Զուիցերիոյ խորհրդարանականներ Էրիխ Ֆոնթոպըլ եւ Լուքաս Ռեյմըն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի անդամներուն եւ աշխատակազմին պիտի տեղեկացնեն Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայերուն՝ իրենց հայրենիք արժանապատիւ եւ անվտանգ վերադարձը ապահովելու առնչութեամբ ձեռնարկուող շարունակական ջանքերը։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումին համաձայն, այս մասին յայտնած է Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը (ANCA)՝ մանրամասնելով, որ Զուիցերիոյ պատգամաւորներու ճեպազրոյցը ԱՄՆ Քոնկրէսին մէջ տեղի պիտի ունենայ 8 Յուլիսին։

Ճեպազրոյցին պիտի մասնակցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հիմնարար Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի նախագահ Վարդան Օսկանեան եւ «Քրիստոնէական Համերաշխութեան» միջազգային կազմակերպութեան նախագահ Ճոն Էյպնըր։

Նշուած է, որ տեղի ունենալիք ճեպազրոյցի ընթացքին, բանախօսները պիտի անդրադառնան «Զուիցերիոյ Խաղաղութեան Նախաձեռնութիւն Լեռնային Ղարաբաղի Համար» նախաձեռնութեան աշխատանքներուն, որոնք նպատակ ունին ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութեան անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձը հայրենիք:

Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պըռնի մէջ 26 Մայիս 2025-ին իր աշխատանքները մեկնարկած էր «Զուիցերական խաղաղ նախաձեռնութիւն յանուն Լեռնային Ղարաբաղի» միջկուսակցական յանձնախումբը, որ կը բխի երկրի խորհրդարանի երկու պալատներու ընդունած բանաձեւէն, որուն համաձայն, երկրի կառավարութիւնը կը հովանաւորէ ստեղծել խաղաղութեան հարթակ՝ Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ միջազգայնօրէն միջնորդուած երկխօսութիւնը խթանելու համար։