2024-2025 տարեշրջանի աւարտին,
քուէթաբնակ, հալէպահայ բարերար
Կիրակոս Գույումճեան նախորդ
տարիներուն նման «Ներսէս Շնորհալի»
ուսումնական մրցանակով պիտի
պարգեւատրէ պաքալորիայի պետական
քննութիւններուն հալէպահայ
վարժարաններու առաջին երեք
բարձրագոյն նիշեր ապահովող հայ
աշակերտները:
Բարերարը հալէպահայ
վարժարաններու 12-րդ կարգի քննութիւններ յանձնող հայ
աշակերտներուն յաջողութիւն կը մաղթէ, ցանկալով, որ անոնք
աշխատասիրութեամբ եւ մրցակցութեան
առողջ ոգիով բարձր մակարդակ
նուաճեն ուսման ասպարէզին մէջ։