ներկէ, կը մաքրէ, աղջիկները ապակիները կը սրբեն, կատարեալ մաքրութիւն, մայրիկը եւ խոհարարները ճաշերը կը պատրաստեն: Շաբաթ գիշեր, մեր աղջիկներէն մէկուն նշանտուքն է։ ՍՕ Խաչի ընտանիքը հոն է, սրբազան, քահանայ, կատարեալ նշանտուք եւ ․․․ հարսանիք ու հետագային քանի մը հոգիի եւս ճակատագիրը որոշուեցաւ՝ առաջին հարս եղող մեր պատսպարեալին վայելած գնահատելի համբաւին շնորհիւ։ Ամուսնացան մեր պատսպարեալներէն նաեւ երկու մանկամարդուհիներ եւ մեկնեցան նոյն երկիրը: Անմոռանալի էր հարսանիքի նախօրեակը, հարսանիքին օրը բոլորս հաւաքուած լիւանը, բարձր երաժշտութիւնը ուրախութեամբ լեցուցած մթնոլորտը, մենք՝ հարսնեւորներս, հագուած, զարդարուած հարսը կը պատրաստենք եւ ծայր կուտայ շուրջ պար մը։ Մեր զսպուած արցունքը պարելով կը փորձենք չէզոքացնել, երբ հեւքով մը ներս կը մտնէ մեր հաւատաւոր նուիրեալ ընկերուհի Ծիածան Հարպոյեանը, տամուկ աչքերով կը դիտէ հարսը վերէն վար, ապա կը հանէ իր ականջներու մարգարտեայ օղերը եւ համբուրելով հարսը կ’անցնէ անոր ականջներուն։ Ալ մեր արցունքները կարելի՞ էր զսպել… այսպէս մեծցուցինք, դաստիարակեցինք եւ ամուսնացուցինք մեր աղջիկները, իսկ կարգ մը պարմանուհիներ ուղղուեցան աշխատանքի, կեանքի ապահովութիւն եւ արհեստ ունենալու ակնկալութեամբ Շրջանային Վարչութեան հեռատես որոշումով ստեղծուած աշխատանոցին մէջ։ Անոնք ունեցան ապահով աշխատատեղի եւ կոկիկ եկամուտ, իսկ տղաքը՝ գործի ասպարէզ ուղղուեցան, իւրաքանչիւրը տեղ գտաւ մեր ազգի ազնիւ զաւակներուն մօտ, որոնք եղան զիրենք առաջնորդողները, խրատողները, աշխատանքի վարպետները եւ ճամբայ հարթողները։
Ահաւասիկ մտքիս պաստառին վրայ կը կանգնի մեր լաւագոյն պատսպարեալներէն մէկը, որ երկար տարիներ մեր երիտասարդ գործատէրերէն մէկուն մօտ աշակերտելէ եւ գործի մէջ հմտանալէ ետք, ազգային իշխանութեան, սրբազան հօր, խնամակալ մարմինի զօրակցութեամբ ունեցաւ իր անձնական գործատեղին, Ազգային Կիլիկիա շէնքին մէջ:
Այսպէս Պատսպարանը, ինչպէս բոլոր ազգային կեդրոնները, մերն էր, մեր մտածումներուն կիզակէտը։ Ու ոչ միայն խաչուհին ներգրաւուած էր ազգանուէր այս ծառայողական աշխատանքին մէջ․ այդ ներգրաւուածութիւնը վարակիչ էր, կը հասնէր ընտանիքի բոլոր անդամներուն։ Վարչութիւնը պարահանդէ՞ս ունի՝ վարչականներուն ամուսինները պէտք եղած տեղը ներկայ են։
-Ընկերուհի՛, կարծեմ ամուսինդ կը ճանչնայ «Հուրրիէ» ճաշարանի տէրը, կրնա՞յ միջամտել արդեօք։
Պատսպարանը կամ դարմանատունը նորոգութիւն կայ շինարարական աշխատանք․
-Լինտա՛, կարելի՞ է Վահէն խորհուրդ տայ պատսպարանի գրադարանի կառուցման համար։
Վահէն պատսպարանի գրադարանը իր հետին մանրամասնութեամբ գծեց եւ շաբաթներով համագործակցաբար վարպետ հայ ատաղձագործ՝ Չուխաճեանին հետ, պատսպարանը օժտուեցաւ արդիական հոյակապ գրադարան սերտարանով մը, նիւթական ներդրումովը ազնիւ բարերարուհի ընկերուհի Ճիլպէրթին:
Փոխադրական մեծ ինքնաշարժներու կարիք կայ, Հայաստան ապրանք առաքելու համար օդակայան պէտք է երթանք.
-Ազարիկեաններուն հեռաձայնէ՛,- քիչ ետք արդէն ընկերներ Գօգօ եւ Սամօ մեր մօտ են եւ ապրանքները բեռցնելով միասին կը մեկնինք օդակայան:
Կաղանդի նախօրեակին, օրացոյցի տագնապը կը սկսի եւ ժամանակը մօտենալով կ’աւելնայ ժողովներէն խլելով երկար ժամանակ։
-Հռի՛փ, Ակիլեանին հանդիպիր, նայիր ինչ եղաւ։
Եւ այսպէս մեր աշխատանքները իրենց լրումին եւ կատարելութեան հասցնելու համար ոչ միայն խաչուհին՝ այլ գաղութը զինուորագրուած էր կամաւոր աշխատանքի։ Կարելի՞ է մոռնալ Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն «Այցի Օր»-ուան սովորութիւնը, երբ մեր նուիրեալ խմբապետուհիներու առաջնահերթութիւնն էր Պատսպարանի նուիրատու այցելուները հիւրընկալել՝ ապա իրենց անձնական բնակարանները եւս բանալով անոնց դիմաց:
Տարեկան ճաշի օրերը կազմակերպել կը նշանակէր խանդավառութիւն ստեղծել Պատսպարանի մէջ, մթնոլորը ջերմացնել, ճաշը պատրաստել, ամբողջ օրը հոն անցընել, ներկայ գտնուիլ ճաշին, միասին նոյն սեղանին վրայ բաժնեկցիլ աղն ու հացը։ Ազգային տօներու համախմբումն ու միացեալ ճաշերը, դաշտագնացութիւնները, որոնցմէ կը յիշեմ Փոլատեաններու Մայիսեան տօնախմբումները եւ ընկեր Փոլատեանին ու ընտանքիքին երեխաներուն պարգեւած անսահման հաճոյքը, ասոնց շարքը շատ երկար է, հոն գտնուող գաղտնաբառերը Սէրը եւ Ազգային գիտակցութիւնն են:
Կ’ուզէի դարձեալ թակել այդ ցածլիկ թաղի կամարաձեւ դուռը, մտնել դատարկ բակէն ներս, նստիլ լիւանի աստիճաններուն եւ լսել ժամանակի խորքէն եկող շա՜տ սիրելի ձայները անոնց։
Տարիները անցան, կեանքի էջերը բազմացան ու իրար վրայ դիզուելով վերածուեցան հաստափոր գիրքի մը՝ պահուած գրադարանի մութ մէկ անկիւնը, որպէս ապրուած եւ մոռցուած անցեալ։ Անցեալ, այո՛ անցեալ, որ ետին մնալով ալ չի վերադառնար, բայց յանկարծ չակնկալուած մէկ պահու, կամ բոլորովին չսպասուած վայրի մը մէջ կը գտնես ինքզինքդ դէմ յանդիման այդ մոռցուած անցեալին, այն անցեալին, որուն համար հոգի ու միտք, ժամանակ ու աշխատանք եւ սէր տրամադրած ես։ Այդ պահուն, այդ բոլորը ինքնաբերաբար կը վերակենդանանան՝ քեզի պարգեւելով այնպիսի հոգեկան գոհացում, որուն նմանը հազուադէպ է կեանքի մէջ եւ ահաւասիկ այդ վայելքի պահերէն մէկը․
Գանատայի հսկայական շուկայի մը մէջ կողմնորոշուելու համար չորս կողմս կը դիտէի, յանկարծ՝ «տիկի՛ն Լինտա» կանչ մը, կամ հեռաւոր Գալիֆորնիոյ մէջ տանս դուռը կը բանամ եւ բարձրահասակ գեղադեմ երիտասարդ մը՝ ժպիտով վիզս կը փաթթուի, երբ հայրենի ջերմ օդին, ճաշարանի մը մէջ համով պաղպաղակ մը կ՛ըմբոշխնեմ, մեր աղուոր պատսպարեալներէն մէկը․
-Տիկի՛ն Լինտա, Տիկի՛ն Լինտա կը պոռայ,- եւ տարիներու կարօտն ու սէրը ամբարած կը նետուի գիրկս, ամուր-ամուր փաթթուելով։ Ձայնը զիս պահ մը կը կեցնէ, նայուածքս կը հանդիպի այդ աղջկան, որուն համար ժամեր ու ժողովներ մատիտ ու թուղթ վատնած ենք, աշխարհը վայրկեանական կը դառնայ 180 աստիճան, կը փոխադրուինք Թիլելի բուրումնաւէտ յասմիկներով եւ նարնջենիներով հարուստ ցածլիկ թաղը, կը մտնենք կամարաձեւ դռնէն ներս, կը նստինք լիւանի քարէ աստիճանին վրայ եւ պատմութիւնները մտքի ծալքերէն դուրս կուգան ու կը հոսին յորդառատ։ Անոնց հոսքը կարելի չէ դադրեցնել, անոնց ձայները կարելի չէ լռեցնել, նոյնիսկ տարիներ ետք, կարելի չէ չլսել։ Իւրաքանչիւրը իր պատմութեամբ, իր ընկրկումներով, իր տուայտանքներով դաջուած կը մնայ մտքիս մէկ անկիւնը, իսկ ձայնին արձագանգը՝ հոգիիս խորքը:
Պատիւ բոլոր անոնց, որոնք այդ ուղիով անցան եւ իրենց հետքը ձգեցին՝ օր մը, տեղ մը օգնութեան ձեռք երկարելով հոգատարութեան կարօտ մանուկի մը, պատանիի մը, որուն հոգատարութեան պատասխանատուութիւնը ազգին վստահուած էր:
Լինտա Գանտիլեան