Կիրակի, 13 Յուլիս 2025-ի առաւօտուն, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով Մատթէոսի Աւետարանի 13-րդ գլխուն մէջ յիշուած որոմին առակը, որուն ընդմէջէն քանի մը մատնանշումներ կատարեց։
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Երկինքի Արքայութիւնը Արքայութիւնն է Քրիստոսի, որ մարդոց փրկութեան համար երկինքէն երկիր խոնարհեցաւ ու մեր սրտերուն մէջ հաստատեց։ Այդ իմաստով հետեւաբար Երկինքի Արքայութիւնը կը բովանդակէ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր սրտերուն մէջ։

Սրբազան Հայրը պարզաբանելով առակը, դիտել տուաւ, որ լաւ սերմեր ցանող մարդը Հայր Աստուածն է, որ մեզ իր պատկերին եւ նմանութեան համաձայն ստեղծեց, փափաքելով, որ մեր ամբողջ կեանքը իր կենդանի ներկայութեամբ բարի պտուղներ եւ սերմեր տայ։ Այս իմաստով, որքանո՞վ կ՚արդիւնաւորենք մեր մէջ ցանուած բարի սերմերը։
Առակին մէջ որոմները կը խորհրդանշեն հեռետիկոսները, հեռետիկոսական ուսուցումները, անուղղայ վարդապետութիւնը եւ մեղքերն ու ցանկութիւնները, իսկ ծառաները կը ներկայացնեն քահանաները, հոգեւոր պատասխանատուները, նաեւ իր ընդհանրութեան մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրը, որ պատասխանատու է իր սրտին, հոգիին, մտքին եւ մտածումներուն։ Այնպէս ինչպէս երբ ծառաները քնացած էին, սատանան եկաւ եւ չար սերմը ցանեց, նոյնպէս ալ մեր կեանքին մէջ եկեղեցական հայրերը արթուն են, իրենց գործին վրայ են եւ բնականաբար կը հսկեն ու կը պահպանեն հօտը, որ չար ու սխալ ուսուցումներ ներս չթափանցեն, իսկ մարդիկը, այսինքն իւրաքանչիւրս պէտք է հսկէ իր անձին, իր զգացումներուն եւ մտածումներուն, եւ իր հոգեւոր կեանքին մէջ առաքինութիւններու ձեռքբերման իմաստով եւ հաւատքի պայքարին մէջ, եթէ թոյլ եւ անտարբեր գտնուինք՝ սատանան ներս թափանցելով մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ սխալ մտածումներ, սխալ ուսուցումներ պիտի ցանէ եւ մեզ դէպի մեղք եւ ստութիւն առաջնորդելով, Աստուծմէ պիտի հեռացնէ եւ կորուստի դատապարտէ։ Այդ պատճառով մեր մէջ փոխանակ բարի սերմեր աճելու եւ բարի պտուղներ տալու, մեղքը, ցանկութիւնը պիտի աճին եւ սուտ ու անուղղայ վարդապետութիւններուն ականջ տալով պիտի շեղինք եւ կորուստի դատապարտուինք։

Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Հայր Աստուած թոյլ տուաւ, որ ցորենն ու որոմը միասին աճին մինչեւ հունձքի ժամանակ։ Այս մէկը ցոյց կու տայ Աստուծոյ երկայնամտութիւնն ու համբերութիւնը, նաեւ անոր սէրը հաւատացեալներուն հանդէպ։
Սրբազան Հայրը պատուիրեց, որ արթուն եւ զգաստ ըլլանք, եւ աղօթենք մեղաւորին համար, որպէսզի ան զղջալով դարձի գայ։

Անդրադառնալով հունձքի ժամանակին, ան յայտնեց, թէ երբ ապաշխարենք եւ լոյս աստուածգիտութեան դառնանք Քրիստոսը մեր կեանքին առանցքը դարձնելով՝ ցորեններու կարգին կը դասուինք եւ Աստուած մեզ կ՚ընդունի իր երկնային շտեմարաններուն մէջ։
Ուստի, դաստիարակչական բնոյթ ունեցող առակը մեզ ինքնաքննութեան կը հրաւիրէ, տեսնելու համար, թէ որքանո՞վ պատասխանատու ենք մեր մէջ ցանուած բարի սերմերուն նկատմամբ եւ որքանո՞վ աշխատանք կը տանինք մեր հոգեւոր աճումին համար։

Յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ եկեղեցւոյ նուիրուած երկու սրբապատկերներու օրհնութիւնը կատարուեցաւ։ Սրբապատկերները գծագրած է Զոհրապ Քէօշկէրեան։
Քրիստոսի խաչելութիւնը պատկերող սրբապատկերը եկեղեցւոյ նուիրած է Տիկին Մարալ Պարսումեան-Հատտատ, ի յիշատակ իր ծնողքին՝ Անդրանիկ եւ Մատլէն Պարսումեաններուն։
Քրիստոսի համբարձումը պատկերող սրբապատկերը եկեղեցւոյ նուիրած են Տէր եւ Տիկ. Գէորգ Մանուկեանները, ի յիշատակ իրենց ծնողաց՝ Յակոբ եւ Մարի Մանուկեաններուն։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ շնորհակալագիր փոխանցուեցաւ սրբապատկերներու նուիրատուներուն եւ գծագրողին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ քահանայ հօր եւ թաղական խորհուրդին կողմէ։