Հայոց պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայ ազգը ունեցած եւ ապրած է իրարայաջորդ Զարթօնքի ալիքներ, որոնց մէջ յատկանշական է նաեւ ճարտարարուեստի եւ տնտեսութեան զարթօնքը իր համապարփակ իմաստով: Ան սկիզբ առած է՝ Բագրատունեաց հարստութեան մայրամուտով եւ գագաթնակէտին հասած 1500 – 1750 թուականներուն: Հայ ազգը այս զարթօնքով մեծ ներդրում ու հակազդեցութիւն ունեցած է միջազգային քաղաքակրթութեան մէջ: Ան տուած է գիտնականներ, գիւտարարներ, զանազան ոլորտներու վաստակաւոր գործիչներ եւ որպէս բեղմնափոշի, միջազգային քաղաքակրթութեան փոթորիկին հետ տարածած է այսօրուան կռուանը կազմող ճարտարարուեստի կորիզները դէպի Արեւելք եւ այլուր: Ան իր այս յատկութիւններուն կողքին, եղած է նրբանկատ, գիւտարարութեան ասպարէզէն ներս, կրցած է շուտով կռահել ճարտարարուեստի մը կամ գործիքի մը բացթողումները եւ որուն շնորհիւ եղած է զանազան գիւտերու ստեղծողը. շատ են օրինակները, որոնցմէ կարելի է յիշել հետեւեալը.
Լեփանթոյի ճակատամարտը եկաւ հաստատելու Օսմանեան Կայսրութեան զինամթերքի ժամանակավրէպ ըլլալը, որմէ ետք սուլթանութիւնը ջանք չխնայեց զինամթերքը զարգացնելու, վստահելով անգլիական իշխանութեան օգնութեան: Սակայն ան նման էր Դանայեան Տակառին։ Շուրջ 100 տարի ետք, սուլթանը յուսահատելով դիմեց տեղական ուժերուն: Գործադիր, հնարիչ ու գիւտարար Առաքել Տատեան 1794 թուականին յաջողեցաւ կառուցել Ազատլիի շրջանին մէջ, մարմարայի ափին արդիւնաւէտ նոր վառօդարան մը, հնարելով նոր գործիքներ եւ մեքենաներ ու անցաւ Եւրոպական ճարտարարուեստէն քայլ մը առաջ: Այս փայլուն յաղթանակով պարգեւատրուեցաւ Ամիրայի կարողութիւններով ու տիտղոսով, իսկ իր գերդաստանը ժառանգեց Սուլթանական Վառօդարաններու ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը:
Նմանապէս հալէպահայը հիմնուելով իր արհեստավարժութեան, հարուստ փորձառութեան, հետեւողականութեան եւ նրբանկատ կորովին վրայ, հեռու չեղաւ նաեւ գիւտերու կամ գործիքներ բարեզարդելու ասպարէզէն: Սուրիոյ գիւտերու գրանցման տոմարները ճոխացուցած են Հալէպահայ վարպետներու անուններ, որոնցմէ կարելի է յիշել՝
– Պօղոս Մամլեան 1945 թ., թիւ 168 հաստատագիրով,
– Ժոզէֆ Մելքոն 1946 թ., թիւ 265 հաստատագիրով,
– Լեւոն Ղազալ 1948 թ., թիւ 288 հաստատագիրով,
– Տիրան Փափազեան 1951 թ., թիւ 276 հաստատագիրով:
Տակաւին շատեր ճոխացուցած են Սուրիոյ գիւտարարներու գրանցման տոմարները:
Այս առիթով հետաքրքրական է յիշատակել գործադիր հանրային աշխատանքներու մէջ Միքայէլեանի ներդրումը։ Ան 1922 թուականին, ասֆալթապատման աշխատանքներու համար (8 – 10 – 12 – 16 թոն) ինքնամուղ տափաններու առաջին Սուրիա ներմուծողը կ’ըլլայ ստանձնելով ճանապարհաշինութեան մրցոյթները։ Աւելի ուշ, 1949 թուականին կը յիշուին Յակոբ Արթին եւ Արամ Զէյթունեանց եղբայրները, որոնք շինարարական աշխատանքներու համար խճաքարեր կը պատրաստէին եւ իրենց Տաւուտիէի քարահանքին մէջ կը զարգացնէին խճաքարեր պատրաստելու եղանակը: Յակոբ Արթին կը հնարէ ու կը պատրաստէ մեքենաներու բեկորներէ ինքնագործ սարք մը, որ կը տափանէ կրաքարի ապառաժները եւ շարք մը խախալներէ (սառատ, մաղ) անցնելով կը պատրաստէ զանազան չափի մեծ ճշգրտութեամբ խճաքարեր, որոնք կը գործածուին զանազան շինարարական նպատակներու համար: Այս գիւտը կը գրանցուի թիւ 205 – 2/8/1950 թուականի հաստատագիրով ու կը դառնայ քաղաքապետարանի կողմէ ընդունուած չափանիշ՝ ընթացիկ պահանջքներու համար: Այսինքն՝ որեւէ մրցոյթի ընթացքին, որպէս օրինական յատկորոշում, կ’օգտագործուէին Զէյթունեանց քարահանքի արտադրուած չափանիշերը:
Սերունդէ – սերունդ շարունակուող գիւտի արուեստը այլ օրինակ մըն ալ պիտի մատուցէր մեզի՝ յանձին Հալէպահայ Յարութիւն Գարամանուկեանի, որ երկար ժամանակ տրամադրած էր ստեղծագործելու թաւալող, ձգողական ուժի արտադրիչ մը, որուն գրանցումը եղած է Սուրիա (թիւ 4792 / 1998) եւ Եւրոպա (Յունաստան) (թիւ 9050000679 / 1997), սակայն այս սարքը ընդգրկող կառոյցը 2012 թուականին Հալէպի Հիւսիսային շրջաններուն մէջ գտնուելով քանդուած է, երբ շրջանը ծանր ռմբակոծումներու ենթարկուած է:
Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան